ՇԵՇՏՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՊԱՏՇԱՃ ՀԱՍՑԷԱԳՐՈՒՄԸ
Ամերիկայի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ, 27 Յունիսին ընթացք առին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեկոյեան յայտարարեց, որ արդէն աւարտեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը:
«Հայաստանի արտգործնախարարը բարձրացրեց առկայ խնդիրները, որոնց լուծումը առանցքային է տարածաշրջանում խաղաղութեան համար։ Հաստատեց այդ ուղղութեամբ աշխատելու Հայաստանի կամքը՝ ընդգծելով կողմերի պարտաւորութիւնները», նշեց նախարարութիւնը։

Բանակցութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ Հինգշաբթի, 29 Յունիս։
Նախքան բանակցութիւններու եռակողմ հանդիպումը, Միրզոյեան եւ Պլինքըն ունեցան երկկողմ հանդիպում մը եւ քննարկեցին Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Միրզոյեան ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ ռազմատենչ հռետորաբանութենէ հրաժարելու, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ ռազմագերիները վերադարձնելու հրամայականը:
Միրզոյեան եւ Պլինքըն քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր:
«Կարեւորուել է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի ապահովումը` հիմնուած Ալմա Աթայի հռչակագրի եւ 1975թ. քարտէզի վրայ, սահմանից զօրքերի յետքաշումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հարցերի պատշաճ հասցէագրումը` որպէս տարածաշրջանում յարատեւ խաղաղութեան հաստատման կարեւոր գործօն», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Զրուցակիցները, ըստ հաղորդագրութեան, միտքեր փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկութեան հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հարցերու շուրջ:
Պլինքըն անջատ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պայրամովի հետ. ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ վերջինը դժգոհութիւն յայտնեց, թէ «Երեւան խաղաղութեան գործընթացը խոչընդոտելու փորձեր կ՛ընէ եւ սադրանքներու կը դիմէ»։

«Կողմերը քննարկեցին հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացը, բանակցութիւններու հեռանկարը», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ աւելցնելով. «Նշուեցաւ, որ խաղաղութեան գործընթացի յաջող աւարտին համար անհրաժեշտ է զերծ մնալ սադրիչ քայլերէ, դուրս բերել հայկական զինուած ուժերը ատրպէյճանական տարածքներէն, յարգել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով»:
Աւելի ուշ, Պլինքըն հանդիպումին մասին «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրառում մը կատարեց՝ նշելով. «Այս շաբաթ արտաքին գործոց ազգային ուսումնական կեդրոնին մէջ կը հիւրընկալենք արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի խաղաղ բանակցութիւնները: Կ՛աջակցինք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ մնայուն եւ արժանապատիւ համաձայնութեան ուղղութեամբ աշխատանքին: Երկխօսութիւնն է կայուն խաղաղութեան բանալին»։