ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմոնտի հայկական յարաբերաբար փոքր գաղութէն ներս տիրող ազգային ջերմ մթնոլորտը ու Հայ Դատը օտար շրջանակներու եւ պետական անձնաւորութիւններու ծանօթացնելու մեր կուսակցական ընկերներու ջանքերը եւ անոնց կատարած օգտակար աշխատանքը գնահատելու խոր գիտակցութիւնը, նորեկի մը մէջ յարգանքի կողքին արթնցնելու կը ծառայեն անցեալի ջերմ յիշատակներ:
Արդարեւ ինչու պահեմ, իմ պարագային ալ նոյնը պատահեցաւ, երբ ընկեր Պետրոսն ու անոր քեռայրը՝ յայտնի ատամնաբոյժ ու ազգային գործիչ՝ ընկեր Մուրատ Քէրնէքլեան, տեղւոյն հայկական շրջանակներուն ինքնակամ կը փոխանցեն ու տեղեակ կը պահեն զանոնք, անցեալին, Ափրիկէի խորերը մեր կատարած աշխատանքին ու զոհողութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայ Դատը տեղւոյն մտաւորականութեան ու պետական այրերու ծանօթացնելու ճգնանքը: Եւ սա ալ աւելցնեմ, որ մեր այդ գործունէութեամբ ձեռք բերուած յաջողութենէն թելադրուած, Հայ Դատի ղեկավար՝ ընկեր Շաւարշ Թորիկեանը Սիէրա Լիոնէ հրաւիրելու հոյակապ որոշումը առինք, Հայ Դատը նաեւ պետական մակարդակով ծանօթացնելու Ափրիկէի տարածքին:
Քաջ գիտնալով որ այդպիսի համարձակ արարք մը, հազարաւոր տոլարներու ծախսի պիտի նայէր, զայն գիտակցաբար յանձն առած էինք ու յետագային գիտակցութիւնը ունեցանք մերժելու, մեր կատարած տնտեսական զոհողութիւնը, ՀՅԴ մամուլին մէջ հրապարակելու ընկեր Թորիկեանի առաջարկը, հաւատաւոր կուսակցականի մը համար «հոսհոսութիւն» նկատելով այդպիսի բացայայտում: Հոգ չէ թէ այդ թուականէն ասդին, օր մը օրանց, Հայ Դատի ներկայ ղեկավարութեան կողմէ առիթով մը իսկ չյիշատակուի, հոյակապ մեր արարքն ու գրեթէ կէս դար առաջ կատարած սխրագործութիւնը, ոչ ալ Թորիկեանին Ափրիկէ այցելութիւնը:
Մեր կազմակերպութիւնը, դժբախտաբար, յայտնի է իր նուիրեալները երբեմն մոռացութեան տալու կամ, անհիմն պատճառներով զանոնք կուսակցութենէն հեռացնելու իր գործելաոճով: Ճիշդ այդ իրականութենէ մեկնելով, կ՛ուզեմ այս փոքր գաղութէն ներս գործող նուիրեալներուն աշխատանքին ու զոհողութեան անդրադառնալ, որպէս տրիտուր անոնց նուիրումին ու կեանք մը ամբողջ յանձն առած զոհողութիւններուն:
Դժբախտաբար, Ռիչմոնտի մէջ շատ փոքր թիւ մը կը կազմեն այդ նուիրեալները, գոնէ մեզի ծանօթները: Սակայն հոգ չէ, տեղէ մը պիտի սկսիլ…
Գաղութէն ներս իր նուիրումով ու հայրենասիրութեամբ փայլատակող հերոսը՝ Պետրոս Պանտազեան, յայտնի է իր ազգային ու կուսակցական՝ գործունէութեամբ: Որ կողմը որ դառնաս, կը հանդիպիս չորրորդ սերունդի այս ամերիկահայուն, որուն հետ եթէ սխալմամբ անգլերէն փորձուիս խօսիլ, քեզի հայերէն կը պատասխանէ… Ան Հայկական նաւապտոյտին հիմնադիր անդամներէն եղած է:, ինչպէս նաեւ ԿԿի անդամ եւ բարձրագոյն պաշտօններ վարած է ազգային, կուսակցական, գաղութային կեանքէն ներս: Օրինակելի, ինչ կըսեմ, անհաւատալի հայրենասիրութեամբ տոգորուած այս հայորդին, հակառակ յառաջացած իր տարիքին, ամէն տեղ է ու երիտասարդի կորովով կը գործէ տակաւին: Եւ առանձին չի գործեր, այլ ամբողջ ընտանեօք՝ Պանտազեանները ներգրաւուած ու կլանուած են ազգային գործին մէջ: Անդրանիկը՝ բացառիկ իմաստութեամբ փայլատակող իրաւաբան Խորէնը, տարիներով, իր կնոջ՝ Լիւսիի քաջալերանքով, «Արմինիըն Ֆոնտ»ին պատասխանատու ղեկավարը հանդիսացած է:
Միջնեկը՝ Ռաֆֆին, Հայոց Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին երգչախումբը կը ղեկավարէ ու միեւնոյն ատեն երգեհոնը (օրկանը) կը նուագէ, հանճարի սլացքով… իսկ անոր պատանի զաւակները՝ խորանը կը սպասարկեն Սուրբ պատարագին եւ հաւատարիմ հետեւորդներ են «Քէմփ Հայաստան»ին: Անոնց մայրը՝ Լիզը, ամէն տեղ է ու ամէնուն կը հասնի… Սակայն անոր անցեալի տխուր պատմութիւնը մեր սրտերը կը մղկտացնէ… Արդարեւ ան դժբախտութիւնը ունեցած է 4 տարու մանուկ հասակին, Տիգրանակերտի մէջ, Թուրքիոյ տարածքին պատահած 1975ին երկրաշարժին, իր մայրը, եղբայրները եւ քոյրերը կորսնցնելու ու անտէր որբուկ դառնալու: Քսան տարի առաջ, ան իր հօրը ուղեկցութեամբ Ամերիկա կը հաստատուի:
Իսկ Տիրանը, ընկեր Պետրոսին կրտսեր մանչը, համայնքին հաշիւներու ստուգման մարմինը կը գլխաւորէ («օտիթ քոմիթի») ու նուիրումով կը վարէ այդ ճիւղը:
Անոնց մայրը՝ Սթելլան, Կարմիր Խաչի եւ տիկնանց այլ միութիւններու գործօն ղեկավարներէն է:
Ահաւասիկ օրինակելի հայ ընտանիք մը, որ իր թեւերը լայն բացած կը գործէ փոքր այս գաղութէն ներս: Իսկ մեր դուստրը, Հուրիկը, Տիրանին կողակիցը, USC համալսարանի մէջ դասախօս եղած է, հոգեբանական ճիւղի մէջ, իսկ այժմ կամաւոր կերպով ու նուիրումով կ՛օգնէ շուրջիններուն…
Նոյնը կարելի է ըսել բժիշկ Մուրատի եւ անոր դուստրերու Սոնայի, Սեդայի եւ Սիրանի պարագային: Անոնք ալ ընտանեօք նուիրուած են իրենց հօրը պատկանած կուսակցութեան ու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ծառայութեան:
Կան նաեւ ուրիշ նուիրեալներ, օրինակ՝ Եղիա Պուրուճեան, որուն կողակիցը Լիզան եւ դուստրը՝ Սօսին, հանդերձ ընտանեօք նուիրուած են կուսակցութեան ու Հայ եկեղեցւոյ: Ընկերուհի Սօսիի պարագային, ան կուսակցական շատ կարեւոր պաշտօն կը վարէ, որպէս Արեւելեան ANC-ի շրջանային մարմնի վարչութեան երիտասարդ անդամ:
Տակաւին ուրիշ հերոս-հերոսուհիներ ալ կան որոնցմէ մէկուն վերջերս ծանօթանալու առիթը ունեցայ: Մեր նոր նուիրեալը, Չարլ Էվրէկեան կը կոչուի, որ իմ մտերիմ ընկերոջս ու գրող բարեկամիս՝ Հրանդ Աճէմեանին ազգականն է: Անոր ուղղած մտերմիկ հարցումիս հետեւեալ ձեւով պատասխանեց ան․
– Այո, իմ գերդաստանս կորովի հետեւորդը եղած է ՀՅ Դաշնակցութեան: Մեծ հայրս ՀՅԴի լիազօր պատգամաւորը եղած է Տիթրոյիթի շրջանէն: Ամառները յաճախ անոր ընկերակցած եմ Պոսթընի մէջ կայացած Դաշնակցութեան համագումարներուն ներկայ գտնուելու: Ան, որպէս հայոց բանակի սպայ, 1921ին թուրքերու դէմ մղուող թէժ կռիւներու մասնակցած է…
Իսկ գալով գաղութի երիտասարդութեան, եթէ քանի մը տասնամեակ առաջ այս գեղեցիկ գաղութը հաստատուած ըլլայի, Քալիֆորնիայի օրինակով, երիտասարդական միութիւն հիմնելու գործին կը ձեռնարկէի, ինչպէս անցեալին «Մխիթարեան Ակումբ»ը հիմնեցինք Հայ Կաթողիկէ համայնքէն ներս: Բայց ափսոս՝ ուժերս սկսած են դաւաճանել բարի կամքիս ու կորովիս…
Ռիչմոնտ, Վըրճինիա
***
Կարդալ Նաեւ՝ Վըրճինիայի Ռիչմոնտ Քաղաքն Ու Յարակից Հարցեր…