Խորագրի բանագողութիւն չէ ըրածս։ Այս խորագրին տակ, Օգոստոս 21ին «Ճերուզալեմ փոսթ» թերթին մէջ, յօդուած մը գրած է Ամերիկայի հրէական կոմիտէի (AJC) գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Հէրիս, իսկ յօդուածին շարժառիթն է հրէական այլ կազմակերպութեան մը՝ ADL-ի գործադիր տնօրէն Ապրահամ Ֆոքսմանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող յայտարարութիւններու շուրջ բարձրացած աղմուկը, որուն վերջերս լայնօրէն անդրադարձաւ ամերիկեան մամուլը։
Ապրահամ Ֆոքսմանի գլխաւորած ADL-ի ղեկավարութիւնը Օգոստոս 21ին փոխեց իր կեցուածքը եւ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, բայց շարունակեց պնդել, որ ԱՄՆ Քոնկրէսին ներկայիս 226 քոնկրէսմԷններու հովանաւորութիւնը վայելող բանաձեւը կառուցողական չէ եւ կը վնասէ ԱՄՆ-Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն։
Ֆոքսմանի վերոնշեալ նահանջէն ետք եւ ի մտի ունենալով Հէրիսի յօդուածին մէջ տեղ գտած միտքերը կարելի է ըսել, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական կեանքին մէջ հրէական ազդեցիկ այս երկու կազմակերպութիւնները փաստօրէն կը կանգնին նոյն դիրքի վրայ, եւ որուն կը համընկնին Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան ու պաշտօնական Անգարայի կեցուածքները։
Հայութեան համար Թուրքիոյ կեցուածքը բացատրութիւն ունի։ Ցեղասպանութեան հեղինակներու ժառանգորդ այս պետութիւնը տարիներ շարունակ քաղաքական, տնտեսական եւ քարոզչական բոլոր միջոցներով կը փորձէ ձեռքերը լուալ պատմական այս ոճիրէն եւ հայութիւնը այդ ոճիրի արդար հատուցումը ձեռք ձգելու յարատեւ պայքարի մը մէջ է։
Ամերիկեան գործադիր իշխանութեան կեցուածքը սերտօրէն առնչուած է ներքոնշեալ հրէական կազմակերպութիւններու կեցուածքին հետ, որովհետեւ ոչ մէկուն համար գաղտնիք չէ հրէական կազմակերպութիւններու ունեցած դերը Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ձեւաւորման մէջ։
Հայութեան համար զայրոյթ պատճառողը հրէական կողմի (Իսրայէլի եւ հրէական կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւններու) կեցուածքն է։ Տէյվիտ Հէրիս կարծես, թէ լաւապէս ծանօթ է ամերիկահայութեան անհանգստութեան պատճառներուն, երբ կ՚ըսէ. «Հայկական կեցուածքը ուղղակի է։ Որպէս Ողջակիզման զոհեր, ո՞վ աւելի լաւ պիտի հասկնայ հայութեան չարչարանքն ու տառապանքը քան թէ հրեաները։ Ողջակիզումը ժխտելու վտանգէն սարսափած, հրեաները չե՞ն, որ ամենաշատ մտահոգուած են պատմական ճշմարտութիւնը շրջելէ։ Եւ Ատոլֆ Հիթլերը չէ՞ր, որ հարցուց. «Ո՞վ այսօր կը խօսի հայերու բնաջնջման մասին», որուն արդիւնքով ճամբայ կը հարթէր Վերջնական Հաշուեյարդարին»։
Հրէական աջակցութիւնը ակնկալող հայութեան տրամաբանական հիմնաւորումները վերոնշեալ կարճ պարբերութեամբ ներկայացնելէ ետք, Տէյվիտ Հէրիս կարիքը կը զգայ աւելի երկար կանգ առնելու Թուրքիոյ մօտեցումներուն աջակցելու հիմնաւորումներուն վրայ։ Այստեղ կը նշուի «երախտարժան» այն փաստը, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը 15րդ դարուն հիւրընկալած է Սպանիայէն արտաքսուած հրեաները։ «Աւելին, թուրք ղեկավարները, յաճախ աւելի կարծր դիրք ցուցաբերելով, մեղմ ու քօղարկուած ոճով, կը հասկցնեն, թէ հրեաներուն պատմութեան հայկական մեկնաբանութիւնը ընդունիլը կրնայ բացասական հետեւանքներ ունենալ հրէական այլ շահերու վրայ, Թուրքիայէն ներս եւ անկէ անդին։
«Եւ այս մեղքով է, որ շատ մը հրեաներ տարիներէ ի վեր կ՚ապրին, հիմնականօրէն գործնապաշտութիւնը գերադասած են սկզբունքէն։ Հանգիստ դիտողներուն համար, կրնայ դիւրին ընտրութիւն մը թուիլ, սակայն, քաղաքական աշխարհին մէջ, երբ քայլերը կրնան իրական կեանքին վրայ հետեւանքներ ունենալ, հարցը այլ է։
«Նայեցէք Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ կառավարութիւններուն, դեմոկրատ կամ հանրապետական ղեկավարներուն։ Բոլորը նոյն եզրակացութեան հասած են. Թուրքիա էական կարեւորութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական շահերուն համար, տարածուած է երկու ցամաքամասերու վրայ, Եւրոպա եւ Ասիա, սահմանակից է կարեւոր երկիրներու՝ նախկին Խորհրդային Միութենէն մինչեւ Իրան, Իրաք եւ Սուրիա, եւ կը ծառայէ որպէս ՆԱԹՕի հարաւարեւելեան պահապան։ Իւրաքանչիւր վարչակազմ խուսափած է, երբ Հայկական հարցին ընդառաջ եկած է, փորձած է ետ մղել ԱՄՆ Քոնկրէսը 1915ի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալէ, հակաճառած է, որ երրորդ կողմի խորհրդարանական միաւորը ճիշտ տեղը չէ պատմական վէճ մը լուծելու»։
Հակառակ անոր, որ Հէրիս կը խոստովանի, թէ 1915ին պատահածը «ցեղասպանութիւն էր, որ տեղի ունեցաւ բառը գտնուելէն աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ», սակայն, ըստ երեւոյթին, ինք եւս «գործնապաշտութիւնը կը գերադասէ սկզբունքներէն», երբ կ՚ըսէ. «Ես զօրաւոր կապ ունիմ Թուրքիոյ հետ, երկիր մը, զոր բազմաթիւ առիթներով այցելած եմ եւ որուն շատ մօտիկ կը զգամ։ Ես մինչեւ այսօր երախտապարտ կը մնամ այն ապաստանին համար, որ Օսմանեան կայսրութիւնը պարգեւեց հաւատաքննութենէն (Inquisition) փախած հրեաներուն։ Ես խորապէս կապուած եմ Թուրքիոյ հրեայ համայնքին հետ եւ հիացած եմ անոնց հայրենասիրութեան եւ իրենց հայրենիքին համար կատարած անսահման ներդրումին վրայ։ Ես խորապէս կը գնահատեմ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ եղած կապը, որ կը ծառայէ այս դժուար տարածաշրջանին մէջ ապրող երկու ժողովրդավար ժողովուրդներու շահերուն։ Եւ ես բարձր կը գնահատեմ Թուրքիոյ դերը, որպէս ՆԱԹՕի յառաջապահ եւ Միացեալ Նահանգներու բարեկամ»։
Ակնարկելէ ետք Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ երգուած յանկերգին, որ պէտք է հայ պատմաբաններ քով-քովի գան եւ քննարկեն հարցը, Տէյվիտ Հէրիս ինքզինք լուրջ հակասութեան մը մէջ կը մխրճէ, երբ AJC-ի կողմէ հրատարակուած գիրքէ մը մէջբերում կ՚ընէ՝ որպէս իրենց կողմէ որդեգրուած համոզում. «Ըսել, թէ Հայկական ցեղասպանութիւնը այսօր վիճելի հարց է, կամ բան մը որ հին պատմութեան կը պատկանի, լաւ չ’ընկալուիր անոնց կողմէ, որոնք կ՚ընդդիմանան Ողջակիզումի ուրացումին»։
Այս վերջին մէջբերումին լիովին համաձայն ենք եւ անոր ճշմարիտ ըլլալուն ականատեսն ալ եղանք անցնող քանի մը օրերուն, երբ «Ողջակիզումը ուրանալուն ընդդիմացող» հրեայ մտաւորականներ, անհատ քաղաքական գործիչներ, կղերականներ եւ նոյնիսկ խնդրոյ առակայ երկու կազմակերպութիւններու բազմաթիւ անդամներ բուռն հակազդեցութիւն ցուցաբերեցին «գործնապաշտութիւնը գերադասող» ղեկավարութեան վիրաւորական յայտարարութիւններուն դէմ։
Օգոստոս 21ին, Մէսէչուսէց նահանգի հրեայ մեծաթիւ բնակչութիւն ունեցող Նիւթըն քաղաքի հրեայ քաղաքապետ Տէյվիտ Քոհէն քաղաքի աւագանին հանդիպման մը հրաւիրած էր, եւ այնտեղ ողջունելէ ետք ADL-ի դիրքորոշման վերջին փոփոխութիւնը ըսաւ. «Լաւ սկիզբ է, բայց ոչ բաւարար»։ Բաւարարուած չըլլալու որպէս օրինակ մտանանշեց, թէ ADL-ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ «Հայկական եւ Ցեղասպանութիւն բառերը Հրեայ եւ Ողջակիզում բառերով եթէ փոխարինենք, յայտարարութիւնը ընդունելի պիտի չըլլայ անոր (Ֆոքսմանին), եւ հաւանաբար այլ հրեայ գործիչներու համար»։
Ինչպէս կը տեսնենք, ADL-ի ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսմանի եւ անորմէ ետք AJC-ի ղեկավար Տէյվիտ Հէրիսի վերոնշեալ դիրքորոշումները աւելի շատ զարմացուցին անոնց, որոնք այս «գործնապաշտութիւնը գերադասող» ղեկավարութեան էութեան ծանօթ չէին։ Այս ղեկավարութիւնը «No Place For Hate» եւ այլ տեսակի մարդասիրական ու գեղեցիկ ծրագիրներու ետին փաստօրէն նոյնիսկ իրենց սեփական անդամներէն կը թաքցնեն սկզբունքայնութենէն վեր դասուած իրենց գործնապաշտութիւնը, որ հիմնուած է Տէյվիտ Հէրիսի սրտին շատ մօտիկ պետութեան՝ Թուրքիայի սպառնալիքներուն եւ վեց դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցուցաբերուած հիւրընկալութեան վրայ։ Մոռացութեան տալով, որ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ ապրող քսան հազար հրեաներու անվտանգութեան գծով Թուրքիոյ կատարած սպառնալիքը ինքնին այս պետութեան կողմէ ոչ թէ գովերգուած ժողովրդավարութեան, այլ փոքրամասնութիւններու մարդկային իրաւունքներու անտեսման ապացոյց է։
Մէկ բան պարզ ու յստակ պէտք է ըլլայ, որ ամերիկահայութիւնը իր ժողովուրդով ու ղեկավարութեամբ գործնապաշտութեամբ պիտի չառաջնորդուի եւ Ողջակիզումի ուրացումին ընդդիմացողներուն աջակցութեամբ՝ կրնայ մերկացնել սկզբունքային գեղեցիկ ծրագիրներու ետին թաքնուած «գործնապաշտները»։
(*) «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր