ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Խումբ մը մտաւորականներ, հասարակական, քաղաքական գործիչներ (շուրջ 3 տասնեակ ստորագրութիւն) նախաձեռնած են Արեւմտեան Հայաստանի ջարդերէն փրկուած հայերու ժառանգներու լիազօր ներկայացուցչական մարմիններ հիմնադրելու աշխատանքին:
Նախաձեռնող խումբը ուղերձ յղեց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգներուն եւ որոշեց կազմակերպիչ յանձնաժողովի առաջին նիստը հրաւիրել 2006ի Դեկտեմբեր 9-10ին, Փարիզի մէջ:
Ըստ տեղեկատուութեան, նախապատրաստական համագումարը պիտի ստեղծէ կառոյցներ, ի վերջոյ յառաջացնելով Արեւմտահայերու ազգային խորհուրդ:
Նախաձեռնող խումբը կ’առաջարկէ մշակել եւ իրագործել համահայկական այնպիսի ծրագիրներ եւ նախագիծեր, որոնք կը նպաստեն ներկայ հայկական պետականութեան, ներառեալ՝ Արցախի, արագընթաց զարգացման, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման, իրաւական ազատ ժողովրդավարութեան լիակատար կայացման, հայրենադարձութեան կազմակերպման եւ համաշխարհային մակարդակի վրայ հայերու իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան: Նաեւ՝ ներկայացնել արեւմտահայութեան օրինական իրաւունքները եւ պահանջները միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ, բանակցիլ թրքական իշխանութիւններուն եւ այլ շահագրգիռ կողմերուն հետ՝ յանգելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին, դատապարտումին, վնասուց հատուցման եւ Արեւմտահայաստանի բռնագրաւեալ հողերու վերադարձին եւայլն:
Կը նախատեսուի նաեւ նպաստել Սփիւռքի մէջ արեւմտահայութեան ազգային նկարագիրի եւ ազգային ինքնագիտակցութեան պահպանման, հետամուտ ըլլալ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական մշակոյթի յուշարձաններու պահպանման եւ վերականգնման, նպաստել ժամանակակից հայկական քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման:
Նախաձեռնող խումբին մաս կը կազմեն Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան, Արմէն Չիգարխանեան, Սօս Սարգսեան, Պերճ Զէյթունցեան, Վահագն Տատրեան, Հայկ Քոթանջեան, Կարէն Միքայէլեան, Արտեոմ Թարասով եւ ուրիշներ: