ՀԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱՊԱՀ ՄԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
15 Յունիսի առաւօտեան ժամը 1:35ին, Տեղի հատուածին մէջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ արձակուած կրակոցներուն պատճառով վիրաւորուեցաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ ծառայող 21ամեայ Արթիւր Ազրոյեան, որ վիրահատութեան ենթարկուեցաւ. անոր վիճակը կը նկատուի կայուն ծանր:
Երեւան եւ Պաքու տարածեցին հաղորդագրութիւններ՝ Տեղի մէջ զինադադարը խախտելու փոխադարձ մեղադրանքներ հնչեցնելով։ Երեւան, հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 11:45ին, ատրպէյճանցի զինուորներ կրակ բացին Տեղի հատուածին մէջ գտնուող հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ կիրարկելով նաեւ ականանետեր:
Պաքու իր կարգին Հայաստանը մեղադրեց ժամը 11էն սկսեալ Գորիսի շրջանի Տեղի դիրքերէն զանազան տեսակի հրաձիգներով, որոնց կարգին նաեւ ականանետերով ատրպէյճանական բանակի դիրքերը ռմբակոծելուն մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը օրուան ընթացքին նաեւ հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կէսօրէն ետք ժամը 3:10ին, Կապանի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքին վրայ կիրարկեցին անօդաչու թռչող սարք մը: Հայկական կողմէ տուժածներ չկան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ հերքեց ատրպէյճանական »Թեքեկրամ«ի ալիքներուն վրայ տարածուած տեղեկութիւնները այն մասին, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի հարաւ-արեւելեան հատուածին մէջ ծանր մարտեր կ՛ընթանան:
«Ադրբեջանական տելեգրամեան ալիքներն ապատեղեկատուութիւն են տարածում այն մասին, թէ իբր սահմանագօտու հարաւ-արեւելեան հատուածում ծանր մարտեր են ընթանում: Այդպիսով ադրբեջանական քարոզչամեքենան փորձում է տեղեկատուական հիմք ստեղծել հերթական սադրանքի համար: Ժամը 17:50ի դրութեամբ իրադրութիւնն առաջնագծում յարաբերականօրէն կայուն է», կը նշուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի դէպքերուն զուգահեռ, Արցախի ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ 14 Յունիսին, ատրպէյճանական մարտական դիրքերէ զանազան զինատեսակներով անկանոն կրակոցներ արձակեցին գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներու ուղղութեամբ «Խազազին տակ» կոչուող տեղամասին մէջ:
Կրակոցներուն պատճառով դադրեցան գիւղատնտեսական աշխատանքները:
Հաղորդագրութիւնը փոխանցուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:
Պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը շփման գիծի հիւսիսային, արեւելեան եւ հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ խախտեցին զինադադարը՝ կիրարկելով հրաձիգներ:
Ըստ Արցախի ռազմական գերատեսչութեան՝ ժամը 09:15-11:14ի շուրջ ատրպէյճանական կողմը անդադար կրակեց Մաճկալաշէն եւ Ճարտար համայնքներուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներուն ուղղութեամբ: