ՄՍՐԼԵԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՒՄԱՐԸ ԱՆՑԱՒ 1 ՄԻԼԻՈՆԻ ՍԱՀՄԱՆԸ
Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանի երկար տարիներու բարերար հանգուցեալ Եդուարդ Մսրլեանի զաւակները՝ տէր եւ տիկին Միհրան Մսրլեաններ եւ տէր եւ տիկին Նարեկ Մսրլեաններ 500,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած են վարժարանին։
Այս գումարը կու գայ աւելնալու Միհրանի եւ Նարեկի հանգուցեալ հօրեղբօր՝ Զարեհի, եւ անոր կնոջ կողմէ նախապէս կատարուած 510,000 տոլարի նուիրատուութեան, Մսրլեաններու նուիրատուութիւններու ընդհանուր գումարը հասցնելով առաւել քան 1 միլիոն տոլարի։
Այս առիթով, վարժարանը որոշած է իր մանկամսուրը կոչել Մսրլեաններու մեծ մօր՝ Ովսաննա Մսրլեանի անունով։ Ան Հալէպի Հայկազեան վարժարանի երկար տարիներու նուիրեալ ուսուցիչ եղած էր։
Անուանակոչութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 31 Մարտին, իսկ ընտանիքը պիտի մեծարուի վարժարանի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ 1 Ապրիլին։
Վարժարանի տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեան երախտագիտութիւն յայտնեց Մսրլեաններու այս արտակարգ նուիրատուութիւններուն համար, որոնք առիթ պիտի ընծայեն ընդարձակելու վարժարանին տեսլականը՝ աւելցնելով, որ վարժարանը կը մնայ պարտական։