13 Մարտի երեկոյեան ժամը 7-7:30ին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափի հրաձիքներով կրակ բացին Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ: Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Երեկոյեան ժամը 10ի դրութեամբ՝ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է: