15 Յուլիսին նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման ընդառաջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին պարբերաբար կրակոցներ արձակուեցան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 14 Յուլիսի լուսցող գիշերը, Ատրպէյճանի բանակ ուժերը կրակեցին Արարատի մարզի Պարոյր Սեւակ եւ Գեղարքունիքի Ջիլ գիւղերուն մօտ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Իսկ ցերեկը, Երասխի մէջ կառուցուող հայ-ամերիկեան մետաղաձուլական գործարանը դարձեալ թիրախ դարձաւ ատրպէյճանցիներու կրակոցներուն։
Պաքու մեղադրեց հայկական կողմ՝ գիշերը Նախիջեւանի ուղղութեամբ կրակելու մէջ: Այս հատուածին մէջ Ատրպէյճանին սահմանակից է Պարոյր Սեւակ գիւղը, որ ունի 720 բնակիչ: Վարչական ղեկավար Լիւդվիկ Ստեփանեան «Ազատութեան» յայտնեց, որ կրակոցները իրենց համար սովորական են, հիմնականին մէջ թիրախ կը դառնայ ոչ թէ գիւղը, այլ՝ հայկական դիրքերը:
Օրը կրակոցներով եւ փոխադարձ մեղադրանքներով սկսաւ նաեւ Արցախի մէջ։ Ստեփանակերտ յայտնեց, որ առաւօտեան, Ատրպէյճանի զինուժը Շուշիի շրջանին մէջ խախտեց զինադադարը՝ կիրարկելով նաեւ ականանետեր ու նռնականետեր. հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Աւելի կանուխ Ատրպէյճանը մեղադրած էր Ստեփանակերտը՝ Ասկերանի շրջանի իրենց դիրքերը ռմբակոծելուն մէջ:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հաղորդումը ապատեղեկատուութիւն նկատեց։