Ապրիլին Հայաստան ներթափանցած, ապա սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն կողմէ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած երկու ատրպէյճանցիներէն Ակշին Պապիրով դատապարտուեցաւ 11 տարուն, 6 ամսուան եւ 15 օրուան բանտարկութեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Բարձրագոյն դատական խորհուրդին համաձայն` Պապիրով ընդունեց մեղքը, այդ պատճառով դատարանը գործը քննեց արագացուած կարգով:
Ատրպէյճանցի զինուոր Ակշին Պապիրով կը մեղադրուի սահմանը ապօրինի հատելու, պետական սահմանով ապօրինաբար հրազէն եւ ռազմամթերք տեղափոխելու յանցանքով: Երկրորդ զինուորին գործը դեռ քննութեան փուլի մէջ է: Հուսէյն Ախունտով կը մեղադրուի նաեւ սպանութեան համար:
Պաքուն կը պնդէ, որ իր զինուորները կորսուած են սահմանին անբարենպաստ եղանակային պայմաններու մէջ սահմանափակ տեսանելիութեան պատճառով եւ զանոնք ազատ արձակելու հարցով դիմեց միջազգային կազմակերպութիւններուն:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ
«Թերթ»ը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն օրն իսկ հակազդեց այս վճիռին` խստօրէն դատապարտելով զինուորական ծառայողներ Ակշին Պապիրովի եւ Հուսէյն Ախունտովի նկատմամբ «Հայաստանի մէջ կազմակերպուած դատավարութիւնը, ինչպէս նաեւ այն դատավճիռը, որուն հիման վրայ Պապիրով դատապարտուեցաւ բանտարկութեան:
Ըստ նախարարութեան` «Հայաստան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ կ՛անտեսէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համաձայն իր պատասխանատուութիւնը ու շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատմամբ«:
Պաքուն նաեւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց` «լուրջ ճնշում գործադրելու Հայաստանի վրայ` ատրպէյճանցի զինուորները կարելի եղածին չափ շուտ ազատ արձակելու համար»: