Կեանքի ընթացքին քանի՞ անգամ առիթը կ՛ունենանք սէր արտայայտելու: Եկէք մտածենք՝ Սուրբ Վալենթայնի օրը, մեր սիրածին տարեդարձին օրը, ամուսնութեան կամ այլ ամեակներու ատեն, եւ թերեւս ալ Մայրերու օրը, եթէ մայրը կը նկատենք մեր սիրոյ աղբիւրը:
Շաբաթ, 18 Մարտին, Համազգային Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբը մեծ խանդավառութեամբ կազմակերպած էր, երկար ժամանակէ ի վեր ծրագրուած «Սիրոյ Մրմունջ» երեկոն, յոյս ունենալով, որ այս խառն օրերուն, երգի եւ ասմունքի խօսքերով յաջողի սէր սփռել բոլորին, նաեւ՝ առիթ ստեղծել սիրոյ չարտասանուած խօսքերու արտաբերման:
Այս երեկոյին համար ընտրուած էին հայ բանաստեղծներու փունջ մը սիրային տաղեր, որոնք երգի վերածուած են հայ վարպետ երգահաններու կողմէ:
Այսպէս, ընտրուած էին հին եւ նոր մօտաւորապէս 20 երգ-բանաստեղծութիւններ, որոնք մեկնաբանուած են տարբեր երաժիշտներու կողմէ: Մօտաւորապէս 120 ներկաները երգերուն մասնակից դարձնելու համար, սեղաններուն վրայ տեղադրուած էին օրուան երգարանները:
Հանդիսավարն էր գրող Սեդա Գրիգորեան, որ բարեգալուստի իր խօսքէն ետք շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպած գրական յանձնախումբի անդամներուն, մասնաճիւղիս ծրագիրներուն նեցուկ կանգնող ընկերներուն, բարեկամներուն, յայտագիրին մասնակցողներուն եւ հայ երգը սիրող ու գնահատող խմբակին:
Սրահը քնարական էր՝ յարդարանքը, մեղմ լուսաւորումը, գեղեցիկ սարքուած սեղանները, ճաշատեսակը եւ անուշ բոյրը սէր ու հանդարտութիւն կը տածէին ամէնուրեք:
Սեդա Գրիգորեան իւրաքանչիւր երգէ առաջ հակիրճ տողերով կը ներկայացնէր բանաստեղծը եւ տաղը գրելուն տուն տուող դրուագին: Քանի մը երգեր ներկաները միայն ունկնդրեցին, իսկ մնացեալը մեկնաբանեցին՝ Մանօ Մէնէշեան, Նարեկ Առաքելեան, Գօգօ եւ Շաղիկ Արթինեան, Արամ եւ Մարալ Գալէմքէրեան, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհիներ՝ Էվիքա Մելքոնեան եւ Թալիա Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ մենապարով՝ Քլօտին Ածիլածեան եւ Քաթրին Սարգիսեան: Ծիլա Ուզաթմաճեան, Մարիա Առաքելեան, Մարինա Չէրչեան եւ Արփի Համբարեան ասմունքով համեմեցին երեկոն:
Երիտասարդ այս փաղանգի զգացական եւ ռոմանթիկ կատարումները յաջողեցան ներկաները այս խառնափնթոր կեանքէն անջատել ու փոխադրել տարբեր աշխարհ մը, ուր սէրը եւ փաղաքշանքը, իրականութիւնն ու երազը կը միաձուլուէին, իւրաքանչիւրը պարուրելով հաճելի դողով մը: Տաքուկ, մտերմիկ եւ սիրալի մթնոլորտ մը ապրող ներկաները, այլ թեմայով յաջորդ ձեռնարկին ներկայ ըլլալու խոստումով հեռացան սրահէն:
Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը եռանդով կը պատրաստուի յաջորդ երեկոյին, որ պիտի յայտարարուի շուտով, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու, որոնք մշակումի մէջ են։ Աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր աշխատանքին եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է հետեւիլ մասնաճիւղի կայքին www.hamazkayinpasadena.com կամ գրել վարչութեան՝ hamazkayinpasadena@gmail.com հասցէով։
(Թղթակցութիւնը՝ մասնաճիւղէն)