5 Մարտի առաւօտեան, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ներթափանցող խումբը ձեռնարկեց յարձակման, որուն ընթացքին զոհուեցան Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան 3 ծառայողներ՝ փոխգնդապետ Արմէն Մայորի Բաբայեան, հարիւրապետ Դաւիթ Վալերիի Դանիէլեան եւ տասնապետ Արարատ Թելմանի Գասպարեան, իսկ տասնապետ Դաւիթ Աշոտի Յովսէփեան կրծքավանդակէն վիրաւորուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ հանրապետական բժշկական կեդրոնը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ անոր վիճակը կայուն է՝ կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Արցախի ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ առաւօտեան ժամը 10ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուժի ներթափանցող խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ թիրախ դարձուց եւ կրակ բացաւ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի ինքնաշարժին վրայ:
Աւելի ուշ, Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Արցախի ոստիկանութեան ծառայողներու եւ «Խայփալու» կոչուող տեղանքին յարակից դիրքին մէջ գտնուող պաշտպանութեան բանակի զինուորներու ինքնապաշտպանական ու զսպիչ գործողութիւններուն պատճառով ատրպէյճանական կողմը մարտի ընթացքին նոյնպէս ունեցաւ մահեր ու վիրաւորներ՝ ետ մղուելով ելման դիրքերը:
Ատրպէյճանական կողմը կեղծ փաստեր ներկայացնելով՝ պնդեց, որ իբր թէ ոստիկանական ինքնաշարժով զէնք կը տեղափոխուէր Հայաստանէն Արցախ: Մինչդեռ իրականութեան մէջ, որեւէ զէնք չէր տեղափոխուեր, այլ՝ ոստիկանութեան ծառայողները Ստեփանակերտէն կ՛երթային դէպի ճամբուն վրայ գտնուող իրենց հերթափոխի վայրը:
Ներթափանցող ատրպէյճանցիներու խումբը դարանակալած էր ճանապարհամերձ անտառապատ տարածքին մէջ եւ այնտեղէն յարձակած ինքնաշարժին վրայ: Դէպքի վայրը հասան Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի միաւորումները:
5 Մարտինմ ռուսական կողմը ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանցեց այս մասին, սակայն, 6 Մարտին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ նախօրէին Շուշիի մերձակայքը տեղի ունեցած զինուած միջադէպին ընթացքին առաջինը հրազէնը կիրարկուած է ատրպէյճանական կողմէն:
«5 Մարտ 2023ին, ժամը 10ին, Դիւքեանլար բնակավայրին մօտ, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուորական ծառայողներուն կողմէ ռմբակոծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներու ինքնաշարժը: Մարտական բախման ընթացքին զոհուեցան ինքնաշարժին մէջ գտնուող երեք իրաւապահներ եւ մէկը վիրաւորուեցաւ. ատրպէյճանական կողմէ կորուստները՝ երկու սպաննուածներ եւ մէկ վիրաւոր: Ռուս խաղաղապահներուն ջանքերուն շնորհիւ բախումը դադրեցաւ», կ՛ըսէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ «Ազատութեան»՝ այդ ճամբէն շուրջ մէկ քիլոմեթրի վրայ ատրպէյճանական յենակէտ կայ: Անոնց 15 հոգինոց ներթափանցող խումբը 5 Մարտի առաւօտեան հատած է շփման գիծը, դարանակալած անտառին մէջ, ապա անցած յարձակման:
«Ոստիկանութեան ծառայողներն անտառային այդ ճանապարհով հերթական հերթափոխն էին իրականացնում, եւ ադրբեջանական զինուժի դիւերսիոն (ներթափանցող) խումբը ներս է թափանցել անտառային հատուածով եւ կրակ բացել ոստիկանութեան ծառայողների ուղղութեամբ», յայտնեց ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Յունան Թադեւոսեան:
Ստեփանակերտը այս յարձակումը ներկայացուց տեսանիւթով, որուն մէջ շատ պարզ կ՛երեւի շարժող, ապա անշարժացած «Ուազ» ինքնաշարժը, ճամբուն մօտեցող ատրպէյճանցիները, որոնցմէ երեքը կը մօտենան «Ուազ»ին եւ կը շարունակեն կրակել:
Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի նաեւ, որ ատրպէյճանցիները նահանջելու ընթացքին վիրաւորներ կ՛ունենան. Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ձեւակերպմումով՝ «յարակից դիրքում գտնուող պաշտպանութեան բանակի զինծառայողների ինքնապաշտպանական ու զսպիչ գործողութիւնների արդիւնքում»:
Աւելի ուշ, պաշտօնական Պաքու յայտարարեց, որ երկու զոհեր ունի, եւ որ «հայկական կողմը զինամթերք կը տեղափոխէր, առ այդ, իրենք փորձեցին ստուգել ինքնաշարժները», եւ ասոր պատճառով փոխհրաձգութիւն ծայր առաւ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը 6 Մարտին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւն տարածեց այն մասին՝ իբր թէ 5 Մարտէն 6 Մարտ լուսցող գիշերը Հայաստանի զինուած ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Պաքու պահանջեց »հայկական զինեալ ուժերը անյապաղ դուրս բերել Արցախէն«: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը մեղադրէ հայկական կողմը տեղի ունեցած դէպքին համար՝ նշելով. «Այս յարձակումը եւ սադրանքները ցոյց կու տան, որ Հայաստան չէ հրաժարած Ատրպէյճանի նկատմամբ իր բռնագրաւումի քաղաքականութենէն, որ խաղաղութեան օրակարգի վերաբերեալ Հայաստանի տեսակէտները ոչ այլ ինչ են, քան կեղծաւորութիւն»:
Ըստ Պաքուի՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ անհրաժեշտ է սահմանային հսկողութեան դրութեան կիրարկում:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆ
Միջադէպին մասին հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին Հայաստանի եւ Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնները։
Փաստերը կը վկայեն, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած ներթափանցումի յարձակումը նախապէս ծրագրաւորուած եւ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հրահանգաւորուած սադրանք է, յայտարարեց պաշտօնական Երեւանը՝ հաստատելով, որ ներթափանցող ատրպէյճանցիներու խումբի գործողութիւնները ահաբեկչութենէն բացի այլ բան կարելի չէ որակել:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Ադրբեջանի առաջ քաշած պաշտօնական վարկածն անհեթեթ է. նրանք չեն ներկայացրել եւ չեն կարող ներկայացնել այդ վարկածն ապացուցող ոչ մի փաստ ու հիմնաւորում: Սա տեղի է ունենում Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կայացրած որոշումից երկու շաբաթ չանցած, որով հերքուեցին Ադրբեջանի անհեթեթ պնդումները Հայաստանի կողմից ականների ենթադրեալ տեղադրումների վերաբերեալ: ԼՂ ոստիկանութեան ձեռքի տակ առկայ տեսանիւթն ապացուցում է, որ ադրբեջանական դիւերսիոն (ներթափանցող) խումբը յարձակուել է »Ուազ« մակնիշի միկրոաւտոբուսի վրայ, որի մէջ եղել են ԼՂ ՆԳ նախարարութեան չորս աշխատակիցներ, որոնք ծառայողական նպատակներով Ստեփանակերտից ուղեւորուելիս են եղել Լեռնային Ղարաբաղի Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղեր: Ընդ որում, տեսանիւթերը հիմնաւորում են, որ »Ուազ«ի մէջ բացի ծառայողական փաստաթղթերից եւ տաբելային զէնքից այլ բան չի եղել»:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան, շրջանին մէջ իրական խաղաղութեան հաստատումով հետաքրքրուած երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ խստօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանականի ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրարկման, ինչպէս նաեւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սադրելու հերթական դրսեւորումը եւ գործուն քայլերու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի կողմէ իր իսկ միջազգային պարտաւորութիւններու հետագայ խախտումները բացառելու ուղղութեամբ:
«Ստեղծուած պայմաններում Լաչինի միջանցք եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելը դառնում է կենսական անհրաժեշտութիւն», կ՛ըսէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Արցախի արտաքին գոծոց նախարարութիւնը իր կարգին կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան, ընդհանրապէս, եւ Ատրպէյճանական-Արցախ հակամարտութեան կարգաւորման մէջ ներգրաւուած կողմերուն՝ վերանայելու իրենց մօտեցումները եւ ձեռնարկելու գործուն աւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներէն բխող քայլերու՝ վերջ դնելու Ատրպէյճանի ահաբեկչական եւ ցեղասպան քաղաքականութեան:
«Ոստիկանների սպանութեան նախնական հանգամանքների վերլուծութիւնը թոյլ է տալիս ադրբեջանական կողմի գործողութիւնները որակել որպէս պատերազմական յանցագործութիւն: Ադրբեջանական դիւերսիոն խմբի ներթափանցումն Արցախի Հանրապետութեան տարածք եւ յարձակումն Արցախի ոստիկանութեան աշխատակիցների վրայ 2020 թ. Նոյեմբերի 9ի Եռակողմ յայտարարութեան հերթական աղաղակող խախտում է եւ ցոյց է տալիս լարուածութեան աճ հրահրելու ադրբեջանական կողմի ձգտումը: Աւելի վաղ՝ Մարտի 2ին եւ Մարտի 2ի լոյս 3ի գիշերը, Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի, Մարտակերտի եւ Մարտունու շրջանների օկուպացուած (գրաւուած) տարածքներում տեղակայուած ադրբեջանական զինուած ուժերի ստորաբաժանումները նոյնպէս խախտել էին 2020 թ. Նոյեմբերի 9ի Եռակողմ յայտարարութեամբ հաստատուած հրադադարը: Յատկանշական է, որ այդ յարձակումներն իրագործուել են Արցախի եւ Ադրբեջանի ներկայացուցիչների միջեւ Լաչինի միջանցքի բացման վերաբերեալ Մարտի 1ին կայացած շփումներից անմիջապէս յետոյ: Իր գործողութիւններով Բաքուն բացայայտ կերպով ցուցադրում է բանակցութիւնների՝ որպէս որեւէ հարցի լուծում գտնելու միջոցի ժխտում:
«Արցախի ժողովրդի համար դիտաւորեալ անտանելի կենսապայմաններ ստեղծելու նպատակով աւելի քան 80 օր շարունակուող շրջափակման ֆոնին իրավիճակի կտրուկ սրումը, որը յանգեցրել է զոհերի, հերթական անգամ վկայում է Ադրբեջանի իրական նպատակների եւ Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտումն աւարտին հասցնելու մտադրութեան մասին: Ակնյայտ է, որ միջազգային հանրութեան՝ Ադրբեջանի միջազգային-հակաիրաւական գործողութիւնների կանխմանն ուղղուած համարժէք միջոցներ չձեռնարկելը այդ երկրի իշխանութիւնների կողմից ընկալուել է որպէս նոր ոճրագործութիւններ կատարելու քարտ-բլանշ (ճերմակ քարտ՝ ազատ շարժելու իրաւունք): Կոչ ենք անում միջազգային հանրութեանն ընդհանրապէս եւ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործում ներգրաւուած կողմերին՝ մասնաւորապէս, վերանայել իրենց մօտեցումները եւ ձեռնարկել գործուն ու միջազգային իրաւունքի նորմերից բխող քայլեր՝ վերջ դնելու Ադրբեջանի ահաբեկչական եւ ցեղասպան քաղաքականութեանը», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: