Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգները տասը տարի առաջ կորսուած ամերիկացի լրագրող Օսթըն Թայսի հարցով հաղորդակցութիւններու մէջ է Սուրիոյ եւ այլ պետութիւններու հետ»:
«Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու հետ Օսթընի հարցով աշխուժ հաղորդակցութիւններ կը կատարենք: Կը ջանանք զայն հայրենիք վերադարձնելու ձեւ մը գտնել եւ պիտի չդադրինք, մինչեւ որ այդ մէկը իրագործուի», ըսաւ Պլինքըն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Միւս կողմէ, Ամերիկեան ջանքերուն քաջածանօթ Միջին Արեւելքի պաշտօնատարներ Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ին յայտնեցին, թէ «Պայտընի վարչակազմը վերսկսաւ Թայսի եւ այլ ամերիկացիներու հարցով Սուրիոյ հետ ուղղակի բանակցութիւններու»:
Նախկին նաւազ Թայս առեւանգուած էր Օգոստոս 2012ին, Դամասկոսի մէջ: Անոր ընտանիքը կը կարծէ, որ ան տակաւին ողջ է եւ բանտարկուած Սուրիոյ մէջ: Որեւէ կողմ չէ ստանձնած անոր առեւանգումին պատասխանատուութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անցեալ տարի յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն «հաստատ կերպով» գիտէ, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշ ժամանակ բանտարակած է Թայսը, սակայն Դամասկոս հերքեց Թայսը առեւանգած կամ բանտարակած ըլլալը: