Երեքշաբթի, Յունիս 20ի երեկոյեան, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կազմակերպած միջդպրոցական արտասանական 8րդ մրցումի առաջին երեք դիրքերը գրաւած աշակերտներու մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ եղան Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամներ, Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, դաստիարակներ, աշակերտներ եւ ծնողներ:

Տէրունական աղօթքի արտասանութենէն ետք, առաջնորդ սրբազանը գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ ուսուցիչ-աշակերտ-ծնող եռեակին ցուցաբերած ջանասիրութիւնը՝ հայ գրականութեան անդաստանէն վերցուած գոհարներով լեցնելու հայ մատղաշ պատանիներուն հոգին եւ միտքը, կազմակերպելու միջդպրոցական մրցումներ ու գնահատելու մրցանակակիր աշակերտները նման հանդիսութիւններով, որոնց ընդմէջէն անվարան նաեւ կը գնահատուին հայկական վարժարանները եւ հայ ծնողները, դիտել տուաւ ան, ապա շնորհաւորելէ ետք բոլոր մրցանակակիր աշակերտները՝ աւելցուց՝ ըսելով, որ իբրեւ արդար ժառանգորդները մեծն գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցին, երէցներուս դերը եւ պարտականութիւնն է հայոց լեզուն սիրելի դարձնել՝ զայն անդադար գործածելով եւ բոլոր տարիքներու աշակերտները մղելով գործածութեան, որպէսզի Ոսկեղնիկը պահպանուի ո՛չ միայն իբրեւ լեզուամտածողութիւն, այլեւ իբրեւ ցեղային հոգեմտաւոր շտեմարան ու փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի խօսք արտասանեց Խնամակալ մարմինի Հայկական ծրագիրներու վարիչ-տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճեան: Ան նախ շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ բոլոր մասնակցողները, ապա ուսուցիչները եւ ծնողները՝ դիտել տալով, որ անոնք խթանեցին աշակերտները, որպէսզի սիրեն ու գնահատեն մայրենին եւ հայկական բանաստեղծութիւնը եւ այս մրցումին իրենց մասնակցութեամբ՝ հայ գրականութենէն գոհարներ ծաղկեցնեն իրենց դեռատի շուրթերուն վրայ:
Այնուհետեւ մրցանակակիրները հրաւիրուեցան բեմ եւ ստացան գնահատագիրներ եւ նուէրներ, մինչ տարիքային առումով դասակարգուած մրցակից չորս խումբերու առաջին դիրքը գրաւող աշակերտներէն իւրաքանչիւրը արտասանեց իր ընտրած բանաստեղծութիւնը, գրական վայելքի պահեր շնորհելով ներկաներուն, ապա Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան գնահատեց արտասանական մրցումին մասնակցած բոլոր աշակերտները՝ իրենց ծափահարելի աշխատանքին եւ ջանասիրութեան համար ու նոյն ժամանակ շնորհաւորեց բոլոր վարժարանները եւ ուսուցիչները՝ թէ՛ մասնակցութեան, թէ՛ մրցանակներ ապահովելնուն համար, առանց մոռնալու ծնողները եւ անոնց բաժին բերած զոհողութիւնները, այլեւ ցուցաբերած հաւատքը եւ վստահութիւնը՝ հայկական վարժարաններու հոգեւոր, հայեցի եւ ընկերային դաստիարակութեան նկատմամբ:


Յայտնենք, որ երկու հանգրուանով՝ 29 Ապրիլին եւ 6 Մայիսին տեղի ունեցած Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կազմակերպած միջդպրոցական արտասանական 8րդ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին առաւել քան 85 աշակերտներ՝ չորս ենթաբաժանումներով. Դ կարգ, Ե-Զ կարգեր, Է-Ը կարգեր եւ Թ-ԺԲ կարգեր: Մրցումին մասնակցեցան Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս, Շամլեան, Գապայեան, Ֆերահեան, Մեսրոպեան եւ Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարանները, ինչպէս նաեւ Մերտինեան, Սահակ Մեսրոպ եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան հայկական վարժարանները, իսկ մրցումներուն արդիւնքները յայտարարուած էին օրին, արտասանական խումբերու ելոյթներու աւարտին:
Ստորեւ՝ մրցանակի արժանացած աշակերտներուն անուանացանկը.
Դ. ԿԱՐԳ
1. Մարիա Մկրեան (Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարան)
2. Նաթալի Վարդգէսեան (Վ. Ա. Շամլեան Ազգային վարժարան)
3. Արամ Մանուէլեան (Մեսրոպեան Ազգային վարժարան)
Ե. ԵՒ Զ. ԿԱՐԳԵՐ
1. Լիա Ստեփանեան (Վ.Ա. Շամլեան Ազգային վարժարան)
2. Արփի Հոխիկեան (Մերտինեան վարժարան)
3. Լօրի Օհանեան (Վ. Ա. Շամլեան Ազգային վարժարան)
3. Մուշեղ Չիւրիւքեան (Ռ. Ա. Ազգային Փիլիպոս վարժարան)
Է. ԵՒ Ը. ԿԱՐԳԵՐ
1. Լիա Քարկոտորեան (Վ. Ա. Շամլեան Ազգային վարժարան)
2. Յովիկ Մանուկ (Ֆերահեան Ազգային վարժարան)
3. Սամուէլ Գասպարեան (Մեսրոպեան Ազգային վարժարան)
3. Թերօ Թովմասեան (Ռ. Ա. Փիլիպոս Ազգային վարժարան)
3. Ալինա Ագարակեան (Վ. Ա. Շամլեան Ազգային վարժարան)
Թ.-ԺԲ. ԿԱՐԳԵՐ
1. Լորիկ Արթինեան (Մեսրոպեան Ազգային վարժարան)
2. Էլէն Ասլանեան (Ֆերահեան Ազգային վարժարան)
2. Սարին Պարոնեան (Ֆերահեան Ազգային վարժարան)
3. Էմըլինա Հախնազարեան (Ռ. Ա. Փիլիպոս Ազգային վարժարան)
3. Նիքոլ Պչաքճեան (Ռ. Ա. Փիլիպոս Ազգային վարժարան)