Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու վարժարանի ընտանիքը (2361 Florencita Drive, Montrose, California) մեծ հաճոյքով կը յայտարարէ, թէ Յունիս 30, 2007ին, WASC-ը (Western Association od Schools and Colleges), յետ նախորդ տարեշրջանին վարժարանէս ներս իր կատարած բծախնդիր ուսումնասիրութեան, վարժարանս ընդունեց WASC-ի ընտանիքէն ներս, իբրեւ լիիրաւ անդամ՝ անոր տալով բարձր աստիճանաւորումով ամբողջական, օրինական վարկաւորում, մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգ։
WASC-ը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վարկաւորման 6 ընկերակցութիւններէն մէկն է։ Այս ընկերակցութիւնը կ’օգնէ եւ կ’օժանդակէ Քալիֆորնիոյ, Հաու-այիի եւ այլ շրջաններու վարժարաններու վարկաւորման աշխատանքներուն, ինչ որ կը վկայէ սոյն վարժարանի ուսումնական բարձր չափանիշներուն մասին։
Առ ի պատասխան Հայ քոյրերու վարժարանի վարկաւորման դիմումնագրին, WASC այցելեց վարժարանս, Ապրիլ 18 2007ին, հետազօտեց վարժարանիս դիմումնագիրը, քննեց դասարանները, հարցազրոյց ունեցաւ ուսուցիչներուն, անձնակազմի անդամներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն հետ, ապա մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէ վերջ, վարժարանը յայտարարեց ամբողջական վարկաւորուած (Fully Accredited)։
Արդարեւ, այս յայտարարութեամբ, Հ.Ք. վարժարանը կու գայ իր այս ուրախութեան մասնակից դարձնելու Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը, նաեւ շնորհակալութիւնը յայտնելու բոլոր նուիրեալ անձերուն, որոնք իրենց աջակցութիւնը չզլացան այս յաջողութիւնը իրականացնելու։