Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ 21 Յունիսին, Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորելու եւ ատրպէյճանական բռնարարքները լուսարձակի տակ առնելու նպատակներով հանրային քննարկում մը, որ կազմակերպուած էր Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովին կողմէ։
Քննարկումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ անմիջական քայլերու պէտք է դիմել՝ առաջքը առնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան կրկնութեան, յոյժ կարեւոր նկատելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ պատժական կտրուկ քայլերու դիմելը։
Քննարկումը առաջնորդեցին յանձնաժողովի համաատենապետներ Քրիս Սմիթ եւ Ճէյմզ ՄըքԿավըրն, իսկ անոր ընթացքին ելոյթներ ունեցան Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Ֆրենք Փալոն, մինչ Հայկական համախմբումի այլ համաատենապետ մը՝ Էտըմ Շիֆ գրաւոր ուղերձ մը յղած էր այս առիթով:

Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Միջազգային կրօնական ազատութիւններու հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ յանձնարարութիւններով նախկին դեսպան Սեմ Պրաունպեք, Երեւանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, Ամերիկեան ձեռնարկութիւններու հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպըն եւ »Քոլոմպիա« համալսարանի Խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ծրագիրի տնօրէն Տէյվիտ Ֆիլիփս:
Վերջիններս, ինչպէս նաեւ նշեալ քոնկրեսականները, կարծիքներ փոխանակեցին Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ այդ իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով ամերիկեան իշխանութիւններուն հաւական դերակատարութեան ու գործնական քայլերու վերաբերեալ:
Ամբողջ քննարկումը կարելի է դիտել www.youtube.com/watch?v=x7dFDQMwJGk կայքէջին վրայ։