Ռուսիա կը շեշտէ Պաքուի ու Երեւանի կողմէ եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները, որոնց կարգին Լաչինի միջանցքի օգտագործման վերաբերեալ դրոյթները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ժատասխանելով Ատրպէյճանի՝ Արցախի հասցէին ուղղած նոր սպառնալիքներուն վերաբերեալ հարցումին՝ ան ըսաւ. «Որեւէ կողմի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը ոչ-արդիւնաւէտ է. անիկա չ՛օգներ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ տանելուն: Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Պաքուն եւ Երեւանը պէտք է խստօրէն պահպանեն ամենաբարձր մակարդակով եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապահովութեան եւ Լաչինի միջանցքի օգտագործման վերաբերեալ»:
Զախարովա աւելցուց, որ իրենք կը կարծեն նաեւ, թէ ներկայիս լարուածութեան թուլացման պիտի նպաստէ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնման պաշտօնական Երեւանի աշխոյժ մասնակցութիւնը:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Լաչինի եւ ընդհանուր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման ուղիներու որոնումը կը շարունակուի, համապատասխան կապեր կը հաստատուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ ու ռուս խաղաղապահ զօրախումբին մասնակցութեամբ: