Պաշտօնական Պաքու դարձեալ յայտարարեց, թէ Լաչինի միջանցքին մէջ անհրաժեշտ է վերահսկողութեան դրութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ սպառնաց «ձեռնարկել վճռական, անհրաժեշտ միջոցներու` զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինուած կազմաւորումները»:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը` պնդելով, որ Հայաստան կը շարունակէ ռազմական փոխադրութիւններ՝ դէպի Արցախ: «Անգամ մը եւս կը զգուշացնենք, որ Հայաստանի կողմէ ռազմական բեռներու փոխադրութիւնը Ատրպէյճանի տարածքը, Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի ուղարկումը եւ հերթափոխը պէտք է անյապաղ, միանգամընդմիշտ դադրեցուի, հայկական զօրքերը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերուին մեր երկրի տարածքէն: Հակառակ պարագային, Ատրպէյճան հարկադրուած պիտի ըլլայ, օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները, ձեռնարկել վճռական, անհրաժեշտ միջոցներու` զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինուած կազմաւորումները: Հայաստանի այս գործողութիւնները կը նկատուին ռազմական յարձակումի շարունակութիւն», կ՛ըուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Պաքու նաեւ մեղադրեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ 5 Մարտի զինուած միջադէպի «փաստերը խեղաթիւրելու, իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ տարածելու մէջ»։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 6 Մարտին հաստատեց, որ Կիրակի առաւօտեան Արցախի մէջ տեղի ունեցած միջադէպին ընթացքին առաջինը հրազէն կիրարկեց ատրպէյճանական կողմը: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, մինչդեռ, կը պնդէ, որ առաջինը հայկական կողմը կրակեց, իսկ «տեղեկատուութեան հիման վրայ ստուգում իրականացնելու համար» ինքնաշարժին մօտեցած ատրպէյճանցի զինուորներուն վրայ:
ՊԱՔՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ահաբեկչութիւնը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի սկանտալային (գայթակղեցուցիչ) յայտնի քաղաքականութեան եւ ռազմական յարձակման կիզակէտը, անիկա կը շարունակէ զինուորական անձնակազմ եւ ականներ տեղափոխել Ատրպէյճան ու սպաննել խաղաղ բնակիչները Ատրպէյճանի, որուն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը դուք ճանչցած էք: Հայաստանի այս անօրինական գործողութիւնները կանխելու Ատրպէյճանի օրինական միջոցները կը կոչուին կարգուկանոնի ստեղծում Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքին մէջ»:
Նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԵԱՀԿի Մինսքի խումբ ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած էր, որ 5 Մարտին ատրպէյճանական ներթափանցող խումբի գործողութիւնները այլ կերպ, քան ահաբեկչութիւն, կարելի չէ որակել: