«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ, արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերու գլխաւոր խորհրդական Լուի Պոնօ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիրին մասին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ըլլա՞յ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէկ մասը՝ Պոնօ ըսաւ. «Կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան պայմանագիր ունենալու համար, անիկա պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը, եւ մենք յանձնառու ենք զայն աւարտին հասցնելու: Մենք կը գիտակցինք անոր կարեւորութեան: Նախ եւ առաջ, Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ըլլայ խաղաղ գործընթացին մէկ մասը: Կը կարծեմ, թէ երկու կողմերն ալ այս մէկը ճանչցած են: Բայց, ինչպէս ես արդէն ըսած եմ, մենք այստեղ չենք որեւէ համաձայնագիրի կամ պայմանաւորուածութեան շուրջ պայմաններ պարտադրելու համար: Կողմերուն՝ համաձայնութեան գալը կարեւոր է: Իսկ մենք կ՛աշխատինք երկու կողմերուն հետ: Նախագահ Ալիեւ Միւնիխի մէջ ըսաւ, թէ պիտի նշանակէ մէկը, որ պիտի գործակցի Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ: Կը կարծեմ՝ անիկա արդէն տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթ: Եւ ինծի հետ զրոյցի մը ընթացքին ան նշեց, որ պատրաստ է շարունակելու այդ քննարկումները: Առ այդ, մենք լաւատես ենք, որ կրնանք կողմերուն հետ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Բայց այդ մէկը դիւրին պիտի չըլլայ, բոլոր կողմերէն կը պահանջուի շատ ծանր աշխատանք եւ յանձնառութիւն», ըսաւ Պոնօ:
Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգներուն կատարածը միջնորդութիւն չէ, այլ խաղաղութիւնը դիւրացնելու նախաձեռնութիւն։ «Ըսել կ՛ուզեմ, որ մենք կ՛ուզենք` կողմերը իրենք մշակեն բովանդակութիւնը եւ պայմանները, ու միասին որդեգրեն զայն: Անոնք պէտք է ասոր վրայ միասին աշխատին, որովհետեւ երկարատեւ, կայուն եւ հաւասարակշռուած որեւէ խաղաղութիւն պէտք է կողմերէն գայ, անիկա չի կրնար գալ երրորդ՝ դուրսի կողմէ», յայտնեց Պոնօ։
Ան ոչ մէկ ձեւով անդրադարձաւ օր մը առաջ, մինչ ինք արդէն Հայաստան կը գտնուէր, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի հասցէին ուղղուած սպառնալիքները։ Արդարեւ, Ատրպէյճան բացայայտօրէն զգուշացուց Հայաստանը՝ յայտարարելով. «Ռազմական բեռներու փոխադրութիւնը Ատրպէյճանի տարածքը, Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի ուղարկումը եւ հերթափոխը պէտք է անյապաղ, միանգամընդմիշտ դադրեցուին, հայկական զօրքերը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերուին մեր երկրի տարածքէն: Հակառակ պարագային Ատրպէյճան հարկադրուած պիտի ըլլայ, օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները, ձեռնարկելու վճռական, անհրաժեշտ միջոցներու` զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինուած կազմաւորումները»: