
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 19 Մարտին, Լոս Անճելըսի Fairmont Century Plaza պանդոկի ամբողջութեամբ լեցուն սրահին մէջ տեղի ունեցած Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնի «Բարձրացուր» խորագրուած ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցաւ «Բարձրացուր» արշաւին մեկնարկը, ինչպէս նաեւ կարելի եղաւ թանգարանին կառուցման ի նպաստ հանգանակել յաւելեալ 7 միլիոն տոլար։
Հանդիսավարն էր՝ հռչակաւոր կատակաբան եւ դաշնակահար Գեւ Օրգեան, իսկ քայլեգները կատարեց սոփրանօ Մարինէ Տէր Ղազարեան։
Բացման աղօթքը միասնաբար կատարեցին թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետներ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդի ներկայացուցիչ հայր Բարսեղ Պաղտասարեան։
Այնուհետեւ, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Տիանա Թիմուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանի ծրագիրին նեցուկ կանգնողներուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն։



Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորողներէն էին՝ Ռիմա եւ Տանըլ Քեմրըններ, Արմէն եւ Կլորիա Համբար ընտանիքի հիմնարկութիւն, Աւետիս Եւ Նենսի Թեւանեաններ, Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեաններ, Այվազեան ընտանիքի հիմնարկութիւնը, The GASKA Alliance հիմնարկութիւն, անանուն, տոքթ. Վիգէն եւ Սօսի Ահարոնեաններ, Ռան եւ Քորթնի Առաքելեաններ, Bank of America, Կրեկըրի եւ Ճինա Ֆելիքեաններ, Սթիւ եւ Սենտի Համբարներ, Նեպիլ եւ Հանա Կարապետեաններ, Պերճ եւ Մերի Կարապետեաններ, Մեթիու եւ Օտրի Մաթէոսեաններ, Ուիլեըմ ՄըքՄրօ, «Նորա Դերձակ Համբար» բարեսիրական հիմնադրամ, Արա եւ Նինա Օհանեաններ, Սարգիս եւ Նունէ Սեփեթճեաններ եւ Իսհաք եւ Ֆրիտա Վարդանեաններ։
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ արտայայտուեցաւ նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ ծրագիրին տրամադրուած աջակցութեան մանրամասնութիւններուն՝ նշելով, որ ցարդ 19.8 միլիոն տոլար տրամադրուած է նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ։
Թանգարանի գործադիր վարիչ Շանթ Սահակեան ուրախութիւն յայտնեց, որ ծրագիրը արդէն իսկ իրականութեան կը վերածուի եւ Նոյեմբեր 2022ին ամբողջացած է շինարարութեան առաջին հանգրուանը՝ աւելցնելով, որ «Բարձրացուր» արշաւին նպատակն է՝ արագացնել ծրագիրին ամբողջացումը, որ պիտի նպաստէ հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը պահպանելու ու անոնց բարգաւաճումը ապահովելու ջանքերուն, հանդիսանալով նուէր մը յաջորդող սերունդներուն։

Ապա, «Արա» պարախումբի սաները ձեռնարկին մասնակցողները խանդավառեցին իրենց կատարումներով։ Իր կարգին, Գեւ Օրգեան դաշնակի վրայ ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ մը, ներկայացնելով նաեւ «Ազատութիւն» խորագրուած եւ իր յօրինած կտորը։
Այնուհետեւ, թանգարանին հողամաս յատկացուցած Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետ Արտի Քասախեան փոխանցեց քաղաքապետութեան խօսքը։
Հոգաբարձական կազմի անդամ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան (Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն) եւ հոգաբարձութեան անդամ Վիքի Մարաշլեան (Արեւմտեան ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութիւն) յայտարարեցին, թէ թանգարանին հիմնական մուտքի հրապարակը պիտի հովանաւորուի Արմէն եւ Կլորիա Համբար ընտանիքի հիմնարկութեան կողմէ։



Թանգարանի հոգաբարձութեան համագանձապահ Աւետիք Իզմիրլեան (Հայ մշակութային հիմնարկութիւն) եւ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան («Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն) յայտարարեցին, թէ գլխաւոր վերելակը պիտի հովանաւորեն Ռիմա եւ Տանըլ Քեմրընները՝ ի յիշատակ իրենց ծնողքին՝ Ռուզաս եւ Ճենեթ Խոյլեաններուն։
Հոգաբարձութեան համագանձապահ Թալին Եագուպեան (Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան) եւ հոգաբարձական կազմի անդամ Գաբրիէլ Մոլոյեան («Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւն) յայտարարեցին, թէ թանգարանին ցուցադրական խոհանոցը պիտի հովանաւորեն Աւի եւ Նենսի Թեւանեանները։
Ապա, թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան թանգարանին ոսկեան շքանշանով պատուեց Գեւ Օրգեանը, անոր ցուցաբերած աջակցութիւնը գնահատելով։


Այնուհետեւ, թանգարանի գործադիր մարմինի փոխատենապետ Զաւէն Գազազեան բեմ հրաւիրեց «Իկնէյշըս» հիմնարկութեան հոգաբարձական կազմի անդամներ Մայքըլ Ամերեանը, Ճորճ Ֆիլիփսը եւ Ուոլթըր Քարապեանը, որոնք հիմնարկութեան անունով մէկ միլիոն տոլար յանձնեցին թանգարանին։
«Միասնաբար պիտի բարձրացնենք Հայ-ամերիկեան թանգարանը, համայնքը եւ ապագան», յայտարարեց Պերճ Կարապետեան։
Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնին «Բարձրացուր» արշաւին նպաստելու համար այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org/Elevate կայքէջը:




