Երեւանէն 25 քլմ. հիւսիս գտնուող Աշտարակի գիւղերէն Ուշիի մէջ տուն կը կառուցենք։ Երազի մը իրականացումն է այս, որ ասկէ 15 տարի առաջ միայն երազ մնալու դատապարտուած էր։ Այս իրագործման զգացական շերտը անկարելի է նկարագրել անշուշտ։ Պապենական հողի մէկ մասնիկին տէրը ըլլալու անհաւատալի բերկրանքը միայն ապրիլ կարելի է։ Սակայն պիտի ուզէի անդրադառնալ այս «գործարք»ի արդիւնք եղող նոր բառապաշարի մը յայտնութեան։
Սփիւռքի մէջ, սովոր ենք շինարարական աշխատանքի վերաբերող տեղական բառապաշարներուն։ Մեր պարագային, անգլերէնով է որ գիտենք հաղորդակցիլ շինարարին հետ։ Հայաստանի մէջ ալ, շինարարական շրջանակներու մէջ այս բառապաշարը տակաւին կը մնայ ռուսերէն։ Բանակցութեանց ընթացքին յաճախ ստիպուած կ՚ըլլանք հարցնելու ռուսերէնով արտասանուած բառերուն հայերէնը եւ գրեթէ միշտ կը ստանանք համապատասխան հայերէն բառը, որ դժբախտաբար միշտ չէ՝ որ ծանօթ է մեզի։
Շուտով կ՚ընտելանանք այս նոր բառապաշարին եւ հաճոյքով կը հետեւինք խօսակցութեան, երբ ակնյայտ ճիգով՝ ճարտարապետը, շինարարը եւ կապալառուն զիրար կը սրբագրեն հայերէն բառերը օգտագործելու համար։
Կը սորվինք, որ տուֆ քարերը կը կոչուին, հանքերուն գտնուած շրջաններու անունով (Արթիկի վարդագոյն տուֆ կ՚ընտրենք) եւ որ պէտք է այցելել «Շինանիւթի խանութ»՝ ընտրութիւններ կատարելու համար։ Հարկ կ՚ըլլայ ընտրել սալիկներ (ceramic tiles), լուսամուտներ (պատուհանը հասկնալի է, բայց չի գործածուիր), դուռներուն բռնակները (door knobs), կտուրին գոյնը (տանիք բառն ալ հազուադէպ կը գործածուի), շքամուտքին տեսակը (փողոցի գլխաւոր դուռը), պատշգամի ճաղավանդակներուն տեսակը (railing), կրակարանին աղիւսները (կղմինտր բառը անծանօթ է ընդհանրապէս)։ Յատակի ծածկը որոշած ատեն պէտք է ընտրել շրուշակները (wall boards)։ Տակաւին պէտք է որոշել վարդակներուն բարձրութիւնը (electrical outlets), դարպասին ձեւաւորումը (ցանկապատը), պատերը գաճել թէ կիպսաքարթոնով ծածկել (dry wall), նկուղին տարածութիւնը եւ բարձրութիւնը ճշդել։ Կաթսայատունը (furnace room) կ’որոշուի զետեղել աւտոտնակին ետեւի կողմը (կառատուն բառը հարցական արտայայտութիւններով կը դիմաւորուի բայց garage բառը ծանօթ է)։
Այս հայկական բառերուն յայտնութեամբ, բանակցութիւնները կը դառնան արկածախնդրական եւ հետաքրքրական։ Տուն մը կառուցելու ֆիզիքական պահանջները կը դառնան մեր լեզուին մերձենալու առիթներ եւ գործարքը կը բարձրացնեն այլ հարթակ։ Հիանալի փորձառութիւն մը իսկապէս։
Ցաւօք, կը խօսինք նաեւ «քանալիզացիա»ի մասին (electrical, water and sewer piping), որուն հայերէն բառը տակաւին չկրցանք ճարել, սան-հանգոյցի մասին, որ սանիտարական հանգոյցի կրճատումն է բացատրուեցաւ (washroom fixtures), որ շատ շինծու թուեցաւ մեզի։
ՀՈՍ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԻՆ
Փոքրամասնութիւնները որոշած են հայկական եւ հրէական ցեղասպանութիւններուն նուիրուած յուշարձան մը կանգնեցնել Երեւանի Կեդրոնի պուրակներէն մէկուն մէջ։ Բացման հանդիսութեան խօսք կ՚առնեն փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչները՝ սահուն հայերէնով։
Եզիտի համայնքը ցոյց կազմակերպած է Երեւանի մէջ։ Համայնքի ներկայացուցիչները եւ անդամները, որոնց ազգանունները «եան»ով կը վերջանան, իրենց բողոքը կը ներկայացնեն… հայերէնով։
Լոռիի մէջ կը նշուին Թումանեանական օրերը։ Ներկայ է սկովտիացի (կամ ինչպէս արեւելահայերէն կ’ըսեն շոտլանտացի) թումանեանագէտ Փիթըր Քաուի։ Խօսքը անշուշտ հայերէնով է։
Օշականի մէջ թարգմանչաց տօնի առիթով, կը խօսի Ուքրանիոյ դեսպանը, գրական ջինջ հայերէնով։
Երեւանի համալսարանի չինացի, հնդիկ եւ այլազգի ուսանողները կ՚երգեն, կը պարեն եւ կը խօսին հայերէն լեզուով։ Մեր բակի պտղավաճառը, որուն ծանօթ ենք երկար տարիներէ ի վեր, նոր կ՚իմանանք որ քիւրտ է։ Անոր խօսած հայերէնէն կարելի չէր նկատել իր ազգութիւնը։ Այս պտղավաճառը Մայիս 28ի նախօրեակին մեզի զգուշացուցած էր, որ յաջորդ օրը տօն է եւ իր կրպակը գոց պիտի ըլլայ եւ ըստ այնմ ընենք մեր գնումները։ Նոյն բակին մէջ կը հանդիպինք հնդիկ կնոջ մը, որուն ամուսինը Հայաստան գործուղուած է, եւ որուն զաւակները հայկական վարժարան կը յաճախեն։ Մեզի կը պատմէ, որ ամէն երեկոյ մասնաւոր դասեր կ՚առնէ, հայերէնը իւրացնելու համար։ Նպարավաճառին մօտ կը հանդիպինք ափրիկեցի սեւամորթի մը, որ միայն երեք ամիսէ ի վեր գործուղուած է Երեւան, բայց անհաւատալի ճշգրտութեամբ կը հաղորդակցի հայերէնով։ Հնդիկ գործարար մը հայերէնով կը դիմէ գիւղական դպրոցի մը աշակերտներուն, որոնց համար իր գործատեղին դպրոցական պայուսակներ նուիրած է։
Զարմանալի պէտք չէ ըլլայ անշուշտ, մանաւանդ մեզի՝ սփիւռքահայերուս համար։ Մեր բնակած երկիրներու լեզուները միշտ ալ իւրացուցած ենք աւելի կամ նուազ չափով։ Միշտ փոքրամասնութիւն ըլլալով, ուրիշին լեզուն սորվիլը բնական նկատած ենք, բայց երբեք չենք ակնկալած, որ ուրիշներն ալ մեր լեզուն սորվին։
Բայց հոս Հայաստան է։ Հոս հայերը մեծամասնութիւն են։ Հոս հայերէն կը խօսուի, բացի Ռուսիայէն, Եւրոպայէն եւ Ամերիկաներէն այցելութեան եկած… հայերուն կողմէ։
Երեւան, Հոկտեմբեր, 2006