Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը:
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին՝ անոնք քննարկեցին Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը եւ զայն յաղթահարելու ուղիները:
Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երկու երկիրներու ղեկավարները անդրադարձան Լաչինի միջանցքով անխոչընդոտ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապի ապահովման հարցերուն:
«Ընդգծուեցաւ 2020-2022 թուականներուն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ համաձայնութիւններու ամբողջ ծրարի հետեւողական իրականացման սկզբունքային նշանակութիւնը», կը շեշտէ Քրեմլին։
Ըստ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութեան՝ Փութին հաստատեց ռուսական կողմին պատրաստակամութիւնը` շարունակելու գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակման։
Մինչ այդ, Արցախի Ազգային անվտանգութեան նիստին, ըստ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի աշխատակազմի հաղորդագրութեան, յայտարարուեցաւ, որ քննարկումի նիւթ եղան, Արցախի նախագահին խնդրանքով, Հայաստանի վարչապետին ոեւ Ռուսիոյ նախագահին միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին արդիւնքները:
Արցախի նախագահը աւելի կանուխ նամակով դիմած էր Ռուսիոյ նախագահին՝ ներկայացնելով երկրին եւ ժողովուրդին ծանրագոյն վիճակը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի հակաճգնաժամային խորհուրդի նախագահ Տիգրան Պետրոսեան` առանց նամակին բովանդակութիւնը հրապարակելու:
«Իշխանութիւնը նամակ է ուղղել Պուտինին, որում ներկայացուած է երկրի ու ժողովրդի ծանրագոյն վիճակը: Կարծում եմ, որ եթէ վաղը յստակ քայլեր չտեսնենք ՌԴ կողմից, ապա լռելը հաւասարազօր կը լինի կործանման… Վաղն էլ համբերենք, յետոյ հրաբուխի պէս պէտք է պայթենք` յանուն մեր երեխաների, յանուն մեր արժանապատուութեան», գրած է Պետրոսեան` յայտնելով, որ արցախցիներուն մեծամասնութիւնը հաւատացած է ոչ թէ Հայաստանի ղեկավարին կամ Արցախի ղեկավարին, այլ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի խօսքերուն, որ Արցախի մէջ հայերը պիտի ապրին ապահով ու արժանապատիւ:
«Այսօր մենք ոչ թէ ապրում ենք, այլ գոյատեւում ենք, իսկ նրանք, ովքեր մեզ անվտանգութիւն, արժանապատուութիւն ու ազատ տեղաշարժ են խոստացել, ուղղաթիռով իրենց համար ուտելիք են կրում, թողնելով մեզ այսպիսի վիճակում», կը շեշտէ Պետրոսեան: