Նոյեմբեր 4, 2006 թուականը Պոլսահայ միութեան պատմութեան ամէնէն գեղեցիկ օրերէն մին եղաւ: Սփռուած ուրախութեան երեկոյ մը, երկար ժամերու տեւողութեամբ, որ տօնական հանդիսութեան արժէքի չափանիշով բնորոշուեցաւ, ուր պոլսահայերը ապրեցան միութեան 30 տարիներու ուռճացումը, ունենալով արդար յոյսը ապագայի յաւելեալ բարգաւաճման:
Այդ օր, փառաշուք ձեւով տօնախմբուեցաւ միութեան հիմնադրութեան 30 ամեակը, Universal Hilton պանդոկին շքեղ սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ուաշինկթընէն ժամանած Վիգէն եպս. Այգազեանի, East Los Angeles-ի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի, Վէն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հովիւ Շնորհք քհնյ. Տէմիրճեանի, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի, Լոս Անճելըսի մամլոյ ներկայացուցիչներու, ազգային ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մօտ 450 անդամ եւ համակիրներու:
Երեկոն սկսաւ ընդունելութեամբ: Ճաշկերոյթի յանձնախումբի փոխատենապետ Վահէ Ագբուլաթ եւ ատենադպրուհի Էլիզապէթ Չէլիքեան կատարեցին բացումը եւ ձեռնհասօրէն հանդիսավարեցին երեկոն: Մայր հայրենիքի եւ ամերիկեան քայլերգները կատարեց Ատելէթա Կապրիէլեան:
Առաջին հերթին խօսք առաւ Պոլսահայ միութեան ատենապետ Սիմոն Աճիլաչօղլու, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր պատուոյ հիւրերուն, շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան երեք գլխաւոր նուիրատուներուն, տարեդարձի գրքոյկին իրենց օժանդակութիւնը բերողներուն, վարչականներուն, յանձնախումբերու ատենապետներուն, միութեան 30րդ տարեդարձին կարգադիր յաձնախումբի անդամ ու անդամուհիներուն: Ապա հրաւիրեց պարահանդէսի յաձնախումբի անդամները եւ ներկայացուց ժողովուրդին: Իր ուրախութիւնը յայտնեց Հրանդ Տինքի ներկայութիւնը վայելելուն: Յիշեց այդ գիշեր ներկայ եղող չորս ատենապետները՝ տոքթ. Վահրամ Պիրիճիք, տոքթ. Արթօ Էրսան-Խաչերեան, Գրիգոր Սուրի եւ Աւետիս Թէքօլեան, իսկ հիմնադիրներ՝ Օննիկ սրկ. Պալեան, Կիւլպէնկ Մովսէսեան, Աւետիս Թէքօլեան, Միհրան Սասունեան, Սեդրակ Չիֆթճի, Մանուկ Եըլմազ, Արամ Ամիրխանեան, եւ հանգուցեալներ՝ Պերճ Մխճեան եւ Երուանդ Պալճը:
Ապա հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս օրը ոչ միայն պոլսահայ համայնքի կեանքին մէջ պատմական եւ հանգրուան է, այլ՝ տօնական տրամադրութիւններով կը լեցուի նաեւ գաղութը, որովհետեւ իրենք ոչ միայն Լոս Անճելըսի մէջ, այլ՝ ամէնուրեք եղած են ոգեղէն ներկայութիւն հայրենասիրական ջերմ ոգով, եկեղեցասիրութեան նուիրումի զգացումով եւ այս բոլորին մէջէն մշակոյթը սիրեցնելու ազնիւ պարտականութիւնը կարենալ փոխանցելու համար հայութեան եւ այն բոլոր իրագործումները, որպէսզի կարենան փոխանցել մեր երիտասարդ սերունդին: Բայց այս 30 ամեակը մարտահրաւէր մըն է, որ կարենանք 30 ամեակի տեսիլքով մեր բարի աշխատանքը շարունակել այս հողին վրայ: Սիրելիներ, որ եկած էք տօնելու 30 ամեակը այն կառոյցին, որ պիտի շարունակէ այն առաքելութիւնը Ս. Էջմիածնի ոգիով մեր հայրենի հաւատքով հայօրէն ապրելով հայութիւնը դարձնելով մեր նպատակը եւ ոգին: Թող Տէրը օրհնէ այս սրբազան կազմակերպութիւնը»:
Ապա խօսք առաւ Վիգէն եպս. Այգազեանը: Շնորհակալական խօսքերէ ետք, ան ըսաւ. «Երբեմն կը յուսահատիմ, երբ կը տեսնեմ արտասահմանի մեր ժողովուրդին վիճակը: Ամէն անգամ, որ այսպիսի երեկոյի մը ներկայ կը գտնուիմ, կը զգամ որ հայութիւնը դիւրին դիւրին չի մեռնիր: Պոլսահայութիւնը չի նմանիր այլ գաղութներուն, իրենց իրաւունքն ու պարտականութիւնն է ըլլալ անցեալի եւ ապագայի միջեւ կամուրջ մը: Այն, ինչ որ անցեալէն եկած է, ապագային սէր է, պոլսահայը սէր կը բաժնէ եւ ամէն ինչ կը բաժնէ մեր ժողովուրդին: Պոլսահայը ուրիշ տեսակ չկրնար ըլլալ, որովհետեւ ուր որ երթանք, ուր որ հայ եկեղեցին կայ, անոր խորանը եւ երգչախումբը զարդարուած է պոլսահայութեամբ: Ուր որ մշակութային միութիւն կայ, հոն կայ պոլսահայը եւ հոն հայութեան դրօշակը վեր կը պահէ պոլսահայը»:
Ապա կարդացուեցաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի յղած կոնդակ:
Երեկոն խանդավառեցին Dark Eyes նուագախումբը եւ Պոլիսէն ժամանած Alen K, ինչպէս նաեւ Վահէ եւ Նաթելլա (եղբայր-քոյր) պատանի պարող զոյգը, իրենց գեղեցիկ շարժումներով:
Օրուան անակնկալը սրբազանին յայտարարութիւնն էր, որ Սիմոն Աճիլաչօղլու կ’արժանանայ Ս. Ներսէս Շնորհալի շքանշանին՝ եկեղեցւոյ եւ Պոլսահայ միութեան մէջ անոր տարած բեղմնաւոր աշխատանքին համար: Ապա կատարեց պարգեւատրումը:
Պարգեւատրեալը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառին, որ արժանի տեսաւ զինք սոյն շքանշանով պարգեւատրելու եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Յովնան արբազանին: Երախտագիտական խօսք ուղղեց նաեւ իր կողակիցը՝ Հիլտա Աճիլաչօղլու:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ բախտաւորներ ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Իսկապէս որ անմոռանալի գիշեր մըն էր պոլսահայոց պատմութեան մէջ:
(Քաղուած՝ Մարիէթ Մինասեանի Թղթակցութենէն)