Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանին, 12 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի եւ երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի չորրորդ հանդիպումը` Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը տեղեկացնէ, որ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ղեկավարներու մակարդակով տարբեր ձեւաչափերով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համաձայն, կողմերը շարունակեցին սահմանազատման հարցերու քննարկումը, անդրադարձան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային շարք մը հարցերու։
Կողմերը համաձայնեցան նաեւ աշխատանքային կարգով որոշել յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը ունենալու օրը եւ վայրը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովի 4րդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու սահմանին` Հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի հատուածին մէջ։