
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, վկայակոչելով Պաքուէն մնայուն կերպով հնչող յայտարարութիւնները Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողմէ զինադադարի խախտումներուն վերաբերեալ՝ յայտնեց, որ կան լուրջ մտահոգութիւններ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, ի հեճուկս իր իսկ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն, հող կը պատրաստէ Արցախի մէջ թշնամական գործողութիւններու եւ ցեղային զտումներու իրականացման։
Ընդգծելով, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն կողմէ հրապարակուող տեղեկատուական նիւթերուն մէջ արձանագրուած են զինադադարի՝ միայն ատրպէյճանական կողմէ խախտումներ` նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ «ուժի կիրառման հերթական գործողութիւններն իրականացնելուց առաջ Բաքուն ապահովում է դրանց տեղեկատուական նախապատրաստումը եւ ապագայ գործողութիւնների պատասխանատուութիւնն արհեստականօրէն ի սկզբանէ վերագրումը միւս կողմին»:
Վերջին շաբաթներուն, գրեթէ ամէն օր, Պաքու կը հաղորդէ, թէ Արցախէն եւ Հայաստանէն կը ռմբակոծեն ատրպէյճանական դիրքեր: Երեւան եւ Ստեփանակերտ կը հերքեն Պաքուի պնդումները` ատրպէյճանական կողմը մեղադրելով զինադադարի խախտման մէջ:
Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն՝ խստագոյնս հետեւելու զինադադարի դրութեան պահպանման եւ հետաքննելու Ատրպէյճանի կողմէ արձանագրուող բոլոր դէպքերը` հրապարակաւ ներկայացնելով իրերու ամբողջ դրութիւնը:
Երեւան վերահաստատեց իր դիրքորոշումը Արցախ միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ, որ, ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան, «եւս կարող է հաւաստի եւ անկողմնակալ տեղեկատուութիւն տրամադրել ինչպէս կողմերի միջեւ շփման գծում իրավիճակի վերաբերեալ, այնպէս էլ Լեռնային Ղարաբաղում առկայ հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամի վերաբերեալ»:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը վստահ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցերի հասցէագրումը միջազգային մեխանիզմի (գործիքակազմի) շրջանակներում Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով հրատապ է եւ անյետաձգելի», յայտարարեց նախարարութիւնը եւ միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց՝ աջակցելու այս գործընթացին:
ՊԱՔՈՒ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ
«Հայաստան խաղաղարար ջանքերը խոչընդոտելու եւ ստայօդ յայտարարութիւններով հանդէս գալու փոխարէն` պէտք է գործով յարգէ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Ղարաբաղի շրջանը», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ արձագանգելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան:
«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկերեսութեամբ ռազմական սադրանքներու պատասխանատուութիւնը կը բարդէ Ատրպէյճանի վրայ, ի հեճուկս մեր երկրի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, կը խրախուսէ Ղարաբաղի շրջանը միջազգային առաքելութիւն ուղարկելը, կը միջամտէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն, ինչ որ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ Հայաստան որեւէ նշանակութիւն չի տար միջազգային իր պարտաւորութիւններուն», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ հայկական կողմին անգամ մը եւս կոչ ուղղելով՝ «անյապաղ դուրս բերելու հայկական զինուած կազմաւորումները Ատրպէյճանի տարածքէն»: