ԽՍՀ Միութեան փլուզումէն ի վեր առաջին անգամ հարաւային Կովկասի մէջ երեւան կու գայ տարածաշրջանային քաղաքականութեան նոր տիպի ու ձեւաչափի գործօն։
2007ի Փետրուար 7ին, Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ Հայաստանի չորս դրացիներէն երեքը՝ Վրաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները Թուրքիոյ վարչապետը, ստորագրեցին «Թիֆլիսեան հռչակագիրը», որով շեշտը դնելով միմեանց միջեւ խորացող հաղորդակցային եւ ուժանիւթային համագործակցութեան վրայ. իրականին մէջ, սակայն, հրապարակեցին տարածաշրջանի երեք երկիրներու միջեւ ընթացող, փաստօրէն, ռազմավարական բնոյթի համագործակցութեան վերաբերեալ իրենց քաղաքական դիրքորոշումը։
Թէեւ անմիջական առիթը Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի (1) շինարարութեան մեկնարկի վերաբերեալ պայմանագրի կնքումն էր (2), սակայն թէ՛ այդ երկաթուղիի շինարարութեան վերաբերեալ Անգարայի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան փաստը եւ թէ՛ յատկապէս «Թիֆլիսեան հռչակագրով» տարածաշրջանային համագործակցութեան վերաբերեալ համատեղ պատկերացումներու ներկայացումը կը խօսին հարաւային Կովկասի մէջ նոր իրավիճակի ի յայտ գալուն մասին։
Թէեւ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան խորացումը եւ հաստատութենական տարրերու ձեռքբերումը ներկայիս լուրջ ազդեցութիւն չունին հարաւ-կովկասեան զարգացումներու վրայ, սակայն հիմքեր կան պնդելու, թէ յառաջիկային անոնք կրնան առաջնային ներգործութիւն ունենալ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան վրայ՝ առնուազն հետեւեալ երեք պատճառներով.-
Ա.- Ուրուագծուող ձեւաչափը տարածաշրջանէն դուրս կը ձգէ միայն Հայաստանը, հետեւաբար՝ կը մեծնայ հաւանականութիւնը, որ մենք կրնանք ստանալ հարաւային Կովկասի մէջ հայկական ազգային շահերու գրեթէ երաշխաւորուած ոտնահարում,
Բ.- Ստեղծուող ձեւաչափի մէջ ներառուած երեք պետութիւններէն երկուքը Հայաստանի նկատմամբ կը վարեն առճակատման գիծ. Ատրպէյճանը Հայաստանը կը դիտէ որպէս սեփական ազգային անվտանգութեան ուղղուած առաջնային մարտահրաւէր, իսկ Թուրքիան կը շարունակէ Հայաստանի մեկուսացման միտող իր քաղաքականութիւնը,
Գ.- Հաշուի առնելով ներկայացուածը՝ նշուած պայմաններու մէջ ա՛լ աւելի կ’առանձնանայ Վրաստանի աշխարհառազմավարական նշանակութիւնը Հայաստանի համար, հետեւաբար՝ նոյնիսկ միջնաժամկէտ հեռանկարի մէջ Թիֆլիսի թրքական եւ ատրպեճանական ազդեցութիւններու աճն ուղղակի սպառնալիք է Հայաստանի ազգային անվտանգութեան։
ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՄԵՔԱՆԻԶՄՆԵՐԸ
Առայժմ որպէս տարածաշրջանային նոր ձեւաչափի ի յայտ գալու հիմնական մեքանիզմներ հանդէս կու գան Թուրքիոյ, Վրաստանի Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող ուժանիւթային-հաղորդակցային համագործակցութեան ընդլայնումը Թուրքիոյ հետ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ռազմաքաղաքական գործակցութիւնը։
Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագծի կառուցման վերաբերեալ 2007ի Փետրուար 7ին Թիֆլիսի մէջ կնքուած եռակողմ պայմանագիրը Հայաստանի դրացի երեք երկիրներու միջեւ առկայ ուժանիւթային-հաղորդակցային համագործակցութեան վերջին օրինակն է։
Ըստ պայմանաւորուածութեան՝ կը նախատեսուի կառուցել Թուրքիան Վրաստանին կապող 98 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութեամբ երկաթագիծ, որմէ 68 քմ.ը՝ թրքական տարածքի մէջ, իսկ 30 քմ.ը՝ վրացական (3)։ Բացի այդ, կը նախատեսուի վերանորոգել վրացական երկաթագծի, ընդհանուր առմամբ, 192 քմ.նոց հատուած։ Նախագիծի արժէքը կը կազմէ մօտ 600 միլիոն տոլար, որմէ Թուրքիա պիտի ծախսէ մօտաւորապէս 220 մլն., Վրաստանը՝ 202 մլն. (4), եւս 178 մլն. կը նախատեսուի յարակից ենթակառոյցներու կառուցման համար։ Շինարարական եւ վերակառուցողական աշխատանքները պիտի սկսին այս տարուան Յունիսի վերջին-Յուլիսի սկիզբը: Ըստ նախագիծի, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագծով առաջին գնացքը պէտք է ընթանայ 2010 թուականի Մայիսին՝ ապահովելով տարեկան մօտաւորապէս 30 մլն. թոն բեռնափոխադրութիւն (5)։
Ինչպէս յայտնի է, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագծի նախագիծը եկաւ գումարուելու 1990ական թուականներու երկրորդ կէսէն Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեւաւորուած ուժանիւթային-հաղորդակցային համագործակցութեան։
1999 թուականի Ապրիլ 17ին շահագործման յանձնուեցաւ Պաքու-Սուփսա (Վրաստան) 926 քմ.նոց նաւթամուղը վրացական Սուփսա բնակավայրի (6) մօտ կառուցուող քարիւղային հանգրուանը։ Նախագիծը արժեց մօտաւորապէս 320 միլիոն տոլար։ Տարեկան այդ նաւթամուղով հնարաւոր է տեղափոխել մօտաւորապէս 5 մլն. թոն քարիւղ։
2006ի Յուլիս 13ին Միջերկրական ծովու ափին գտնուող թրքական Ճէյհան նաւահանգիստի մէջ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի նախագահներու եւ Թուրքիոյ վարչապետի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան նաւթամուղի բացման արարողութիւնը։ Նաւթամուղը, որուն երկարութիւնն է 1767 քմ. եւ որուն շինարարութեան վրայ ծախսուած է մօտաւորապէս 4 միլիառ տոլար, տարեկան Կասպիցէն դէպի Միջերկրական ծով՝ Ճէյհանի քարիւղային հանգրուանը կրնայ տեղափոխել մօտաւորապէս 50 մլն. թոն նաւթ։
Երրորդ, կը նախատեսուի այս տարի շահագործման յանձնել Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում (Թուրքիա) կազամուղը, որ Կասպիցի մէջ գտնուող ատրպեճանական Շահ Տենիզ կազահանքէն բնական կազը պէտք է տեղափոխէ Վրաստան եւ Թուրքիա։ Կ’ենթադրուի, որ South Caucasus Pipeline անուամբ այդ կազամուղը կրնայ հետագային միանալ Եւրոմիութեան կողմէ իրականացուելիք Nabucco նախագիծին, որ կեդրոնասիական ու մերձաւոր արեւելեան շարք մը երկիրներէն բնական կազը պէտք է տեղափոխէ Եւրոպա՝ շրջանցելով Ռուսիան, կամ GREU նախագիծը, որ նոյն կապոյտ վառելանիւթը՝ Վրաստանէն, Սեւ ծովու յատակէն ու Ռումանիայէն պէտք է հասցնէ եւրոպական շուկայ։ Կը ծրագրուի, որ Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազամուղը տարեկան կրնայ տեղափոխել մօտ 20 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ, կառուցուող կազամուղի ընդհանուր երկարութիւնը պիտի կազմէ մօտաւորապէս 800 քմ., իսկ արժէքը՝ շուրջ 1 միլիառ տոլար։
Եւ վերջապէս, կողմերու ծրագրերու մէջ կայ երեք երկիրները իրարու կապող բարձրավոլթ ելեկտրագիծեր անցնելու կէտը։
Ներկայացուածի իմաստով պակաս կարեւոր չէ Թուրքիոյ հետ Ատրպէյճանի ու Վրաստանի ռազմաքաղաքական համագործակցութիւնը։ Եթէ թուրք-ատրպեճանական ռազմաքաղաքական համագործակցութեան մակարդակը ծաւալները յայտնի են, ապա Երեւանը պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ նշուած ոլորտին մէջ Անգարայի ու Թիֆլիսի միջեւ զարգացող գործակցութեան։
Վրաստանի ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ Թուրքիան ներկայացուած է որպէս տարածաշրջանային առաջատար գործընկեր, իսկ վերջինիս հետ Թիֆլիսի յարաբերութիւնները բնութագրուած են՝ ռազմավարական։ Առանձին երկիրներու հետ յարաբերութիւններու առումով վրաց-թրքական յարաբերութիւնները պաշտօնական Թիֆլիսը փաստօրէն կը դնեն երրորդ տեղը՝ Միացեալ Նահանգներէն եւ Ուքրանիայէն յետոյ։ Աչքի կը զարնէ ռազմական ոլորտի մէջ երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը։ 1997 թուականին ռազմական գործակցութեան վերաբերեալ թուրք-վրացական պայմանագրի կնքումէն ի վեր Միացեալ Նահանգներէն յետոյ Թուրքիան դարձեր է Վրաստանին ռազմական օգնութիւն ցոյց տուող երկրորդ երկիրը. միջազգային գնահատականներու համաձայն՝ 1998-2005 թուականներուն ընթացքին Վրաստանի զինուած ուժերուն թրքական ռազմա-արհեստագիտական օգնութեան ծաւալը կազմած է 37 միլիոն տոլար։
ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐԸ
Նոր ձեւաչափի կազմաւորման նպաստող առանցքային գործօն են ռուս-վրացական լարուած յարաբերութիւնները։ Եթէ 2003 թուականին Սահակաշւիլիի վարչակազմի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք Վրաստանի մէջ ամերիկեան ազդեցութեան աճը նպաստեց 1991էն ի վեր Մոսկուայի ու Թիֆլիսի միջեւ հակասութիւններու աննախընթաց խորացման, ապա տարածաշրջանային հարթութեան վրայ այդ հակասութիւնները անուղղակիօրէն պատճառ հանդիսացան Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան համագործակցութեան ընդլայնման, քանի որ տարածաշրջանային առումով ռուս-վրացական յարաբերութիւններու վատթարացումը նպաստեց Թիֆլիսի մէջ առաջին հերթին Թուրքիոյ արժեւորման։
Միւս կողմէ՝ Վրաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ ուժանիւթային ճնշման մարտավարութեան կիրարկումը յանգեցուց՝ Ատրպէյճանէն Թիֆլիսի ուժանիւթային կախուածութեան մեծնալուն։ Տարածաշրջանային յարաբերութիւններու առումով այդ հանգամանքը միայն կը նպաստէ Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան գործակցութեան խորացման։
Եւ վերջապէս, երրորդ՝ ոչ պակաս կարեւոր գործօն կրնայ հանդիսանալ ՆԱԹՕին Վրաստանի անդամակցութիւնը։ Թէեւ հիմնաւորուած կը թուի այն գնահատականը, ըստ որուն՝ Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքին Վրաստանի անդամակցութիւնը պիտի յանգի այդ երկրին մէջ թրքական ազդեցութեան նուազումին (7), սակայն այստեղ պէտք է հաշուի առնել նաեւ հետեւեալը.
– ՆԱԹՕին Թիֆլիսի անդամակցութիւնը առնուազն միջնաժամկէտ հեռանկարով, աւելի եւս պիտի սրէ ռուս-վրացական յարաբերութիւնները,
– Այդ պայմաններուն մէջ տարածաշրջանային աջակցութեան ապահովման խնդիրը կրնայ շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն ստանալ Թիֆլիսի մէջ, քան կայ այսօր։
ՀԵՏԵՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Թուրքիոյ, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ գործակցութեան խորացումը եւ ձեռք բերուող նոր պայմանաւորուածութիւններու բնոյթը հիմք կու տան ենթադրելու, որ երեք երկիրներուն առնչուող զարգացումներէն Անգարա-Թիֆլիս-Պաքու գիծը աստիճանաբար կը ձեւափոխուի, վերածուելով տարածաշրջանային մէկ ընդհանուր գործօնի։ Այդ առումով, «Թիֆլիսեան հռչակագիրի» ի յայտ գալը բաւական յստակ ցուցանիշ է։
Անշուշտ, Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան եռեակի միջեւ ընթացող համագործակցութիւնը նոր չէ, սակայն նորութիւնը այն է, որ անիկա նման մակարդակի մը հասեր է այժմ, եւ ինչ որ աւելի կարեւոր է՝ միտում ունի խորանալու։
Միւս կողմէ՝ հարաւային Կովկասը կը գտնուի տարածաշրջանային անվտանգութեան նոր համակարգի ձեւաւորման փուլի մէջ։
Թէեւ քիչ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային ամբողջ տարածաշրջանը ընդգրկուի անվտանգութեան մէկ ընդհանուր համակարգի մէջ, սակայն մեծ է հաւանականութիւնը, որ յառաջիկային հարաւ-կովկասեան երկիրները վերանային իրենց անվտանգութեան ռազմավարութիւնները։ Այդ առումով որոշիչ գործօն կրնայ դառնալ ՆԱԹՕին Վրաստանի անդամակցութիւնը կամ անոր անյաջողութիւնը այդ գործին մէջ։
Նշուած իմաստով պարզ կը դառնայ, որ միջնաժամկէտ հեռանկարով որպէս Հայաստանի ազգային անվտանգութեան առնչուող ռազմաքաղաքական հիմնական խնդիր պիտի առանձնանայ հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան համակարգի ընթացող ձեւափոխման հարցը՝ ետ մղելով բուն Ղարաբաղեան հիմնախնդիրը։
ԾԱՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.-
1.- Թէեւ տեղեկատուական դաշտի մէջ աւելի տարածուած է «Կարս-Ախալքալաք-Թիֆլիսի երկաթագիծ» անուանումը, սակայն ուշագրաւ է, որ իրենք՝ նախագիծի մասնակիցները, որոշեր են զայն կոչել Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագիծ։
2.- Պայմանագիրը կնքուեցաւ նոյն օրը՝ 2007 թուականի Փետրուար 7ին, Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի երթեւեկութեան նախարարներու եւ Վրաստանի տնտեսական զարգացման նախարարի միջեւ։
3.- Վրաստանի միջոցով թրքական երկաթուղային ցանցը կը կապուի ատրպեճանական ցանցին՝ շրջանցելով Հայաստանը։
4.- Հարկ է նշել, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագծի կառուցման կապակցութեամբ վրացական կողմի մօտ ծագած ֆինանսական խնդիրը լուծուեցաւ ատրպեճանական վարկի միջոցով։ Ըստ 2007 թուականի Յունուար 13ին Թիֆլիսի մէջ Ատրպէյճանի երթեւեկութեան նախարար Զիա Մամէտովի ու Վրաստանի տնտեսական զարգացման նախարար Գէորգի Արւելածէի կողմէ ստորագրուած համաձայնագրի՝ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթագծի կառուցման համար Ատրպէյճանը 25 տարիով Վրաստանին տրամադրեց 220 միլիոն տոլարի վարկ՝ տարեկան 1 տօկօս տոկոսով։
5.- Համեմատութեան համար նշենք, որ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող, սակայն Անգարայի կողմէ արգելափակուած Գիւմրի (Հայաստան) – Կարս (Թուրքիա) երկաթագծով կարելի է տարեկան տեղափոխել մօտաւորապէս 10 մլն. թոն բեռ։
6.- Կը գտնուի վրացական Փոթի նաւահանգիստէն մօտաւորապէս 15 քմ. հարաւ։
7.-Քանի որ պիտի նուազի Վրաստանի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Թուրքիոյ այսօրուան դերակատարութիւնը՝ իր տեղը զիջելով կազմակերպութեան՝ ՆԱԹՕին։