Քանատայի Հայոց թեմի Հայեցի դաստիարակութեան խորհուրդի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 27 Յունիս 2007ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցչական համագումար մը, մասնակցութեամբ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի «Սարաֆեան» նախակրթարանի եւ «Բաստրմաճեան» երկրորդականի, Թորոնթոյի ՀՕՄի «Պապայեան» մանկապարտէզի եւ «Գոլոլեան» երկրորդական վարժարանի, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ Առաջն. Մայր եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի հայերէն լեզուի դաստիարակներու եւ տնօրէններու:
Համագումարին բացումը կատարեց Խորհուրդի անդամներէն Յարութիւն Պէրպէրեան, որ Խորհուրդի անունով բարի գալուստ մաղթեց համագումարի մասնակիցներուն եւ հակիրճ անդրադարձ մը ունեցաւ Խորհուրդի ցարդ կատարած աշխատանքներուն:
Բացման խօսքի աւարտին, համագումարը անցաւ օրուան օրակարգի գործադրման: Յ. Պէրպէրեան յաջորդաբար հրաւիրեց առաջին նիւթի զեկուցաբերները՝ տիկին Յասմիկ Պապեան (Թորոնթոյէն) եւ պրն. Մհեր Գարագաշեան (Մոնթրէալէն), որոնք զեկուցեցին Հայոց պատմութեան դասաւանդման, ա.- Նախակրթարանի մէջ կիրարկուած ձեւերուն եւ նիւթերուն մասին, բ.- Երկրորդականի մէջ գործադրուած նիւթերու մասին:
Զոյգ զեկուցաբերներն ալ ամբողջական գիծերու մէջ ներկայացուցին իրենց տեսակէտներն ու կիրարկման մեթոտները, որմէ ետք տեղի ունեցան հարցումներ եւ զանազան կարծիքներու եւ գաղափարներու փոխանակում:
Ճաշի կարճ դադարէ մը ետք, համագումարը շարունակուեցաւ երկրորդ նիւթով մը՝ «Օտար լեզուի ուսուցման թեքնիքի օգտագործումը՝ հայերէնի դասաւանդութեան մէջ», զոր զեկուցեց տիկ. Ցոլինէ Շամլեան (Մոնթրէալէն): Այս զեկոյցի աւարտին եւս տեղի ունեցան զանազան հարցումներ, ինչպէս նաեւ կարծիքներու եւ գաղափարներու փոխանակում:
Սոյն համագումարը, ինչպէս եւ նախորդ տարեշրջանի համագումարը, ծառայեց նախ կրթական հաստատութիւններու տնօրէններու եւ ուսուցիչներու փոխադարձ ծանօթացման ապա եւ ամէնէն կարեւորը՝ հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդման բարելաւման եւ նոր գաղափարներով ճոխացման առիթի: