Շրջափակման 209րդ օրը, ատրպէյճանցիները ընդամէնը քանի մը ժամով վերականգնեցին Արցախի կազամատակարարումը, սակայն կապոյտ վառելանիւթը արցախցիներուն բնակարանները չհասաւ: Մինչ «Արցախգազ»ը կը նախապատրաստուէր մատակարարման մեկնարկին, Հայաստանէն մտնող կազատարը դարձեալ փակուեցաւ: «Ազատութիւն»ը կը յայտնէ, թէ չյստակացաւ, որ Ատրպէյճան ինչո՛ւ այսպիսի քայլի մը դիմեց:
Ընդհանուր առմամբ, կազամատակարարումը խափանուած է առաւել քան երեք ամիսներէ ի վեր, իսկ տարեսկիզբէն Հայաստանէն Արցախ հոսանք չի մտներ. տեղական ելեկտրականութիւն կը մատակարարուի միայն քանի մը ժամով: Թէ՛ կազատարը, թէ՛ ելեկտրական գիծը կ՛անցնին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հատուածով:
Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան 9 Յուլիսին յայտնեց, որ արցախեան կողմին հետ կազամատակարարման վերականգնման, ապա խափանման հարցով Ատրպէյճանի հետ որեւէ հաղորդակցութիւն տեղի չէ ունեցած: Իսկ երեք ամիս ետք, քանի մը ժամով կազի մակատարարման վերականգնման պատճառները, ըստ Բեգլարեանի, միայն կարելի է ենթադրել:
«Այս քայլի գլխաւոր նպատակը միգուցէ կոնկրետ (տուեալ յստակ) պահի արտաքին ճնշումը որոշակիօրէն նուազեցնելն էր, սակայն վստահ եմ, որ մի շարք այլ նպատակներ էլ են հետապնդել Ադրբեջանի իշխանութիւնները, օրինակ՝ ցանկացած պահի անակնկալ կերպով միացնել-անջատելու միջոցով յարուցել մշտական անորոշութիւններ եւ տարաբնոյթ բամբասանքներ ու կասկածներ Արցախի բնակչութեան շրջանում, որի օգտին է խօսում այսօրուայ ընդհատումը», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Բեգլարեան:
Կազի մատակարարման, ապա անջատման անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Խոստմնալից սկսած օրը դարձեալ աւարտեցաւ հիասթափութեամբ եւ յուսախաբութեամբ։ Ինչպէս բազմիցս կրկնած է Եւրոպական Միութիւնը, շատ կարեւոր է, որ ուժանիւթի մատակարարումը վերականգնի առանց սահմանափակումներու, ինչպէս նաեւ՝ մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով: Պաքու-Ստեփանակերտ իրական երկխօսութիւն պէտք է սկսի՝ նպատակ ունենալով ապահովել այլընտրանքներ բռնութեան, ձեւաւորել անչափ անհրաժեշտ վստահութիւն եւ երաշխաւորել արժանապատուութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը անհամբեր կը սպասէ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպման՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն հետ»: