ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Փրոֆեսէօր Ռիչըրտ Կ. Յովհաննէսեան՝ լուսաւորութեան եւ ուսումի կերպար մը, իր մահկանացուն կնքեց 10 Յուլիս 2023ին, «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի հիւանդանոցին մէջ, այն նոյն համալսարանին մէջ, ուր ան դասաւանդեց 60 տարիներ։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 19 Յուլիս 2023ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, 900 W. Lincoln Ave., Montebello, CA 90640:
Ազգային թաղումը պիտի կատարուի Շաբաթ, 22 Յուլիս 2023ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 2226 Ventura St., Fresno, CA 93721։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Րաֆֆի եւ Արմենուհի Յովհաննէսեան եւ զաւակները եւ թոռը
Զաւակը՝ Արմէն եւ Էլիզապէթ Յովհաննէսեան եւ զաւակները եւ թոռը
Դուստրը՝ Անի եւ Արմէնիօ Գէորգեան եւ զաւակները
Զաւակը՝ Կարօ եւ Արսինէ Յովհաննէսեան եւ զաւակները
Քենին՝ Նազիկ (Կոճոլոզեան) Մըսրլեան եւ ընտանիք
Եղբայրները՝ Ճան, Ռալֆ եւ Վըրնըն Յովհաննէսեան՝ ընտանեօք (Ֆրեզնօ, Վայսելիա)
Խնամիները՝ Թագուհի Խաչիկեան ընտանիք
Զապէլ Արանոսեան ընտանիք
Սեդա Յարութիւնեան ընտանիք
Զոհրապ Գէորգեան ընտանիք
Եւ համայն հարազատները, բարեկամները, գործընկերներն ու աշակերտները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Orran-ին (Center for Underprivileged Children in Armenia), c/o 2217 Observatory Ave, Los Angeles CA 90027, կամ Ֆերահեան Ազգային Վարժարանի Ռիչըրտ Կ. Յովհաննէսեան կրթական ֆոնտին, c/o 101 Groverton Place, Los Angeles, CA 90077։
ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ Ռոստոմ կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ իրենց նուիրեալ ընկերներէն Արմէն Յովհաննէսեանին, զաւակներուն՝ Րաֆֆի, Անի եւ Կարօ Յովհաննէսեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։