Ըստ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էռտողանի՝ ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղէն (Արցախէն) պիտի հեռանան իրենց հնգամեայ յանձնարարութեան աւարտէն ետք՝ 2025ին: Էրտողան այս մասին յայտարարեց 12 Յուլիսի երեկոյեան, Վիլնիւսի մէջ՝ ՆԱԹՕի գագաթաժողովի աւարտին տեղի ունեցած ասուլիսին ընթացքին:
«Ըստ կնքուած համաձայնագիրին՝ ռուս խաղաղապահները Ղարաբաղի նախանշուած վայրերուն մէջ պէտք է մնան մինչեւ 2025: 2025ին արդէն Ռուսիա պիտի հեռանայ այդ վայրերէն: Ես կը հաւատամ, որ Մոսկուա պիտի կատարէ կնքուած համաձայնագիրի դրոյթները: Իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւ եւս ուշի-ուշով կը հետեւի տարածաշրջանիիրավիճակին», յայտարարեց ան:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի պաշտօնական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ 23 ընտանիքներ՝ 85 անձեր, բնակութիւն հաստատած են Լաչին քաղաքին մէջ:
Այսպիսով՝ շուրջ մէկ տարուան ընթացքին Լաչինի մէջ բնակութիւն հաստատեցին ընդհանուր առմամբ 93 ընտանիքներ՝ շուրջ 350 անձեր: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մտադիր են մինչեւ տարեվերջ բնակեցնել նաեւ Սուսը եւ Աղաւնոն: