«Թասս» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները նպատակ ունի Ռուսիան դուրս մղելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն:
«Միացեալ Նահանգները, ըստ ինծի, ամէնուր կը փորձէ հասնիլ նոյն բանին՝ մէկ կողմէ դուրս մղել Ռուսիան, իսկ միւս կողմէ` նոր-գաղութային ոճով իրեն հպատակեցնել Ռուսիոյ գործընկեր եւ դաշնակից անկախ պետութիւնները, խոչընդոտել մեր բարեկամներուն եւ դրացիներուն հետ մեր գործընկերութիւնը եւ դաշնակցութիւնը. այդ մէկը միշտ եղած է Ամերիկայի գլխաւոր հարցը», ըսաւ ան:
Կալուզին ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութեան վրայ: Ըստ անոր, Ռուսիա դէմ չէ, որ այլ երկիրներ իրենց ներդրումը ունենան հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեան կարգաւորման մէջ:
«Սակայն այդ աջակցութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ թէ խօսքով, այլ գործով, եւ պէտք է համահունչ ըլլայ այն սկզբունքային հիմնարար համաձայնութիւններուն, որոնք ձեռք բերուած են առաջնորդներուն կողմէ, եւ որոնք, ինչպէս կը տեսնէք, ընդհանուր առմամբ յաջողութեամբ կ՛իրականացուին: Ըստ այդմ, որեւէ այլ միջնորդի ջանքերը պէտք է յաւելեալ արժէք տան ինքնին հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնարար փաստաթուղթերու իրագործման տեսանկիւնէ», նշեց Կալուզին: