
1- ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ Մարզախաղերն Ի Ցոյց Դրեցին Համախմբման Ուժը. Նանէ Աւագեան
2- ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 46րդ Մարզախաղերու Եւ Փառատօնի Եզրափակում
3- ՀՄԸՄի 46ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ՝
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Խօսքը
4- 46ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ՝
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանի Խօսքը
5- Homenetmen Central Executive
Message Delivered by Aramnd Killijian

ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ Մարզախաղերն Ի Ցոյց Դրեցին Համախմբման Ուժը
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ

ՀՄԸՄի 46րդ Նաւասարդեան խաղերն ամփոփուեցին Յուլիսի 7-9ը՝ յաղթանակի տողանցքով եւ երեքօրեայ փառատօնով: Հայ համայնքի շրջանում ամենամեծ ու սպասուած միջոցառումն այս տարի եւս համահամայնքային էր բնոյթով՝ մարզական մրցոյթների, մշակութային երեկոների, համայնքի գործարարների եւ հայկական խոհանոցի ներկայացմամբ: ՀՄԸՄի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի կազմակերպած Նաւասարդեան խաղերի Յաղթանակի տողանցքն ամբողջացրեց միջոցառման ոգին՝ ՀՄԸՄի ղեկավարների, մարզիկների, սկաուտների, համայնքի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչների, հովանաւորների, հասարակական գործիչների ու համայնքի անդամների մասնակցութեամբ:
«105 տարի առաջ ծնունդ առած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, իր գոյութեան ողջ ընթացքում, աշխարհի չորս ծագերում եղաւ հայութեան ազգային ինքնութիւնը փոխանցող մեծ ամրոցն օտար ափերում: Այսօր միասնաբար տօնում ենք Նաւասարդեան մարզախաղերի եւ փառատօնի 46րդ յաղթանակի տօնը: ՀՄԸՄը եղել է մշտավառ ջահը սփիւռքահայութեան եւ հայրենիքի համար, եւ եզակի դեր ունի մեր ժողովրդի կեանքում: Չսահմանափակուելով միայն մարզական մասով, ՀՄԸՄը ներառել է նաեւ հայ կեանքի ընկերային, կրթական, մշակութային ոլորտները՝ հայեցի դաստիարակութիւն տալով հայ երիտասարդութեանը:Միասին պէտք է կերտենք մեր ազգի լուսաւոր ապագան, ամրապնդենք մեր ծառայութիւնը՝ բարձր պահելով ՀՄԸՄի «բարձրացիր, բարձրացրու» նշանաբանը», տօնական միջոցառման բացման խօսքում նշեց ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան նախագահ Յակոբ Թիւֆէնքճեանը:
Հայ պատանիների ու երիտասարդների համար տասնամեակներ շարունակ նաեւ ազգային արժէքների փոխանցման կենտրոն հանդիսացող ՀՄԸՄի գործունէութիւնը մեծապէս յաջողել է նուիրեալ անդամների շնորհիւ, ովքեր անձնուիրաբար ստանձնել ու իրականացրել են իրենց առաքելութիւնը՝ օրինակ դառնալով նաեւ նոր սերունդների համար: Այդ անհատներին ներկայացնելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու ամէնամեայ աւանդոյթն էլ ՀՄԸՄի դաւանած արժեհամակարգի վառ դրսեւորումներից է: Այդ նպատակով սահմանուած «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին այս տարի արժանացաւ կազմակերպութեան վաստակաշատ նուիրեալ անդամ Մանուէլ Մարսէլեանը: Նրան ներկայացնելով, նշուեց տարիների ընթացքում Մարսէլեանի գործունէութիւնից մանրամասներ՝ մաղթելով, որ նրա ներդրումը վարակիչ դառնայ բոլորի համար:
Տօնական արարողութիւնը շարունակուեց բեմահարթակում Նաւասարդեան 45րդ խաղերի պատուաւոր նախագահ զոյգի՝ տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեանների եւ 46րդ խաղերի պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնող տէր եւ տիկին Ժեք եւ Զարիկ Եուրէճեանների խորհրդանշական հանդիպումով: Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՄԸՄին աջակցելու, հայ երիտասարդութեանը սատար կանգնելու իրենց մարդասիրական ծառայութիւնների համար, խօսքը փոխանցուեց բարերար, հասարակական գործիչ, ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անդամ Ժեք Եուրէճեանին: «Այսօր մտքերս նաեւ Երուսաղէմում են, որտեղ ծնուել ու մեծացել եմ՝ հիմնական ժամանակս անցկացնելով ՀՄԸՄի մեր ակումբում, որտեղ եղել եմ գայլիկ եւ սկաուտ: ՀՄԸՄը շատ մեծ դեր է ունեցել իմ կեանքում՝ օգնելով կերտել բնաւորութեան գծեր, շիտակ գործեր անել եւ յատկապէս օգնել բոլոր նրանց ովքեր կարիք ունեն: Իմ ամենամեծ ուրախութիւնն է աշխատել երիտասարդների, ուսանողների, սկաուտների հետ: Շնորհակալ եմ ՀՄԸՄին երիտասարդների կեանքում բացառիկ դերի համար, ոչ միայն այստեղ, նաեւ՝ աշխարհի բոլոր կողմերում, եւ շնորհաւորում եմ այսօրուայ տօնի առիթով», յուզմունքով նշեց Եուրէճեանը:

Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտեան ԱՄՆի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը: «Ողջունում եմ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան մեծ ընտանիքին, որ տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովրդի կեանքում այնքան եզակի ու յատուկ դերակատարութիւն ունեցաւ, որ մնայուն կերպով արժանացաւ հայ ժողովրդի բոլոր զաւակների եւ մեր ողջ ազգի բարձր գնահատականին: Խօսել ՀՄԸՄի մասին, նշանակում է խօսել մեր ժողովրդի երիտասարդութեան մասին, վաղուայ առողջ առաջնորդի եւ գիտակից ղեկավարի մասին, ապահովութեան մասին, նշանակում է խօսել Հայաստանի ամբողջականացման մասին՝ Արցախից մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա: Տասնամեակներ շարունակ ՀՄԸՄը դա է մեզ սովորեցրել ու գիտակից կերպով մեր մտքերն արժեւորել այս մակարդակով, որպէսզի աւելի ամբողջական ու լայնածիր ծառայութիւն մատուցենք մեր հայրենիքին, ազգին ու ժողովրդին: Թոյլ տուէք, որ միտքս ամփոփեմ հետեւեալ մտածումով, եւ ասեմ, որ ՀՄԸՄի զանազան մակարդակների գործունէութեան կեանքում, ամէնից զգլխիչը իմ համար որպէս առաջնորդ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի, ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի ծնունդն է՝ յատուկ ուշադրութեան կարօտ մանուկների համար: ՀՄԸՄը շատ աւելի ամբողջական դարձաւ, շատ աւելի ազգային ու քրիստոնէական դարձաւ շնորհիւ այն տեսիլքի, որ տարբեր կարողութիւն ունեցող պատանիներ, երիտասարդներ համախմբուեն միասին, եւ Հրաշք կոչուեն, եւ ՀՄԸՄը հրաշք է գործում Աստծոյ զօրութեամբ հայ ժողովրդի ու համայնքի կեանքում», իր խօսքում նշեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը:
Տողանցքի պաշտօնական մասն ամփոփեց ՀՄԸՄի Կենտրոնական վարչութեան անդամ, Ամերիկայի ներկայացուցիչ Արմոնտ Գիլիճեանը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով կազմակերպութեան արժէքների մասին: «Այսօր նշում ենք խմբային աշխատանքը, հայկական ինքնութիւնը, մարզական նուաճումները, պարտականութիւնը, օրինակելի քաղաքացիութիւնը, ընկերութիւնը, համայնքը եւ յարգանքը՝ սրանք են այն սկզբունքները, որոնք ՀՄԸՄը սովորեցնում է, որպէս իր հիմնական արժեհամակարգ», յայտնեց Գիլիճեանը:
Ոգեշնչող ելոյթներից յետոյ սկսուեց սպասուած Յաղթանակի Տողանցքը: ՀՄԸՄի փողերախմբի նուագակցութեամբ Բիրմինգհեմ վարժարանի դաշտ սկսեցին մտնել Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի 18 մասնաճիւղերի մարզիկներն ու սկաուտները: Առաջինը յատուկ կարիքներ ունեցող ՀՄԸՄի «Հրաշք» խմբի մարզիկներն էին, ում մուտքը յուզիչ պահեր պարգեւեց հանդիսատեսին: «Միշտ յառաջ, դէպի յաղթանակ» հաւատալով ՀՄԸՄի յաղթական երգի ոգեւորիչ խօսքերով սկսեց հանդիսավարը՝ ներկայացնելով քայլերթին ներկայ մասնաճիւղերի պատմութիւնը: Մէկ ամսից աւելի, ՀՄԸՄի 2000ից աւելի մարզիկներ ուժերն էին չափել ֆուտբոլի, վոլիբոլի, թենիսի, լողի, կողովագնդակի, սեղանի թենիսի եւ ճատրակի առաջնութիւններում, եւ, անկախ արդիւնքներից, միաւորուեցին յաղթանակի տողանցքի ժամանակ՝ ցուցադրելով համախմբման ուժի ոգին:
ՀՄԸՄի 46րդ Նաւասարդեան խաղերը եզրափակուեցին մշակութային միջոցառումներով: Երեք օրերի ընթացքում, համայնքի աւելի քան քսան հազար անդամներ այցելեցին Բիրմհինգեմ աւագ դպրոցի տարածքում անցկացուած մշակութային փառատօնին՝ ուրախ ժամանց անցկացնելով տարբեր ոճերի հայ երգիչ-երգչուհիների երաժշտութեան ներքոյ, վայելեցին հայկական խոհանոցի բարիքներն ու առիթ ունեցան ծանօթանալու հայկական ձեռնարկութիւնների ու կազմակերպութիւնների:

ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 46րդ Մարզախաղերու Եւ Փառատօնի Եզրափակում

Երկար ամիսներու մարզական ոգիով պայքարելէ ետք, Կիրակի, 9 Յուլիս 2023ի կէս գիշերին, յաղթական աւարտին հասան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերը, պատուոյ նախագահութեամբ՝ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեաններուն: Նաւասարդեան երիտասարդական այս մարզախաղերու եզրափակիչ շաբաթավերջը եղաւ իւրայատուկ, տպաւորիչ, համախմբող եւ յուսադրիչ:
Անիկա համախմբեց շրջանիս հայութիւնը Birmingham Community Charter High School-ի շրջափակին մէջ, ուր ներկաները վերապրեցան հայութեան անցեալի փառահեղ պատմութիւնը, վայելեցին հայկական եւ ազգային տոհմիկ երաժշտութիւնը, ականատես եղան մեր երիտասարդութեան յաղթանակներուն:
Անոնք գոհունակութեամբ հետեւեցան ՀՄԸՄի սկաուտական եւ մարզական խումբերու շքերթին ու ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումին:
Այս բոլորին հարազատ թարգմանը հանդիսացաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու Յաղթանակի տողանցքը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Յուլիսի երեկոյեան, Birmingham Community Charter High School-ի մարզադաշտին վրայ, մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու, ծնողներու, համակիրներու եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Հարկ է յիշել, թէ նախքան տողանցքը տեղի ունեցաւ «Հրաշք» բաժանմունքի մետալներու յանձնումը թեմիս առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, պատուոյ նախագահներու, տիպար ՀՄԸՄականներու եւ Շրջանային վարչութեան ներկայութեամբ, երբ սրբազան հայրը օրհնեց «Հրաշք»ի մարզիկները եւ ծնողները, բարձր գնահատեց «Հրաշք» բաժանմունքի պատասխանատուները եւ անոնց գործունէութիւնը: Ապա, Ազգային առաջնորդարանին կողմէ 10,000 տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւն կատարեց, որ պիտի նպաստէ «Հրաշք» բաժանմունքի աշխատանքներուն:

Օրուան խօսնակն էր Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի անդամներէն Ալիք Մարսէլեան, որ հայերէնով եւ անգլերէնով ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը:
Ժամը 6ին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղերու խմբապետներու առաջնորդութեամբ՝ մարզադաշտ ներկայացան եւ պատուոյ հարթակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին թեմիս առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները, Տիպար ՀՄԸՄական Մանուէլ Մարսէլեան եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան:
Փակման հանդիսութեան ներկայ էին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտ Գիլիճեան, ՀՄԸՄի 45րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեանները, եւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄի անցեալի Պատուոյ նախագահներ, տիպար ՀՄԸՄականներ, ՀՄԸՄի համակիրներ, հովանաւորներ, նուիրատուներ ու ծնողներ:
ՀՄԸՄի Շրջանային խմբապետուհի Շարլին Կիւզէլեանս արտօնութիւն խնդրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանէն՝ սկսելու հանդիսութիւնը: Դրական պատասխան ստանալէ ետք, ան հրահանգեց դրօշակի արարողութեամբ սկսելու հանդիսութիւնը: Ազգային երգերու խանդավառ երաժշտութեամբ մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄի փողերախումբը, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ներկաներուն մօտ:
Ներկաները առաւել ոգեւորուեցան, երբ ինքնավստահ քալուածքով ՀՄԸՄի դրօշակակիրներու խումբը ներկայացաւ մարզադաշտ՝ իր հետ բերելով Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ, Նեւատայի, ՀՄԸՄի եւ Նաւասարդեանի դրօշները: Ապա, գեղեցիկ տեսարան մը կազմելով մարզադաշտին վրայ՝ պատուի կանգնեցան եւ քարացած ունկնդրեցին Ամերիկայի, հայկական եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, ՀՄԸՄի փողերախումին կատարողութեամբ: Ապա, անոնք յարգանքով զետեղեցին դրօշները մարզադաշտին վրայ գեղեցկօրէն յարդարուած բեմի կողքը:
Յայտագիրը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով յիշատակը մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ՀՄԸՄականներուն եւ մասնաւորաբար վաստակաշատ ՀՄԸՄական, Նաւասարդեան մարզախաղերու Յաղթանակի պարահանդէսի յանձնախումբի ատենապետ Սթիւ Արթինեանի, որուն անակնկալ մահը ցնցեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը:

Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ ուրախութեամբ ըսաւ. «105 տարիներ առաջ ծնունդ առած ՀՄԸՄը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին աշխարհի չորս ծագերուն եղաւ հայութեան ազգային ինքնութիւնը փոխանցող մեծ ամրոցը: Այսօր, միասնաբար կը տօնենք Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ Փառատօնի 46րդ Յաղթանակի օրը: ՀՄԸՄը եղած է մշտավառ ջահը սփիւռքահայութեան եւ հայրենիքի համար: ՀՄԸՄը եզակի դեր ունի մեր ժողովուրդի կեանքի մէջ, դեր մը՝ որ չսահմանափակուեցաւ միայն մարզական կեանքին մէջ, այլ ներառեց հայ կեանքի ընկերային, կրթական, սկաուտական եւ մշակութային պահանջատիրութեան մարզերը»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերու «Տիպար ՀՄԸՄական» Մանուէլ Մարսէլեանը՝ ստանձնելու «Տիպար ՀՄԸՄական – 2023» տիտղոսը հաստատող յուշատախտակը՝ առ ի գնահատանք իր միութենական նուիրումին եւ անսակարկ գործունէութեան: Յակոբ Թիւֆէնքճեան բարձր գնահատեց «Տիպար ՀՄԸՄական» եղբօր ներդրումը՝ հաստատելով. «Եղբ. Մանուէլը վաստակաշատ ՀՄԸՄական եղած է. ան ունի տասնամեակներու վրայ երկարող նուիրում մեր այս մեծ կազմակերպութեան մէջ: Ան իր նուիրեալ գործունէութեամբ եւ գիտակցութեամբ ծառայած է այս միութեան եւ ստանձնած է բազմաթիւ պաշտօններ»:
Մանուէլ Մարսէլեան երկու լեզուներով երախտագիտական իր պատգամը փոխանցեց՝ ըսելով. «Յատուկ շնորհակալութիւն իմ սիրելի ընտանիքիս, որուն տարիներու ընթացքին սէրն ու քաջալերանքը օգնեց ինծի աւելի եռանդով աշխատիլ այս հրաշալի կազմակերպութեան համար: Վերջապէս, իմ խորին շնորհակալութիւնը կ՛ուզեմ յայտնել ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, որ ինծի շնորհեց Տիպար ՀՄԸՄականի տիտղոսը»:

Այնուհետեւ, երկարաշունչ ծափողջոյններով տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները առաջնորդուեցան բեմ, ուր դիմաւորուեցան ՀՄԸՄի 45րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Արա եւ Ալին Չաղլասեաններու կողմէ, որոնցմէ պաշտօնապէս ստանձնեցին ՀՄԸՄի 46րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը:
Յակոբ Թիւֆէնքճեան ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին կողմէ շնորհաւորեց Եուրէճեան զոյգը եւ բարձր գնահատեց անոնց ազգասիրութեան եւ նուիրումի ոգին՝ շեշտելով. «Տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները մնայուն դրոշմ ձգած են համայն հայ գաղութին վրայ, իրենց սիրայօժար նուիրումով, ուրիշներուն օգնելով եւ մարդասիրական ծառայութիւններով: Եուրէճեան ամոլի հիմնական նպատակը եղած է՝ հայ երիտասարդութեան սատար հանդիսանալ եւ բարելաւել անոնց կեանքը»:
Ստանձնելով իր պատասխանատուութիւնը՝ Ճեք Եուրէճեան նախ իր եւ տիկնոջ անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին, ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ յիշելով իր գայլիկութեան օրերը Երուսաղէմի մէջ՝ ըսելով «ՀՄԸՄը շատ մեծ դեր ունեցած է մեր կեանքին ընթացքին՝ առաջնորդելով մեզ դէպի ճիշդ ճանապարհ եւ օժանդակել բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունեցած են: Եթէ ձեզի ծանօթ է, իմ ամէնէն մեծ ուրախութիւնն է՝ աշխատիլ երիտասարդներու, ուսանողներու եւ ձեզի նման սկաուտներու հետ»: Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, որոնք եկած են քաջալերելու եւ նեցուկ կանգնելու իրենց զաւակներուն ու մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄի բացառիկ գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհի ցամաքամասերուն վրայ:
Հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, որ բարձր գնահատեց եւ խրախուսեց ՀՄԸՄի օրհնեալ գործունէութիւնը հայ ժողովուրդի զաւակներուն կեանքին մէջ՝ ընդգծելով. «Արդարեւ, խօսիլ ՀՄԸՄի մասին կը նշանակէ խօսիլ մեր ժողովուրդի երիտասարդութեան մասին: Խօսիլ ՀՄԸՄի մասին կը նշանակէ խօսիլ մեր ժողովուրդի վաղուան առողջ առաջնորդին ու գիտակից ղեկավարին մասին, խօսիլ ՀՄԸՄի մասին կը նշանակէ խօսիլ ապահովութեան մասին, զոր անիկա իր միութեան օրհնեալ երդիքէն ներս կը շնորհէ մեր ազգի ամենամատղաշ ու դողդոջ սերունդներուն: Խօսիլ ՀՄԸՄի մասին կը նշանակէ Հայաստանի ամբողջականութեան մասին, Արցախէն սկսեալ մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան եւ մինչեւ Կիլիկիա»:
Աւարտելով իր խօսքը՝ սրբազան հայրը ըսաւ. «ՀՄԸՄի զանազան մակարդակներու գործունէութեան կեանքէն ներս, ամէնէն զգլխիչը կը մնայ ինծի, որպէս՝ առաջնորդ Արեւմեան թեմի եւ հայ հոգեւոր սպասաւոր, անոր «Հրաշք»ին ծնունդը՝ յատուկ ուշադրութեան կարօտ մանուկներուն համար: ՀՄԸՄը շատ աւելի մեծցաւ, շատ աւելի ամբողջական դարձաւ, շատ աւելի ազգային ու քրիստոնէական դարձաւ շնորհիւ այն տեսիլքին, որ տարբեր կարողութիւն ունեցող մանուկներ, երեխաներ համախմբուին միասին եւ անոնք «Հրաշք» կոչուին եւ ՀՄԸՄը հրաշք գործէ Աստուծոյ զօրութեամբ մեր ժողովուրդի ու գաղութի կեանքէն ներս: Կեցցէ՛ ՀՄԸՄը, ազատ եւ անկախ միացեալ Հայաստանը, Ամէն»:
Ապա, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ շնորհաւորական պատգամ փոխանցեց Արմանտ Գիլիճեան, որ նախ շնորհաւորեց Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղերը եւ շրջանային յանձնախումբերը, որոնք Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերը յաջողութեամբ իրենց աւարտին հասցուցին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մարզիկներուն եւ սկաուտներուն, որոնք իրենց մարզախաղերուն եւ աշխատանքներուն մէջ միշտ ՀՄԸՄը բարձր կը պահեն:
Փոխանցուած տպաւորիչ պատգամներէն ետք տեղի ունեցաւ հանդիսութեան գլխաւոր առանցքը հանդիսացող եւ այնքան սպասուած տողանցքը: ՀՄԸՄի փողերախումբին եղանակներով ոգեւորուած՝ յաջորդաբար մարզադաշտ ներկայացան ՀՄԸՄի «Հրաշք»ի հրաշքները, որոնց հետեւեցան մասնաճիւղերը՝ իրենց սկաուտական, մարզական եւ ծնողական յանձնախումբերով, վարչութիւններու գլխաւորութեամբ: Վերջապէս դաշտ մուտք գործեցին ՀամաՀՄԸՄական 12րդ բանակումին մասնակցող սկաուտները. անիկա տեղի պիտի ունենայ 21էն 30 Յուլիս 2023ին, Բիւրականի մէջ: Անոնք տողանցեցին հպարտ եւ ինքնավստահ ու հրճուանքով բարեւեցին ներկաները եւ գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ:
Իւրաքանչիւր տողանցող մասնաճիւղի տեղեկութիւնները կը ցուցադրուէին բեմին վրայ զետեղուած արդիական պաստառներուն վրայ: Այս տարի կը զուգադիպէր «Հրաշք» բաժանմունքի 5րդ, Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» Մասնաճիւղի 30րդ, Սան Տիէկոյի «Սեւան» Մասնաճիւղի 40րդ, Կլենտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղի 45րդ, Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղի 50րդ եւ Լոս Անճելըս Մասնաճիւղի 55րդ ամեակները:
Մարզական մրցումներու յաղթանակի բաժակներու յանձնումը կատարուեցաւ Կիրակի, 9 Յուլիսին, Main Gym-ին դիմացը գտնուող, յատուկ կերպով պատրաստուած յաղթանակի բեմին վրայ, ուր յաղթող խումբերը եւ մարզիկները հպարտութեամբ ստանձնեցին իրենց բաժակները եւ մետալները:
Կիրակի, 9 Յուլիսին, Քալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ այցելեց փառատօնի վայրը եւ իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան՝ այս տարի եւս Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ Փառատօնը յաջողութեամբ իրականացնելուն համար:
Նաւասարդեան եռօրեայ փառատօնը շարունակուեցաւ 7էն 9 Յուլիս, նոյն վարժարանի շրջափակին մէջ:
Այս տարի եւս ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն կողմէ սպասարկուեցան փառատօնի կրպակները համադամ ճաշերու, որոնց հասոյթը տրամադրուեցաւ մասնաճիւղերու հոգածութեան յանձնուած մարզական եւ սկաուտական շարքերու կարիքներուն: Իսկ անոնց առընթեր առեւտրական կրպակները առաւել եւս ճոխացուցին փառատօնը:
Նաւասարդեան խրախճանքի յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչական անդամներէն Թալին Աբանեան: Ներկաները վայելեցին շրջանի սիրուած արուեստագէտներուն՝ Տիգրան Ասատրեանի, Սարինա Քրոսի, Կրէկ Հոշարեանի եւ իր նուագախումբին, Անտրէի, Վաչէ Ամարեանի, Ժոզէֆ Գրիգորեանի, Վարդան Թայմազեանի, Մեր Յովոյի եւ Քրիստինէ Բէբէլեանի հրամցուցած երգերը: Աւարտին, յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գօգօ Թիւթիւնճեան փունջ մը երգերով խանդավառեց ներկաները, եւ ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ նոյնքան տպաւորիչ հրավառութեամբ:
Ստորեւ՝ ՀՄԸՄի 46րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու ընդհանուր դասաւորման արդիւնքները.
ՓԻՆԿ-ՓՈՆԿ
Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԷԹ
Ա. ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ

ԹԵՆԻՍ
Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄի «Կարս» մասնաճիւղ
ԼՈՂ
Ա. ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղ
ՎՈԼԻՊՈԼ
Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա.- ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
Բ.- ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ.- ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
ՊԱՍՔԷԹՊՈԼ
Ա. ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
Բ. ՀՄԸՄի «Շանթ» մասնաճիւղ
Գ. ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի 46ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ՝
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Խօսքը

Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան կեանքին մէջ շարժուն ներկայութիւն դարձած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, ՀՄԸՄի մե՛ծ ընտանիքը, 2023 տարեշրջանի 46րդ Նաւասարդեան խաղերուն ընդառաջ։
Այս ուրախ առիթով մեր նայուածքը կը բարձրացնենք երկինք, Ամենակալ Աստուծմէ խնդրելով, որ թարմ ու մատաղ ընձիւղներով եւ նորընծայ ու փափուկ շարքերով աճեցնէ ազգային այս միութիւնը, որուն իւրաքանչիւր անդամը հարազատ մասնիկ մըն է մեր ժողովուրդի անցեալէն, տաքուկ շունչ մը՝ անոր ներկայէն եւ հուրհրան տեսիլք մը՝ բացուած ազգի ապագային վրայ:
Աւելի՛ն. մենք քաջաբար կը հաւատանք, որ «կակուղ թաթիկ»ներէն մինչեւ խմբապետական եւ վարչական բարձրադիր պաշտօններու հասած ՀՄԸՄական մեր քոյրերն ու եղբայրները ինչպէս երէկ, նոյնպէս ալ այսօր եւ յատկապէս վա՛ղը՝ հրաւիրուած են մեր ազգի կեանքը ղեկավարելու եւ ժողովրդանուէր ու եկեղեցաշէն կեանքով ապրող օրինակելի ապագայ հայ ընտանիքներու սիւները դառնալու, որովհետեւ ՀՄԸՄը առաջին հերթին կը ձեւաւորէ հայ-քրիստոնեայ մարդուն ազգային, հայրենանուէր նկարագիրն ու աշխարհ նոր մտած փոքրիկը մանկութենէն իսկ կրթելու աստուածաշնչեան պատուէրին համաձայն՝ մանրաքայլ «գայլիկ»ներն ու «արծուիկ»ները կը թրծէ հայկական ոգիով, անոնց դեռատի միտքն ու մատղաշ կարողութիւնները կը մշակէ բազմակողմանիօրէն, յանուն նոր սերունդներու վաղուան ազգակերտ ու հայանպաստ խիզախութեանց եւ հոգեիմացական ամենաշքեղ թռիչքներու։
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Շրջանի Նաւասարդեան խաղերը իրենց հաւաքական մթնոլորտով ու ոգեկան ամրութեամբ ամէն տարի կը ջերմացնեն համայնքային մեր կեանքը: Շաբաթավերջ մը ամբողջ, տարբեր տարիքի հայեր վարակիչ խանդավառութեամբ տոգորուած, մեր շուրջ աւելի՛ տեսանելի կը դառնան իրենց աշխատանքներով եւ արձանագրած յաջողութիւններով՝ այսպիսով 105 տարեկան մեծանուն այս միութեան վարկը, պատիւն ու կշիռը սանդղակ մը աւելի՛ բարձրացնելով ե՛ւ հայ կեանքէն, ե՛ւ հիւրընկալ այս երկրի բազմազգեան համերաշխութեան շրջագիծէն ներս, ՀՄԸՄի «բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանախօսքին հետ աւելի վեր բռնելով նաեւ համայն հայութեան, Հայաստան-Արցախ եւ Սփիւռքի ազգային հպարտութիւնը, ուրեմն եւ արդա՛ր է մեզի ՀՄԸՄաբար իսկոյն եւեթ գոչել. «Պատուի՛ առէք. կակուղ թաթիկներու նոր շարքեր կու գան»։
Աղօթարար՝
ԹՈՐԳՈՄ ԵՊՍ. ՏՕՆՈՅԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
46ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ՝
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Թիւֆէնքճեանի Խօսքը

Բարձրաշնորհ սրբազան հայր,
Յարգելի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Արմանտ Գիլիճեան:
Բարի եկած էք սիրելի քոյրեր, եղբայրներ եւ համայն ՀՄԸՄի ընտանիք:
105 տարիներ առաջ ծնունդ առած ՀՄԸՄը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին աշխարհի չորս ծագերուն եղաւ հայութեան ազգային ինքնութիւն փոխանցող մեծ ամրոցը օտար ափերուն, հայկական կեանքի ծառայութեան եւ վերակենդանացման ի խնդիր գործող կառոյցը:
Այսօր, միասանաբար կը տօնենք Նաւասարդեան մարզախաղերու եւ Փառատօնի 46րդ Յաղթանակի տօնը:
ՀՄԸՄը եղած է մշտավառ ջահը սփիւռքահայութեան եւ հայրենիքի համար: Մենք կոչուած ենք առաջնորդուելու ամուր հոգիով եւ հաւատքով, որպէսզի կարենանք մեր յոյսերը իրականութիւն դարձնել եւ մեր դէմ դրուած բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել:
ՀՄԸՄը եզակի դեր ունի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, դեր մը՝ որ չսահմանափակուեցաւ միայն մարզական կեանքին մէջ, այլ ներառեց հայ կեանքի ընկերային, կրթական, սկուտական, եւ մշակութային պահանջատիրութեան մարզերը:
ՀՄԸՄը եղաւ այս օտար ափերուն վրայ գերազանցող ուժը եւ ազդեցութիւնը կերտելու եւ պատրաստելու հայեցի դաստիարակութեամբ զինուած մեր ներկայ հայ երիտասարդութիւնը:
Մենք միասին պիտի կերտենք մեր ազգի լուսաւոր ապագան:
Ամրապնդենք մեր ծառայութիւնը, հաւաքական բարոյականի տէրերը ըլլանք եւ հետեւինք մեր ազնիւ ու պարկեշտ ղեկավարներու օրինակին՝ միշտ բարձր պահելով ՀՄԸՄի նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»ը:
Homenetmen Central Executive
Message Delivered by Aramnd Killijian

His Grace – Bishop Torkom Donoyan, Prelate of the Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America, Mr. & Mrs. Jack and Zarig Youredjian, Honorary Presidents of the 46th Homenetmen Navasartian Games and Festival, Mr. Manuel Marselian, Exemplary Member of the 46th Homenetmen Navasartian Games, Distinguished guests, parents, and Homenetmenagans.
My name is Armand Kilijian and I am honored to represent Homenetmen’s Central Executive Body at today’s closing ceremonies. Around the world Homenetmen holds events similar to this one, to promote and recognize the accomplishments of our fine athletes and scouts throughout the year.
Earlier this week, there was a similar event held in New Jersey as the Eastern United States Homenetmen chapters held their Navasartian Games. It was their 31st annual event.
We have a few years on them as this is the 46th Annual Navasartian Games on the West Coast. Since the 1st Navasartian Games until today, this event has grown by leaps and bounds, becoming the premiere and largest Armenian Cultural Event annually in the Diaspora. Lifelong friendships and relationships are established. It is a pleasure seeing some of those lifelong friends, year after year, catching up on life, events, and all things Homenetmen.
Comradery, teamwork, the Armenian Identity, sportsmanship, duty, model citizenship, to be prepared, friendship, community, respect. – These are principals that Homenetmen teaches as its core values.
These are the ideals that Homenetmen – across the world – embodies in its sole mission to bring quality programs to the Armenian Youth in all areas of the Diaspora as well as in Armenia. Elevate yourself and elevate others with you. You have heard it many times before. It never gets old. It is a life mantra we all try to achieve.
Mr. and Mrs. Jack and Zarig Youredjian, along with all of the past Honorary Presidents best amplify this standard. The Armenian Community cannot thank them enough for all that they have selflessly given to promote programs such as Homenetmen. Thank you.

Y. Manuel Marselian, his family, along with the countless other Exemplary Members that have come before him, illustrate the selfless drive to better this organization and the Armenian Community in any way possible. His involvement with Hrashq – Homenetmen’s special needs program – has fostered a movement that is now reaching around the globe. To this and all that he has and will continue to do, thank you.
Thank you to the volunteers who spend countless hours on planning, organizing, setting up, servicing, scheduling, monitoring, and making this event what it is.
Year after year we all come here and realize a few things. How large of an event this truly is. Imagine scheduling 800 games of basketball, volleyball, a swim meet, a track meet, a tennis competition, a table tennis competition, and why not throw in a little chess on top of it all.
Countless volunteer hours have been expended to put together this festival for all to enjoy.
Imagine putting together a closing ceremony, year after year that may not be like what you would see at the Paris Olympics but is just as grand and meaningful put on by a 100% volunteer staff.
Hand-in-hand a special thank you goes out to all of you – the parents, friends, and relatives that have come out this week, and every week to support your family and their Armenian Identity through Homenetmen. The commitment on your part plays an important role in the development of your family, your ideals, the culture, and this Armenian Community. As your family members paraded today, acknowledge their part of this rich history and community.
Thank you to the supporters and sponsors. It is hard to explain Homenetmen to those that did not grow up in this environment. It is hard to illustrate the benefit that this organization provides throughout the world to many families and communities. It is, however, on display today. Basque and enjoy this good will.
Keep what is happening in Armenia and Artsakh on your minds and hearts. Keep Homenetmen close to your families. Play your part, do what you can, be positive, and give of yourself to others.
Thank you Homenetmen for all you have given. Getze Homenetmene yev ir nshanapane – Partraier / Partrasur – Elevate others as you Elevate yourselves.
I think we are on the right track. Thank you.