Եւրոպական Միութիւնը ափսոսանք յայտնեց հայ-ատրպէյճանական սահմանի Տեղ գիւղին մէջ, 11 Ապրիլին տեղի ունեցած ռազմական բախումներուն համար, որոնց պատճառաւ երկու կողմերէն զոհեր եւ վիրաւորներ կան:
«Այս միջադէպը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերէ այն, որ սահմաններու սահմանագծման բացակայութեան պայմաններուն մէջ պէտք է պահպանել 1991ի սահմանային գիծը, եւ այդ գիծէն երկու կողմերուն ուժերը պէտք է ետ քաշուին ապահովական հեռաւորութեան մը վրայ` խուսափելու նման միջադէպերէ», կ՛ըսուի միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Պրիւքսէլ յայտնեց, որ նախկին պարտաւորութիւնները պէտք է յարգուին, ներառեալ՝ Հոկտեմբեր 2022ին, Փրակի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` փոխադարձաբար ճանչնալ տարածքային ամբողջականութիւնը 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ:
Եւրոպական Միութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց՝ աշխուժացնելու սահմանագծման բանակցութիւնները եւ նշեց, որ պատրաստակամ է աջակցելու այդ գործընթացին: Միութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ բոլոր վէճերը կարգաւորելու խաղաղ ուղիով։
ԴԷՊՔԻ ՊԱՀՈՒՆ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԻՏՈՐԴՆԵՐԸ ՀՈՆ ՉԷԻՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ 11 Ապրիլին, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հերթական սադրանքի պահուն, Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ներկայացուցիչները հոն չեն եղած:
«Երէկ տեղի ունեցած սադրանքի եւ ադրբեջանական կողմից տարբեր զինատեսակներով հայկական զինուած ուժերի զինծառայողների եւ դիրքերի ուղղութեամբ արձակուած կրակի վերաբերեալ տեղեկացուել է Եւրոպական Միութեան միջնորդական առաքելութեանը: Այսօր արդէն Եւրոպական Միութեան մամուլի ծառայութիւնը հաստատել է, որ հայկական կողմը տեղեկացրել է իրենց` ընթացող ագրեսիւ (յարձակողական) գործողութիւնների, փոխհրաձգութեան վերաբերեալ: Նրանք նաեւ նշել են, որ իրենք այդ պահին տեղում չեն եղել, բայց իրենց դիտարկումներն արել են, իրենք իրենց զեկուցման մեխանիզմն (գոչծիքակազմերը) ունեն, Բրիւսելում Եւրոպական Միութեան արտաքին ծառայութեանն են զեկուցում` ոչ-հրապարակային», յայտարարեց Միրզոյեան: