Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Անն Լորենս Փեթել եւ Ծերակոյտին մէջ համանուն խումբի նախագահ Ժիլպերթ Լիւք Տեւինազ պաշտօնական նամակով դիմեցին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննային՝ յայտնելով, որ Ֆրանսան կրնայ կարեւոր քայլ կատարել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման համար՝ հիւպատոսական ներկայացուցչութիւն բանալով Սիւնիքի մէջ, մարզային մայրաքաղաք Կապանի կամ Գորիս քաղաքին մէջ, ինչպէս արդէն ըրած են այլ երկիրներ: Այդ մէկը ուժեղ քայլ պիտի ըլլայ՝ ի նպաստ տարածաշրջանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիսանայ արժէքաւոր քայլ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման առումով:
Ըստ ֆրանսացի օրէնսդիրներուն՝ թէեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւը գտնուող Սիւնիքի մարզը ամէնէն քիչ բնակեցուած լեռնային շրջանն է, այդուհանդերձ, հակառակ իր աշխարհագրական մեկուսացման, 4500 ք./քմ. տարածքով կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական հարցերուն մէջ՝ նախ եւ առաջ իր ընդերքին մէջ գտնուող օգտակար հանածոներու հարստութեան պատճառով, որոնց շահագործումը Հայաստանի տնտեսութեան էական մասը կը կազմէ:
«Սիւնիքը, թէեւ կապուած է Երեւանի հետ միայն մէկ լեռնային ճամբով, այնուամենայնիւ կը հանդիսանայ էական միջանցք՝ Իրանի հետ սահմանով արտաքին աշխարհին հետ կապ հաստատելու համար: Ընդամէնը 35 քիլոմեթր երկարութեամբ Հայաստան-Իրան սահմանը կենսական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար: 2020ի աշնան անիկա նաեւ միակն էր, որ բաց մնաց 44օրեայ պատերազմին ընթացքին՝ պաշտպանելով Հայաստանը ամբողջական շնչահեղձութենէն», կ՛ըսուի նամակին մէջ:
«Վերջապէս, Սիւնիքի հանդէպ նկրտումներ ունի Ատրպէյճանի վարչակարգը, որ կ՛ուզէ հասնիլ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի ցամաքային միացման: Այդ յաւակնութիւնը մէկ մասն է աւելի մեծ փանթրքական ծրագիրին, որուն նպատակն է կապել Պոսֆորի թրքական բնակչութիւնը Կասպից ծովու տարածաշրջանին հետ: Այս պարունակին մէջ, երբ ռազմական անհաւասարակշռութիւնը ամէն օր կ՛աճի յօգուտ Ատրպէյճանի, վերջինիս կողմէ իրականացուելիք հաւանական որեւէ յարձակում կրնայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ: Նշուած սպառնալիքը դիմակայելու համար, Հայաստան քիչ դաշնակիցներ ունի: Անոնց կարգին Ֆրանսան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ հայ բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւոր հանդիսացող ամէնէն նուիրեալ պետութիւններէն է», կը յայտնեն ֆրանսացի օրէնսդիրները իրենց նամակին մէջ՝ անգամ մը եւս շեշտելով Սիւնիքի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսական ներկայացուցչութիւն բանալու անհրաժեշտութիւնը: