Իրաքի քրիստոնեաները ապրեցան բոլոր համայնքներու եւ փոքրամասնութիւններու հետ փոխադարձ յարգանքով, սիրով եւ խաղաղութեամբ՝ հովանիին ներքեւ իրաքեան պետութեան, որ հիմնուեցաւ 1921ին։ Բոլոր շրջաններուն անոնք մասնակցած եւ համագործակցած են իրաքցի իրենց եղբայրներուն հետ՝ երկրին կառուցման, պաշտպանութեան, մշակոյթի, ճարտարարուեստի եւ քաղաքակրթութեան ծաղկումին ու վերելքին։
Դժբախտաբար Պաղտատի անկումէն ետք, 9 Ապրիլ 2003ին, երկրին քաղաքական պայմանները հիմնովին փոխուեցան՝ խառնակ կացութիւն մը ստեղծելով ամէնուրեք։ Ներքին բացարձակ անապահովութիւնն ու անկայունութիւնը լայն ասպարէզ բացին զինեալ կազմակերպութիւններու, ծայրայեղ կրօնամոլներու եւ բարոյազուրկ տարրերու դիմաց, որոնք համայնքային պայքարի կրակը արծարծեցին միեւնոյն ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ։ Ապա իրենց անասնային մոլուցքի թոյնը սկսան պարպել խաղաղ, հայրենասէր քրիստոնեայ հասարակութեան դէմ։ Վերջերս հասան հալածանքի գագաթնակէտին քրիստոնեաներուն ուղղելով սպառնական վերջնագիր՝ կրօնափոխութեան, ժիհատի տուրքի վճարման կամ պարտադիր տեղահանութեան եւ արտաքսման։
Անոնք թշնամի Աստուծոյ, Իրաքի եւ մարդկութեան, «քաֆըր»ներու արեան անյագ ծարաւէն խելագարած գործադրեցին իրենց սադայէլական ծրագիրը՝ առեւանգեցին հայրեր, մայրեր, տղաներ եւ աղջիկներ։ Մաս մը դրամական պահանջուած գումարը վճարելով ազատ արձակուեցաւ, միւս մասը անհետացաւ։ Հազարաւոր ընտանիքներ բռնի ուժով իրենց տուները լքեցին ու փախան ոճրագործներու ձեռքէն։ Քրիստոնէահալած այս ամեհի փոթորիկը 1 Օգոստոս 2004էն ի վեր հարուածեց աւելի քան երեսունհինգ եկեղեցիներ՝ ռմբակոծուած, թալանուած եւ հրկիզուած։ Քսանի մօտ արքեպիսկոպոս, վարդապետ-քահանայ եւ սարկաւագներ առեւանգուեցան, որոնցմէ հինգը սպաննուեցաւ խոր սուգի մատնելով քրիստոնեայ հասարակութիւնը, ինչպէս նաեւ այս սարսափին պատճառով փակուեցան Պաղտատի Փիլիսոփայութեան – աստուածաբանութեան համալսարանը եւ Ժառանգաւորաց դպրեվանքը՝ տեղափոխուելով Իրաքի հիւսիսային Այնքաուա քրիստոնեայ շրջանը։ Փակուեցան նաեւ եկեղեցիներ, դպրոցներ, կեդրոններ եւ մանկապարտէզներ։
Այս դատապարտելի տխուր իրադարձութիւնները եւ քրիստոնեաներու դէմ մղուած սանձարձակ հալածանքը մղեց Իրաքի քրիստոնեայ համայնքապետները կոչ ուղղելու պետութեան, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին՝ պահանջելով անոնցմէ յստակ եւ վճռական դիրք՝ կասեցնելու համար եղբայրասպան այս պայքարը։ Կոչ ուղղուեցաւ նաեւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին՝ խնդրելով անոր ազդու միջամտութիւնը։ Դժբախտաբար այս կոչերը, ինչպէս միշտ, յօդս ցնդեցան։ Չկան աչք եւ ականջ, որ տեսնեն ու լսեն արդար Աբէլներու տանջանքն ու մահը։ Պատմութիւնն ինքզինք կը կրկնէ եւ ամօթով կը դիտէ այս անասելի ոճիրները։
Իրաքի քրիստոնեայ համայնքապետներու կոչերուն զուգադիպեցաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ ղրկած տեղեկագիրը՝ Անգլիոյ խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբին, որուն մէջ կը խնդրուի քննարկել քրիստոնեաներու հաւաքական գաղթի պատճառ դարձած այն սխալները, որոնք գործուեցան Իրաքի վերջին վարչակարգի անկումէն ետք։
Հուսկ, Իրաքի քրիստոնեաներուն խօսքը կ՚ուղղենք ձեզի՝ մութ մայթերու վրայ սլքտացող ոճրագործներ. մենք մէկ միլիոն եօթը հարիւր հազար կը հաշուենք։ Մեզմէ վեց հարիւր երեսուն հազարը երկիրը լքեցին եւ հեռացան։ Անոնք, որոնք չկարողացան Արեւմուտք կամ մերձակայ երկիրներ անցնիլ, մօտ քսանհինգ հազար ընտանիքներ Իրաքի հիւսիսային շրջանը գաղթեցին, ուր տնտեսական ծանր տագնապ կ՚ապրին։ Ասիկա արդիւնքն է աւերիչ պատերազմին եւ ձեր բարբարոսութիւններուն։ Մեր կրօնը սիրոյ եւ խաղաղութեան կրօն է։ Ո՛ւր որ գտնուեցանք, այդպէս ապրեցանք։ Այդպէս դաստիարակուեցանք։ Սակայն, լա՛ւ իմացէք, չարի՛ գործակալներ, մենք խաղաղասէր ենք, բայց ո՛չ՝ երկչոտներ եւ սկզբունք ուրացողներ։ Մենք մակաբայեցիներու նո՛ր սերունդ ենք։ Գիտենք Աստուծոյ վկայել մինչեւ հեղումը մեր արեան։ Մենք կը պատկանինք լուսեղէն զօրաբանակին, որուն զօրագլուխն է նոյնինքն Քրիստոս։ Այս տողերով ասպարէզ չենք կարդար ձեզի, որպէսզի յարձակիք, ռմբակոծէք, առեւանգէք եւ ջարդէք մեզ, այլ մեր անսասան հաւատքի հանգանակն է, զոր կը հռչակենք։ Մենք կը հաւատանք, թէ նահատակներուն արիւնը բիւրեղագոյն սերմն է քրիստոնեաներուն։ Կը հաւատանք նաեւ, թէ հալածանքներու մէջ է, որ եկեղեցին կը գտնէ կենսահիւթը իր յաւիտենական երիտասարդութեան։ Վստահ եղէ՛ք, ով մեզ հալածող եւ խաչ հանող անծանօթներ, թէ դուք պիտի անցնի՛ք եւ Իրաքի եկեղեցին պիտի մնա՛յ։