
Պոսթընի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին (Boston International Film Festival) «Գարուն Ա…» ֆիլմը շահեցաւ «Լաւագոյն ֆիլմ»ի եւ «Լաւագոյն ինքնատիպ բեմագրութեան» մրցանակները։ Փառատօնը տեղի ունեցաւ 13էն 18 Ապրիլին, կը հաղորդէ «Նիուզ»ը:
Ֆիլմին բեմադրիչը Ռոման Մուշեղեանն է, իսկ բեմագրութեան հեղինակը՝ Յարութ Ղուկասեան։ Շարժապատկերի գլխաւոր հերոսները երեքն են՝ մեծ հայրը, որդին եւ թոռիկը։ Երեք սերունդներ, երեք տարբեր բնաւորութիւններու տէր մարդիկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտացոլէ մերօրեայ հասարակութեան մտածելակերպը։ Մեծ հայրը՝ Արամը, մասնագէտ զինուորական է, նախկին գնդապետ, իր ամբողջ կեանքը նուիրած է պետականութեան կառուցման գործին։ Անոր որդին՝ Գնէլը, գործարար է եւ չէ ներած իր հայրը՝ հայրենիքը ընտանիքէն վեր դասելուն համար։ Թոռը՝ Լեւոնը, պարկեշտ երաժիշտ է, որ կ՛ոգեշնչուի իր մեծ հօր գաղափարախօսութեամբ։ Սակայն, հերոսի կեանքին մէջ ապագան եւ հայրենիքի նկատմամբ պարտքը կը բախին իրարու՝ ստեղծելով ֆիլմի հիմնական հարցը…
Անսպասելի պատերազմը Հայաստանի մէջ կը խառնէ երեք սերունդներու անդորրը։ Ֆիլմին ընթացքին մենք ականատես կ՝ըլլանք ամբողջ ազգի մը ողբերգութեան՝ ընտանիքի մը պատմութեան միջոցով…
Դերասաններն են՝ Ալեքսանդր Խաչատրեան (որ նաեւ գլխաւոր արտադրողն է), Լեւոն Հախվերդեան, Արմէն Մարգարեան, Մարջան Աւետիսեան, Եւա Զոհրաբեան, Շանթ Յովհանիսեան, Ալիս Կապլանջեան, Վահագն Մարտիրոսեան, Սաթենիկ Հազարեան, Նարինէ Պետրոսեան եւ ուրիշներ։