Հայ-ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի հերթական ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Մայիս 26ին, ազգային «Ֆերահեան» վարժարանին «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ժամը 11էն սկսեալ: Ճաշի հովանաւորն էր Մարի Սէփեան, իր ամուսնոյն՝ Ճոզէֆ Սէփեանի եւ քրոջ՝ Նուարդ Ստեփանեանի յիշատակին:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք ճաշօրհնէքը կատարեց Ռ. քհնյ. Խաչատուրեանը, իսկ ատենապետ Սուրէն Գահուէճեան ներկաները հրաւիրեց յոտնկայս յարգանքի տուրք տալու մեզմէ յաւէտ բաժնուած նախկին փոխատենապետ Յակոբ Ասլանեանի յիշատակին:
Օրուան երգիչը՝ Սան Ֆրանսիսքոյէն ժամանած Յարութիւն Ճղլեան իր թաւ, գեղեցիկ ձայնով ճոխ ու վառ պահեց մթնոլորտը, իսկ ներկաները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններով միութեան կրթասիրաց հիմնադրամին:
Ասմունքներով եւ երգերով յայտագրին մասնակցեցան նաեւ կարգ մը ներկաներ եւ միշտ հնչեց ատենապետին ջութակը:
Համբարձման տօնին առիթով ատենադպրուհի Մարի Գարալեան ընթերցեց «Համբարձում» բառին իմաստին մասին գրութիւն մը, մատնանշելով, որ այդ տօնը մեզի եկած է հեթանոսական տարիներէն (իբրեւ բնութեան պտղումի եւ ջուրի տօն) ու ապա միացած է Յիսուսի համբարձման հետ:
Ինչպէս միշտ, անվճար վիճակախաղէն բախտաւորուեցան 12 անդամ-անդամուհիներ:
Չորս ժամ տեւած ուրախ ճաշկերոյթէն ետք, 78 հոգի լիուլի զուարթ, գոհ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: