ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ գումարած գերաստիճանին, շարք մը հարցերու կողքին քննեցին նաեւ Եւրոմիութեան սահմանադրութիւնը վերակենդանացնելու կարելիութիւնները:
Ֆինլանտայի վարչապետ Մաթի Վանհանէն յայտարարեց, որ եւրոպական սահմանադրութեան մասին տարիէ մը աւելի տեւած լուռ խորհրդածութենէ ետք, միութեան ղեկավարները առաջին անգամ ըլլալով անցեալ շաբաթ բարձրաձայն արտայայտուեցան ծրագիրը դարձեալ օրակարգի բերելու քայլերուն մասին: Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Ժան Քլոտ Եունքըր եւս ըսաւ, որ սահմանադրութիւնը որդեգրած 18 երկիրները իրաւունք ունին իրենց ձայնը լսելի դարձնելու զայն մերժողներուն, իսկ Սպանիա խորհրդաժողովի մը հրաւիրեց այդ երկիրներուն ներկայացուցիչները:
Նկարին մէջ, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները: