ՀՕՄի Քրեսէնթա Հովիտի «Թալին» մասնաճիւղի հովանաւորած Շաբաթօրեայ վարժարանի 2006-2007 ուսումնական տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Յունիս, 2007ի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, «Շամլեան» ազգ. վարժարանի սրահին մէջ: ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանի եւ վարչական անդամուհիներուն կողքին, արդէն ժամանակէն առաջ իրենց տեղերը գրաւած էին վարժարանի աշակերտութեան ծնողները, անոնց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, բարեկամներն ու հօմուհիները ու դպրոցի յանձնախումբի անդամները, հաճելի ու հետաքրքիր բազմութիւն մը ու կանուխէն լեցուցած էին սրահը, որոնք եկած էին իրենց հոգիի աչքերով տեսնելու, թէ քանի հայը կ՚ապրի, կ՚ապրի հա՛յ դպրոցը, հա՛յ գիրը եւ հա՛յ երգն ու պարը։
Հանդէսին բացումը կատարեց վարժարանի տարիներու տնօրէն Գէորգ Պետիկեան, որ նախ իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց բոլոր ուսուցչուհիներուն եւ ծնողներուն, որոնք գործօն մասնակցութիւն ունեցած էին այս տարուան ընթացքին վարժարանի արձանագած յաջողութիւններուն մէջ: Ան մեծապէս գնահատեց նաեւ ծնողներուն՝ Շաբաթօրեայ վարժարանին հանդէպ ունեցած հաւատքն ու անոնց ցուցաբերած յարգանքը եւ մանաւանդ անոնց նիւթաբարոյական քաջալերանքը:
«Տարեփակը առիթ մըն է, որ իբրեւ պատասխանատու ճակատաբաց բացայայտենք անցնող ուսումնական տարեշրջանի մեր բոլոր դժուարութիւններն ու մեր արձանագրած յաջողութիւնները: Այս տարեշրջանին եւս դպրոց եւ տուն միատեղ եւ համագործ ճիգերով կարելի եղաւ հասնիլ մեր նպատակին: Շնորհիւ մեր ուսուցչուհիներուն ջանքերուն, ուսուցիչ-ծնողք սերտ ու հետեւողական կապին ու աշխատանքին, մեր աշակերտները դարձեալ յաջող տարի մը բոլորեցին», ըսաւ տնօրէնը:
Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ յայտարարուած Հայ լեզուի տարուան՝ տնօրէնը ըսաւ, որ պէտք է լաւ ու ճիշդ կերպով սորվիլ ու գործածել հայերէնը, գուրգուրալ մայրենիին, որովհետեւ ան կը հանդիսանայ բոլոր սպառնալիքներուն դէմ դնող հիմնական կռուանը։ Յիշեց նաեւ, որ այս տարուան յայտագրի բոլոր երգերն ու արտասանութիւնները պատրաստուած էին այս հիման վրայ: Տնօրէն Պետիկեան կատարուած աշխատանքի գնահատանքին կողքին կարեւորութեամբ ընդգծեց վարժարանը հովանաւորող ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան եւ բոլոր անդամուհիներուն համագործ ոգին եւ անոնց նուիրուած աշխատանքը ու կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի վարչութեան եւ Շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբի անդամուհիներուն՝ Մարինա Տէր Սարգիսեանին, մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանին, որոնք խոր գիտակցութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով օժանդակած ու փութով հասած էին վարժարանի բոլոր կարիքներուն ու այս ձեւով բարգաւաճ պահած զայն, որովհետեւ հաւատացած են, որ հայապահպանման հիմնական պայքարը հայ դպրոցով կը սկսի:
Բացման խօսքէն ետք վարժարանի բոլոր աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ դասարանային շարքով կարգապահ սրահ մտան եւ բեմ բարձրանալով կատարեցին իրենց վստահուած յայտագիրը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ աշակերտութեան Տէրունական աղօթքի եւ «Մեր հայրենիք» քայլերգի երգեցողութեամբ, ներկաներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, դաշնակի ընկերակցութեամբ վարժարանի երգի ուսուցչուհի Կարինէ Տէր Գէորգեանի:
Ասոր յաջորդեց հայ աշակերտի ուխտն ու տնօրէն Պետիկեանի գրած եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններուն նուիրած «Սիրուն վարժարան» խմբական արտասանութիւնը:
Այնուհետեւ աշակերտները, փոքրերէն մինչեւ մեծահասակները, իրենց դասարաններու կարգով, հետաքրքրական ու գրաւիչ կերպով կատարեցին խմբային թէ առանձին զանազան արտասանութիւններ եւ մանկական եւ ազգայնաշունչ երգեր, որոնց կ’ընկերանային ծնողներուն, մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն ուրախութեան բացականչութիւնները:
Ապա, վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները հրամցուցին «Անխելք մարդը» թատերախաղը: Ներկայացուցած այս կարճ սակայն հաճելի խաղին ընդմէջէն ներկաներուն ուշադրութիւնը գրաւեց աշակերտներուն մօտ բացայայտուած յստակ արտայայտելու կերպերը, անոնց համարձակութիւնն ու յանդգնութիւնը, որոնք աւելի հետաքրքրական դարձուցին թատրոնը եւ կրցան գրաւել ներկաներուն ուշադրութիւնը։
Եզրափակիչ սրտի խօսքը կարդաց Մեղրի Սարգիսեան, որ պարզ բառերու մէջ իր զգացումները արտայայտեց՝ հանդէպ դպրոցին, ուսուցչուհիներուն, տնօրէն Պետիկեանին եւ ծնողներուն:
Իբրեւ մենակատարութիւն, աշակերտներէն ոմանք ջութակի եւ կիթառի վրայ նուագեցին իրենց վստահուած երաժշտական կտորները: Այսպէս, Գայեանէ Մելալեան՝ ջութակ, իսկ քոյր եւ եղբայր Ասպետ եւ Մեղրի Սարգիսեաններ՝ կիթառ, հրամցուցին հայ եւ օտար ստեղծագործութիւններ, առաւել եւս խանդավառելով սրահի մթնոլորտը:
Յայտագրի աւարտին, հայկական տարազներով Սարին Այվազեան եւ Լոռի Սինանեան միասնաբար հրամցուցին գեղեցիկ պար մը, իսկ փոքրիկն Սարին Հաճճար՝ մենապար մը:
Վերջաւորութեան, աշակերտներու ելոյթէն ետք, տնօրէն Պետիկեան բեմ հրաւիրեց ուսուցչական կազմի անդամուհիները՝ Լիզա Պետիկեան, Լուսին Սանոսեան, Մարի Թիւթելեան եւ Մարի Գույումճեան եւ երգի ուսուցչուհի Կարինէ Տէր Գէորգեան, ու առանձնաբար շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ամբողջ տարուան ընթացքին տարած աշխատանքին համար, գործ մը, որուն շնորհիւ երաշխաւորուեցաւ անոնց սրբազան առաքելութիւնը:
Յայտագրի աւարտին ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեան իր պաշտօնական խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը, մեծապէս գնահատեց վարժարանի ուսուցչական կազմին ու յատկապէս տնօրէն Պետիկեանի աշխատանքն ու ճիգերը եւ դիտել տուաւ, որ ուսուցչութիւնը զոհողութիւն եւ նուիրում է նախքան մասնագիտութիւն ըլլալը, միաժամանակ շեշտելով ՀՕՄի սրբազան պարտականութիւններէն մէկուն՝ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան յատուկ տարուած աշխատանքներն ու զոհողութիւնները եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն՝ այս վարժարանը բարգաւաճ դարձնելու ներդրումին, օժանդակութեան եւ վստահութեան համար:
Ամավերջի հանդէսի պաշտօնական բաժնի աւարտին, աշակերտները ստացան իրենց վիճակացոյցերը, իսկ ներկաները հիւրասիրուեցան ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբին կողմէ:
(Թղթակցութիւնը՝ ՀՕՄի «Թալին» Մասնաճիւղի Յանձնախումբին Կողմէն)