
Գլխաւոր դատախազութիւնը շուրջ շաբաթ մը ետք հաստատեց, որ Հայաստան ներթափանցած ատրպէյճանցի զինուորական ծառայող Հուսէյն Ախունտով սպաննած է Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենի գործարանին պահակը:
«Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պարզել է, որ Ախունդովը Ապրիլի 12ին, հասնելով Սիւնիքի մարզում գտնուող «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ», կրակել ու սպաննել է գործարանի պահակ Հայրապետ Մելիքսէթեանին: Քաղաքացին ստացած մարմնական վնասուածքներից տեղում մահացել է: Դատախազութեան հաղորդմամբ` ադրբեջանցի զինծառայողը ցանկացել է հետագայում ապօրինի հատել Հայաստանի սահմանն ու անցնել Իրան: Այդ նպատակով է յափշտակել պահակի բջջային հեռախօսը, ծխախոտն ու կրակայրիչը, փորձել գործարկել կայանուած մեքենայի շարժիչը, սակայն չկարողանալով` դիմել է փախուստի», յայտնեց դատախազութիւնը, ըստ որուն Ախունտով, հեռանալով դէպքի վայրէն, յափշտակուած բջիջային հեռաձայնին միջոցով նկարած է տեսաուղերձ մը` ըսով. «Փառք Աստուծոյ, յաջողութեամբ հասած ենք Հայաստան եւ գլխատած 400էն 500 հայեր, մենք դաւաճան չենք, եւ յոյս ունինք յաջողութեամբ վերադառնալ Ատրպէյճան»:
Այնուհետեւ, Ախունտով յափշտակուած բջիջային հեռաձայնին մէջ ներբեռնած է համացանցային յաւելուած մը եւ նկարահանուած տեսաուղերձը հրապարակած է ընկերային ցանցերու իր էջին վրայ: Անկէ ետք, քալելով գացած է Սիւնիքի մարզի Աճանան գիւղին ուղղութեամբ եւ 13 Ապրիլ 2023ին յայտնաբերուեցաւ պատահական անցորդներու կողմէ, որոնք, պարզելով անոր ինքնութիւնը, Ատրպէյճանի բանակային ըլլալու հանգամանքը, բռնած են զայն եւ յանձնած Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն:
18 Ապրիլին, իշխանական պատգամաւոր Նարեկ Ղահարմանեան «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ գործարանի պահակը սպաննուած է Կապանի մօտակայքը յայտնաբերուած երկրորդ ատրպէյճանցի զինուորին կողմէ: Աւելին` ըստ ծնունդով կապանցի պատգամաւորին համաձայն, ատրպէյճանցի զինուորը խոստովանած է, որ ինք սպաննած է: