
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը (ՄԻՊ) հրապարակեց Հայաստանի Արարատի մարզի Երասխ բնակավայրին ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ռմբակոծման պատճառով մարդու իրաւունքներու շարունակական խախտումներուն վերաբերող արտակարգ զեկոյցը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը կը յայտնէ, որ փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուին պաշտպանին կողմէ Երասխ բնակավայրին մէջ կատարուած փաստահաւաք աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք արձանագրուած մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտումները:
Զեկոյցին մէջ հաւաքագրուած եւ վերլուծուած են Յունիս 2023ին, բնակավայրին ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կրակոցներուն պատճառով մարդու իրաւունքներու խախտումները, ինչպէս նաեւ ներկայացուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ հարցերը լուծելու համար առաջարկները։
Արտակարգ զեկոյցը պիտի թարգմանուի անգլերէնի եւ ուղարկուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային յանձնարարութիւն ունեցող կազմակերպութիւններուն եւ դերակատարներուն ու պետական իրաւասու գերատեսչութիւններուն: