Արցախի՝ 100 օրեր տեւած շրջափակման առիթով, 22 Մարտին, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպեց Հայաստանի կառավարութեան շէնքին դիմաց:
Երիտասարդները բարձրացուցած էին «Բացէք կեանքի ճանապարհը», «Արցախն ուժեղ է», «Ազատ եւ ուժեղ Արցախ», «Հայրենի հողը չի սակարկւում», «Կանգ առ, Նիկոլ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:
Ցոյցին մասնակցողները իրենց բերանները փակած էին կարմիր ժապաւէններով:
ՀՅԴի անդամ Գոռ Սարգսեան դիտել տուաւ, որ իրենք կը բողոքեն կառավարութեան անդամներուն 100 օրէ ի վեր անգործ եւ լուռ ըլլալուն դէմ, որովհետեւ անոնք իրենց ձեռքերը լուացած են Արցախէն։
«Ինչքան էլ ուզում են ներկայացնել, որ Արցախի անվտանգութիւնը պատկանում է այլ երկրի, այս մարդիկ պատասխանատու են 120,000 մեր հայրենակիցների համար, որպէս իշխանութիւն, պատասխանատու են մեր հայրենիքի համար, սակայն նրանք լուռ են: Ինչ են անում այս մարդիկ` այս մարդիկ բոլորին մեղադրում են, բացի իրենցից», յայտնեց ան։

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան եւս անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ իրենց բողոքի ցոյցին հիմնական պատգամն է՝ լուսարձակի տակ առնել այն, որ 100 օրերէ ի վեր Արցախ շրջափակուած է, բայց այս իշխանութիւնը ոչինչ կ՛ընէ, մատնուած է լռութեան՝ շեշտելով, որ, հակառակ ամէն ինչի, երիտասարդ դաշնակցականներուն պայքարը կանգ պիտի չառնէ։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան եւս յայտնեց, որ Արցախի շրջափակման հարցով քայլեր կ՛առնեն դաշնակիցները, Եւրոպական Միութիւնը, իսկ Հայաստան գործնական ոչինչ կը կատարէ: «Հայաստանի սահմաններում ռուս զինուորներ են վիրաւորուել` փորձելով հետ բերել ՀՀ քաղաքացուն, միւս կողմից էլ տեսնում ենք ՀՀ իշխանութիւնների մեղադրանքները բոլորի հասցէին: Եթէ այս ամէնի հարցում մեղաւորները նախկիններն են, դաշնակիցները, բա իշխանութիւնն ինչի՞ համար է, պարգեւավճար ստանալո՞ւ», հարցուց ան։
Աւարտին ցոյցին մասնակցողները պաստառները եւ կարմիր ժապաւէնները ձգեցին կառավարութեան շէնքի մայթին վրայ: