Արցախի պաշտպանութեան բանակին մասին կեղծ խօսոյթներ յօրինելով եւ յառաջ մղելով՝ Ատրպէյճան, ըստ էութեան, կը ժխտէ Արցախի ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան անքակտելի իրաւունքը եւ կը ձգտի զայն զրկել սեփական ապահովութեան երաշխաւորման բոլոր միջոցներէն եւ կարելիութիւններէն: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Չնայած այն հանգամանքին, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբն արցախեան կողմից հրադադարի խախտում երբեք չի արձանագրել՝ պաշտօնական Բաքուն շարունակում է իր դիրքերը գնդակոծելու մասին կեղծ մեղադրանքներ ներկայացնել Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հասցէին եւ միեւնոյն ժամանակ սաստկացնել ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը՝ դրանով իսկ տեղեկատուական եւ քարոզչական հող նախապատրաստելով Արցախի Հանրապետութեան դէմ նոր ագրեսիայի (յարձակման) համար: Դրա մասին է վկայում նաեւ այն փաստը, որ Ադրբեջանի իշխանութիւնները շարունակում են հետեւողականօրէն մերժել առաջարկները՝ Արցախ, այդ թւում՝ Լաչինի միջանցք ուղարկել միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն, որը կը կարողանայ տեղում գնահատել իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեանը ներկայացնել իրականութեան օբյեկտիւ (առարկայական) պատկերը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Արցախի նկատմամբ նման անթաքոյց ռազմաքաղաքական շանտաժը (սպառնալիքը), այդ թւում հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) շարունակական խախտումները, ռասայական (ցեղապաշտական) ատելութեան եւ խտրականութեան հրահրումն ու քարոզչութիւնը, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, տրանսպորտային (երթեւեկութեան) եւ էներգետիկ (ուժանիւթի) ամբողջական շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքում ադրբեջանական հսկիչ անցակէտի ապօրինի տեղադրումն անընդունելի են եւ հանդիսանում են 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի Եռակողմ յայտարարութեամբ Ադրբեջանի ստանձնած պարտաւորութիւնների, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուարի 22ի որոշման կոպիտ խախտում», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ ակնյայտ է, թէ Ատրպէյճանի թշնամական եւ ապակայունացնող գործողութիւնները նպատակ ունին նաեւ թոյլ չտալ, որ ստեղծուին պայմաններ հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացի եւ կողմերուն միջեւ հաւասարութեան ու բարեխղճութեան վրայ հիմնուած կառուցողական երկխօսութեան վերսկսման:
Պաշտօնական Ստեփանակերտը անընդունելի կը նկատէ, որ «միջազգային հանրութիւնը «եւ, մասնաւորապէս, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, առանց պատշաճ ուշադրութեան եւ արձագանգի թողնեն Ադրբեջանի սպառնալիքները»:
Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ միջազգային հանրութեան պատասխանատու անդամները եւ, մասնաւորապէս, խաղաղ գործընթացին մէջ ներգրաւուած բոլոր դերակատարները պէտք չէ անտեսեն եւ առաւել եւս՝ որոշակի յայտարարութիւններով խրախուսեն Ատրպէյճանի կողմէ իր միջազգային պարտաւորութիւններու խախտումները, Արցախի ժողովուրդին դէմ կատարուող ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը, որ կրնայ վերածուիլ աւելի լայնածաւալ յանցագործութեան:
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը արձագանգեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութենէն հնչած այն քննադատութեան, թէ «միջնորդների մօտեցումները չպէտք է կանխորոշեն բանակցութիւնների արդիւնքը»:
«Հարցերու կարգաւորման եւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ճամբան ուղիղ երկխօսութիւնն է: Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի ապագային վերաբերեալ բանակցութիւններու արդիւնքներ չի կանխորոշեր: Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի համաձայնութեան կայացման, որ պիտի ըլլայ տեւական, կայուն եւ պիտի ապահովէ հիմքեր խաղաղութեան համար։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու ու ապահովութեան հարցը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան առանցքը կը հանդիսանայ: Վերջապէս, չափէն աւելի երկար տեւած եւ բազմաթիւ մարդկային կեանքեր արժած այս հակամարտութեան տեւական կարգաւորումը երաշխաւորելու միակ ճամբան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակողներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովումն է եւ իրենց տուներուն մէջ ապահովութեան զգացում ունենալը», ըսաւ դեսպան Քրիսթինա Քուին: