Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Լուրը փոխանցեց կառավարութեան տեղեկատուական բաժինը։
Անոնք քննարկեցին տարածաշրջանին մէջ հաստատուած իրադրութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն, արցախահայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտ քայլերուն վերաբերող հարցեր, ներառեալ՝ միջազգային ներգրաւումով Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի խորացման եւ զայն յաղթահարելու անհրաժեշտ քայլերուն:
Անոնք ընդգծեցին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերու անհրաժեշտութիւնը:
Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը՝ խաղաղութեան օրակարգին:
Ասոր զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլլըր յայտնեց, որ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու յաջողութեան նշանը պիտի ըլլայ բանակցութիւններու շարունակութիւնը, որուն իր երկիրը կը շարունակէ աջակցիլ։
«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ համաձայնութեան հասնիլը կարելի է, եւ անհամբեր կը սպասենք հետագայ բանակցութիւններուն՝ յառաջիկայ ամիսներուն»։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այս տարի Ուաշինկթընի մէջ երկու անգամ բանակցութիւններ ունեցան։
Կը նախատեսուի, որ 21 Յուլիսին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եռակողմ հանդիպումը։