Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեան հայ-ատրպէյճանական սահմանի իրավիճակը կը նկատէ յարաբերական կայուն, թէեւ ան նկատել կու տայ, որ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի ուղղութիւններով հակառակորդին կողմէ զինադադարի խախտումներ կ՛արձանագրուին յաճախ։ Ան այս մասին խօսեցաւ լրագրողներու հետ։
«Հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) խախտումների նպատակը իրավիճակը միշտ լարուած պահելն է, սակայն իրավիճակը մեր հսկողութեան տակ է», ըսաւ ան։
Խօսելով Տեղ գիւղի հատուածին մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին` Ասրեան նշեց, որ Տեղի ուղղութեամբ Հայաստանի զինուած ուժերը հակառակորդին հետ արդէն իսկ կը գտնուին շփման պայմաններու մէջ, կայ նաեւ ստեղծուած յառաջնագիծ, դիրքային համակարգը կը կատարելագործեն: «Օր օրի իրականացնում ենք համապատասխան աշխատանքներ որոշ ուղղութիւններում հակառակորդի նկատմամբ նաեւ առաւելութիւն ստանալու ուղղութեամբ: Միւս հատուածներում զինուած ուժերը իրենց առջեւ դրուած խնդիրները կատարում են», յայտնեց ան։
Անդրադառնալով Եւրոպական դիտորդներուն հետ համագործակցութեան վերաբերող հարցումի մը՝ ան ըսաւ, որ բարձր կը գնահատէ անոնց հետ համագործակցութիւնը, բոլոր յառաջացած հարցերը կը լուծուին պատշաճ մակարդակով: «Մենք առաջին հերթին ստանձնում ենք նրանց ռազմական անվտանգութեան ապահովումը, ինչպէս տեղանքում աշխատելու, այնպէս էլ երթեւեկութիւնների ժամանակ: Նաեւ մեր առջեւ դրուած միւս հարցերի շուրջ փոխգործակցում ենք, համագործակցութիւնը գնահատում եմ բարձր: Ես նաեւ կարող եմ ասել, որ իրենք իրենց առջեւ դրուած խնդիրը կատարում են», ընդգծեց Ասրեան: