Հայաստան եւ Ատրպէյճան յարաբերութիւններու հաստատման եւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակեն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան տեղեկացուց այս մասին՝ նշելով, որ քննարկումներու յաջորդ փուլը կը նախատեսուի իրականացնել Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի մասնակցութեամբ քննարկումները պիտի սկսին 12 Յունիսին: