Թուրքիոյ մէջ Մայիս 14ին տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Նախագահական ընտրութեան կը մասնակցէին երեք թեկնածուներ՝ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, ընդդիմութեան միացեալ թեկնածու, քեմալական Ժողովրդային հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու եւ »ԱԹԱ դաշինք«ի թեկնածու Սինան Օղան:
Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար արձանագրուած են 24 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ 151 անկախ թեկնածուներ:
Քուէատուփերը փակուեցան երեկոյեան ժամը 5ին, որմէ ետք ընթացք առաւ քուէներու հաշուարկը: Ըստ նախնական տուեալներու, նախագահական ընտրութիւններու մասնակցութեան համեմատութիւնը մօտաւորապէս 88 առ հարիւր էր: Քուէատուփերու 99.8 առ հարիւրի արդիւնքին համաձայն, Էրտողան ստացած է քուէներուն 49.5 առ հարիւրը, Քըլըճտարօղլու՝ 44.9 առ հարիւրը, իսկ Օղան՝ 5.2 առ հարիւրը:
Խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցութեան համեմատութիւնը 86 առ հարիւր էր. ըստ ոչ վերջնական տուեալներուն, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 267 աթոռներ, Ժողովրդային հանրապետականը՝ 169 աթոռներ, «Կանաչ-Ձախ» համախմբումը՝ 61 աթոռներ, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը՝ 50 աթոռներ, իսկ «Լաւ» կուսակցութիւնը՝ 44 աթոռներ:
Նկատի ունենալով, որ նախագահական թեկնածուներէն ոչ մէկը առաջին հանգրուանին ապահովէ քուէներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 28ին:
Ընտրութեանց նախօրէին «Նիւ Եորք Թայմզ»ը գրած էր. «Էրտողանի պարտութիւնը պիտի հանգստացնէ Արեւմուտքը եւ մտահոգէ Մոսկուան», իսկ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» նշած էր. «Էրտողանի պարտութեան ազդեցութիւնը Թուրքիայէն դուրս պիտի տարածուի՝ նկատի ունենալով անոր ժամանակաշրջանին երկրին ձեռք բերած հսկայական ազդեցութիւնը»: