Քարոզչութիւն եւ տեղեկատուութիւն նոյնքան հին են հաւանօրէն՝ որքան գիտակցութեան արթնցած մարդկութիւնը, երբ սկսած է կազմուիլ ընկերային բջիջը: Հանդիսութիւններ, արարողութիւններ, ծէսեր, կոթողներ, այդ դերը կատարած են դարերու ընթացքին: Քարոզչութիւնը իշխանութեան տարածման եւ հաստատման հատու միջոց եղած է եւ է: Ի զուր չէ, որ ժամանակակիցներս մամուլը, լայն առումով, կը կոչենք «չորրորդ իշխանութիւն»: Յիշեցնենք, որ ամերիկեան «Ուաշինկթըն փոսթ» թերթը գահընկեց ըրաւ նախագահ մը…
Հայկական զարթօնքի յառաջացման մէջ մեծ դեր ունեցած է մամուլը, այն օրերուն երբ չկային եւ տիրական չէին ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ: Ներկայիս, տպագրուած եւ լսատեսողական լրատուութիւնը եւ լրատուամիջոցները հզօր են, տեղեկութիւն փոխանցելու եւ միաժամանակ ապատեղեկատուութիւն ընելու համար: Եզովբոսի լեզուի մասին առակին պէս, որ լաւ է եւ վատ միաժամանակ, ըստ գործածութեան, այսինքն՝ զէնք: Զարմանալի չէ, որ պետութիւն, կուսակցութիւններ եւ կրօններ ունին, կամ կ’ուզեն ունենալ, իրենց լրատուամիջոցները: Կաթողիկէ եկեղեցին ունի հզօր Հաւատոյ տարածման կառոյց:
Զանգուածային լրատուամիջոցներու զանազանութիւնը կը պարտադրէ պատշաճեցումներ: Այսպէս, տպագիր մամուլը չի կրնար ըլլալ նոյնը, ինչ որ էր, երբ չկային համացանց, հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ, եւ այս՝ ըստ տեղի, ըստ հաւաքականութեան, ըստ պահանջի: Մեծ երկիրներու մէջ կը շարունակուին հրատարակուիլ տարածուն օրաթերթեր, բայց փոքրիկ երկիրները կը դիմագրաւեն լուրջ խնդիրներ եւ օրաթերթերը կը դադրին կամ կը վերածուին շաբաթաթերթի: Յաճախ կ’ըսուի, որ օրաթերթի ապագան շաբաթաթերթն է, օրուան անմիջական լուրերը կը հասնին ձայնասփիւռով եւ հեռատեսիլով: Փոքրիկ երկիրներէն ետք կան նաեւ բոլորովին մասնակի բնոյթով համայնքային կոչուած լրատուամիջոցները: Այս վերջին պարագան անմիջական խնդիրն է հայկական արտասահմանի, քանի որ իւրաքանչիւր աշխարհագրական գօտիի մէջ կան բազմաթիւ լրատուամիջոցներ, տարբեր առարկաներով եւ յաճախ հատուածական թերթեր՝ տարբեր հերթականութիւններով, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, համացանցային տեղեկատու միջոցներ՝ երբեմն սոսկ անհատական նախաձեռնութիւն:
Այս բոլոր դժուարութիւններուն կողքին, հայկական լրատուամիջոցները կը դիմագրաւեն մշակութային եւ լեզուական որակի լուրջ խնդիր: Բայց զայն կը շրջանցենք մրցակցական եւ նպատակին չառնչուող միտումներով: Հայկական մամուլը երբեք չէ ուզած ըլլալ «կազէթ» եւ յաճախ կը գործածուին, արհամարհանքով, «ղազէթա» եւ «ղազէթաճի» բառերը, երբ որակ, մշակոյթ, դաստիարակութիւն (որոնք հանրային իսկական ծառայութիւն են), կը զոհուին թեթեւամտութեան, անմիջական զուարճութեան եւ ժամանցի, որոնք յաճախ անգիտութեան ծխածածկոյթ են, ցուցամոլութեան եւ ամբոխավարութեան ետին թաքցնելով անկարողութիւնները: Աւելի պարզ. հայկական լրատուամիջոցները որակաւոր լեզու եւ մշակոյթ փոխանցելու պարտականութիւն ունին, որպէսզի կրկնուող սխալներ լսելով չաղճատուի լեզուն, ինչ որ երբեք բաւարար չափով չենք կրկներ թէ ան մեր ինքնութիւնը կերտող մեծագոյն ժառանգութիւնն է: Նոր տեսակ մը «լեզուագիտութիւն» կը զարգանայ օտար բառերու եւ օտարաբանութիւններու խճողումով, քերականական օրէնքներ կ’անտեսուին ականջին աւելի հաճելի ըլլալու արդարացումով, արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի անճոռնի խառնուրդով, որ թեթեւսոլիկութեան եւ տգիտութեան փաստ է: Պարզ խօսելով, աւեր կը գործուի, եւ ոչ ոք կ’ուզէ, ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսական ասութիւնը, ցուլը իր կոտոշներէն բռնել…
Ժամանակակից գիտութենէն եւ արհեստագիտութենէն օգտուելով, հայերէնը պէտք է հասցնել իւրաքանչիւրին, շրջապատի բացասական ազդեցութիւնները հակակշռելու համար: Այս առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ ժամանակակից լայն առումով հայ մամուլին: Այս անաղճատ «հայերէն»ը նոյնքան կարեւոր է, որքան սոսկ լրատուութիւնը, եւ աւելի, գերանցելով յաճախ կարգախօսային, կողմնապաշտական, ամբոխավարական արտայայտութիւնները, որպէսզի ազգի հասարակ յայտարարի ենթահողը ունենայ որակ եւ ամրութիւն: Այս մօտեցումը, տեղատուութիւններու, պատշաճեցումներու եւ մանաւանդ հաճոյակատարութիւններու պատճառով, կը բացակայի: Տեղատուութիւնները հաճոյակատարութեամբ ընդունիլ երբեք լաւ տեղ չի կրնար առաջնորդել եւ կարգ մը յաջողութիւններով շպարուիլ պարզապէս փուչիկային ընթացք է, անվաղորդայն, դիրքապաշտական, անհեռանկար: Հայկական լրատուամիջոցը հատու գործիք է, ազգի լինելութեան նպաստ ըլլալու կոչուած է, եւ այս ըմբռնումով է որ անոր պէտք է մօտենալ: Այս նպատակին հասնելու համար անոր պէտք է տալ նիւթական միջոցներ, անկասկած, բայց նաեւ մարդուժ, մարդիկ՝ որոնք դրոշմուած ըլլան հայոց պատմութեամբ եւ մշակոյթով, եւ մանաւանդ տիրապետեն հայերէնին, որպէսզի տեւաբար հաղորդակցութեան մէջ ըլլան հայերէնով արտայայտուող գրական եւ իմացական մթնոլորտին հետ, չբաւարարուին կիսատ-պռատ թարգմանութիւններով եւ ամփոփումներով: Համայնքային հաճոյակատարութեամբ քաջալերուող «սիրողականութիւն»ը (ամաթէօրիզմը), բաժակ մը ջուրի մէջ փոթորիկ կը ստեղծէ եւ բախտաւոր պարագային կը ծառայէ սրահներու առաջին շարքին աթոռ ունենալու…
Հայաստան եւ Սփիւռք, այս էական հարցերու քննութիւնը, քարոզչական մտմտուքէ անդին, առանց կողմնապաշտութեան եւ ժամանակավրէպ մրցակցութեան մէջ խրելու, մի՞թէ իսկական խորհրդաժողով մը չ’արժեր… Ոստում կատարելու համար հարկ է գօտեպնդուիլ եւ մանաւանդ քաջութիւն ունենալ՝ «թապուլա ռազա» ընելէ ետք մօտենալ խնդիրներուն: Յաճախ կը յիշեմ մեծ իմաստասէր Հուսէրլի խօսքը, որ կ’ըսէր, թէ իրերուն պէտք է մօտենալ մերկ եւ պարզամիտ հոգիով, որ կ’ենթադրէ յանդգնութիւն եւ հոգեկան ամուր լիցք:
Անընդունելի Եւ Դատապարտելի
Շաբաթ, Օգոստոս 25ին, այս թերթի էջերուն մէջ լոյս տեսած հաղորդագրութիւն մը խստօրէն կը դատապարտէր Արեւմտեան թեմի առաջնորդութեան հանգամանքին ու Ազգ. առաջնորդարանին դէմ շղթայազերծուած վարկաբեկումի արշաւ մը:
Թեմի Ազգային վարչութեան կողմէ հրապարակուած այս հաղորդագրութիւնը նաեւ կը դատապարտէր այն երեւոյթը, որ նշեալ արշաւը շղթայազերծուած է անծանօթ ու անհասցէ անհատներու կողմէ: Տարբեր խօսքով, անհատ մը, կամ անհատներ, կ’առնեն քայլ մը, որուն համար կը նախընտրեն մնալ մութին մէջ:
Խորքին մէջ անոնց արարքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ շանթաժ, կամ blackmail:
Ամերիկահայութիւնը անգոյն ու անդիմագիծ, կամ անկազմակերպ հաւաքականութիւն մը չէ: Տասնամեակներէ ի վեր, ինչպէս Սփիւռքի այլ գաղութներ, ան եւս հազար ու մէկ զոհողութիւններով ստեղծած է իր կառոյցները՝ կազմակերպութիւններ, միութիւններ, հաստատութիւններ՝ կրօնական թէ աշխարհիկ, քաղաքական թէ մշակութային, ընկերային թէ մարզական: Այս բոլոր հաստատութիւնները կը գործեն համաձայն իրենց մշակած կանոնադրութեանց: Իւրաքանչիւր հաստատութիւն ունի իր կազմակերպչական կառոյցը՝ գործադիր մարմինները եւ օրէնսդիր ժողովները, որոնք կը տնօրինեն տուեալ հաստատութեան աշխատանքները, կը լուծեն հարցերը, կը մշակեն ու կը գործադրեն ծրագիրները, իւրաքանչիւրը՝ ըստ իր մշակած կանոնադրութեան, հաստատուած եւ ընդունուած կարգուկանոնին:
Երեւակայենք պահ մը, որ ամերիկահայութեան (կամ որեւէ հաւաքականութեան) կառոյցները գործեն առանց մշակուած կարգ-կանոնի, առանց կանոնադրութեան: Արդիւնքը կ’ըլլայ քաոս ու քայքայում, որովհետեւ կազմակերպուածութեան գաղափարին ներքին տրամաբանութիւնը եւ հիմնաւորումը կը կայանայ անհատական կամայականութիւններու առաջքը առնելուն մէջ: Կազմակերպութիւն մը, մեծ կամ փոքր, կը դադրի կազմակերպութիւն ըլլալէ, եթէ հոն տիրողը անհատական կամայականութիւնը ըլլայ՝ փոխան յստակօրէն բանաձեւուած ու մշակուած կանոնագրութեան:
Ինչ որ անծանօթ տարրեր ուզեցին ընել մութին մէջ (որոնց կ’ակնարկէ Ազգային վարչութեան հաղորդագրութիւնը), ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ փորձ մը՝ ամերիկահայութեան կազմակերպ կեանքը խռովելու, անորոշութիւն ու քաոս ստեղծելու, ջուրեր պղտորելու: Մէկ խօսքով, նոյն այդ անծանօթ տարրերու առած քայլը, թէ՛ իր ձեւով եւ թէ խորքով, էապէս վնասակար է:
Պէտք է յստակ ըլլայ, որ ոչ ոք կրնայ շանթաժի ենթարկել ազգային որեւէ կառոյց, հաստատութիւն, կամ անոնցմէ բխած հանգամանք: Նման քայլ մը խստօրէն դատապարտելի է, որովհետեւ ազգավնաս է:
«Ա.»