Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը Երասխի մետաղի գործարանի կառուցումը դադրեցնելու պահանջով որեւէ պաշտօնական գրութիւն կամ նամակ չէ ստացած Ատրպէյճանէն:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարարի բանբեր Անի Յակոբեան՝ մեկնաբանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ շրջան ընող տեղեկատուութիւնը՝ իբր թէ Ատրպէյճանի բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարը Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարարին ուղարկած է նամակ մը, որուն մէջ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը պահանջէ դադրեցնել գործարանի կառուցումը:
«Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը՝ ի դէմս նախարար Յակոբ Սիմիդեանի, պաշտօնապէս որեւէ գրութիւն եւ նամակ չի ստացել Ադրբեջանի բնպահպանութեան եւ բնական պաշարների նախարարութիւնից», ըսաւ Յակոբեան:
Նախարարութիւնը այդպիսի «նամակի» մը մասին տեղեկացաւ ատրպէյճանական տեղեկատուական դաշտին մէջ, որոնց կարգին՝ «Թելեկրամ»ի ալիքներուն վրայ կատարուած հրապարակումներէն:
«Երբ կը ստանանք պաշտօնական նամակ, այդ ժամանակ կ՛ուսումնասիրենք, սահմանուած կարգով ընթացք կը տանք եւ կ’արձագանգենք», յայտնեց Յակոբեան:
Նախարարութենէն նոյն ատեն յիշեցուցին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է շրջակայ միջավայրի ոլորտին մէջ իր ստանձնած բոլոր միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման: