12-15 Յուլիս 2007ին, Ըրուայնի «Մարիոթ» պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ պիտի գումարուի Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային 87րդ պատգամաւորական ժողովը:
Անցնող տարուան ընթացքին, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը գործունէութեան բեղուն տարի մը ունեցաւ, շնորհիւ Շրջանային յանձնախումբերուն, մասնաճիւղերու գործակցութեան եւ անդամ-անդամուհիներու անսակարկ նուիրումին:
Աշխատանքային տարուան աւարտին, Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր հիւրասիրութեան սեղանի մը շուրջ համախմբելու բոլոր մասնաճիւղերու վարչութեանց կազմերը, Շրջանային յանձնախումբերն ու Շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցչական կազմերը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու իրենց համագործակցութեան համար:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 28 Յունիսի երեկոյեան, ՀՕՄի կեդրոնը, մասնակցութեամբ աւելի քան 125 ներկաներու:
Երեկոյեան ընթրիքէն ետք, Շրջանային վարչութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց փոխատենապետուհի ընկհ. Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան, որ առաջին հերթին շնորհաւորելով ՀՕՄի մեծ ընտանիքի միամեայ գործունէութիւնը ըսաւ. «Մէկ տարեշրջան, ՀՕՄի մշակները, որոնք ենթախմբային աշխատանքներ են կատարել, այսօր կարծես իրենց բերքահաւաքի արդիւնքն է, որ պէտք է կարողանամ ամփոփել: Տեսնում եմ դէմքեր, որոնք երկար տարիներ իրենց աւանդն ու ներդրումն են բերել ՀՕՄի աշխատանքներին: Աշխատանքներ, որ իրենցից խլել է ժամանակ, հոգեկան ապրումներ եւ այնքան յուզումներ, որ կարողացել են տարիների ընթացքում ՀՕՄի վարկը բարձրացնել»:
Ապա, ընկերուհին հերթաբար ներկայացուց շրջանային յանձնախումբերը, շեշտելով իւրաքանչիւրին տարած ազգանուէր գործունէութիւնը: Այսպէս.
– Շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբը, մեր մատաղ սերունդին հրամցուցած հայեցի դաստիարակութեան համար:
– Դաստիարակչական յանձնախումբը, իր տքնաջան աշխատանքին, ՀՕՄի շարքերուն օգտաշատ գիտելիքներ փոխանցելուն համար:
– «ՀՕՄի Ձայնը» հեռատեսիլի ծրագրի յանձնախումբը, իր եթերաժամերով բոլորիս հոգու ու սրտի խօսք դարձած ըլլալուն համար:
– «Որբախնամ» ծրագրի եւ «Հայաստան-Արցախ» յանձնախումբերը, որոնք ջանք չխնայեցին ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզներուն օգտակար հանդիսանալու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի որբերուն հովանաւորներ ապահովելու՝ որոնք մեծածաւալ գումարներ կ’ակնկալեն:
Ընկհ. Բարիկեան-Սէթեան արդարօրէն ընդգծեց նաեւ, թէ անցեալին այս զոյգ յանձնախումբերու աշխատանքը առանձին կը կատարէր Շրջանային վարչութեան ընդհանուր հաշուապահ ընկհ. Ժասիկ Չառահեանը, որուն ջանքերուն շնորհիւ այս տարի եւս «Որբախնամ» ծրագրին համար հանգանակուեցաւ հարիւր հազար տոլարէ աւելի գումար մը:
Ընկերուհին յատուկ ընդգծումով ներկայացուց հայ ժողովուրդի ամենացաւոտ, սակայն ամենաթանկ շրջանի օգնութեան համար ստեղծուած «Չաւախք» յանձնախումբը, որ օգնութեան մշտահոս աղբիւր կը հանդիսանայ տանջահար ջաւախքահայութեան:
Ան նաեւ կարեւորութեամբ յայտարարեց Հանգանակային եւ Փառատօնի յանձնախումբերը, մանաւանդ շեշտելով, թէ «Փառատօնը մեր փառքն ու պատիւն է: Փառք, քանզի ներկայացնում է մեր դարերից եկած մշակոյթը: Ձեզանից ամէն ոք եղել է փառատօնին եւ տեսել է, թէ ինչպիսի յաղթանակներ է որդեգրում եւ ինչպիսի յաղթանակներ է փոխանցում յաջորդ տարիներին»: Ապա, յատուկ երախտագիտութիւն յայտնեց փառատօնի հանդիսավարներ Արշալոյս Դարբինեանին եւ տէր եւ տիկ Մինաս եւ Հուրիկ Ֆրնզլեաններուն, որոնք տարիներ շարունակ ձեռնհասօրէն կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ:
ՀՕՄի ամենածանր լուծը, ամենածանր բաժինը 100ամեակի Հիմնադրամի յանձնախումբի աշխատանքն է, որովհետեւ ՀՕՄի Համահայկական ժողովի որոշումով ստեղծուած հինգ միլիոն հիմնադրամի աւելի քան մէկ միլիոնի ապահովումը այս շրջանին վստահուած է: Ընկերուհի փոխատենապետուհին հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ յանձնախումբը իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքով արդէն իսկ կէս միլիոնէ աւելի հանգանակած եւ խոստումներ ստացած է: Աշխատանք մը, որուն ի տես կարելի է միայն հպարտանալ:
Յանձնախումբերու ներկայացումէն ետք, ընկերուհին նաեւ ներկայացուց անոնց մօտ Շրջանային վարչութեան կապ հանդիսացող իր գործընկերուհիները, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերային ծառայութեան գրասենեակի տնօրէնութեան եւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակի պաշտօնէութեան, որոնք լրջութեամբ եւ հաւատքով կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնները:
Այնուհետեւ, ընկերուհին անգամ մը եւս շեշտելով հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, բարձր գնահատեց ՀՕՄի Շաբաթօրեայ բոլոր վարժարաններու ուսուցչական կազմերու զոհողութիւնները, որոնք իրենց հոգածութեան յանձնուած սերունդներուն կը սորվեցնեն մայրենի լեզուն ու հայոց պատմութիւնը: Ան հպարտանքով ներկայացուց նաեւ ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի մանկամսուրը, որ իր կրթական բարձր մակարդակով պետական գնահատանքի արժանացած է:
Յանձնախումբերու ներկայացումէն ետք, մթնոլորտէն խանդավառուած կարգ մը ընկերուհիներ մեներգներով եւ ասմունքներով ելոյթ ունեցան եւ առաւել ճոխացուցին մթնոլորտը:
Երեկոն վերջ գտաւ ժամը 10ին, ՀՕՄի քայլերգի խմբերգումով:
Մասնակիցները զուարթ տրամադրութեամբ տուն վերադարձան՝ «Հայ դպրութեան ջահը մշտավառ» պահելու հաստատակամութեամբ:
ՀՕՄԻ ԹՂԹԱԿԻՑ