ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքեան դատարան մը նախկին սիւննի երեսփոխան մը զեղծարարութեան յանցանքով դատապարտեց 15 տարուան բանտարկութեան: Միշաան Ճապուրի կ’ամբաստանուի Իրաքի քարիւղի ճարտարարուեստի մարզէն միլիոնաւոր տոլարներ գրպանելու համար:
Անոր զաւակը եւս նոյն ճակատագրին մատնուեցաւ, սակայն երկուքն ալ ի բացակայութեան դատապարտուեցան, որովհետեւ անոնք արդէն իսկ Իրաքէն փախուստ տուած են:
Անցեալ շաբաթ Իրաքի խորհրդարանը խլած էր Ճապուրիին երեսփոխանական անձեռնմխելիութիւնը: